Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱԿ մտահոգ՝ Իրաքեան Քիւրտիստանի ծնունդով

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը յայտարարութեամբ իր մտահոգութիւնը յայտնած է Երեքշաբթի օր Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ անկախութեան հանրաքուէին առիթով եւ նշած, որ այդ քայլը կրնայ ապակայունացնել Իրաքը։

ՄԱԿ իր աջակցութիւնը յայտնած է Իրաքի միասնութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան, կողմերուն կոչ ընելով խնդիրը լուծել բանակցութիւններու եւ փոխզիջումներու միջոցով։

Նշենք, թէ Սեպտեմբեր 25ին Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ տեղի ունեցաւ անկախութեան հանրաքուէ եւ շարք մը քաղաքներու մէջ ժողովուրդը սկսաւ տօնել Իրաքէն դուրս գալու յաղթանակը։ Էրպիլի եւ Սուլէյմանիէի մէջ խանդավառութիւնը հասած է իր բարձրակէտին։ Ամէն տեղ Քիւրտիստանի դրօշակներ եւ ինքնավարութեան նախագահ Մասուտ Պարզանիի նկարները ողողած են քաղաքները։

Աւելցնենք, թէ քուէարկելու իրաւունք ունէին աւելի քան հինգ միլիոն քաղաքացիներ, որոնց լայն մեծամասնութիւնը կողմ քուէարկած է։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ