Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Յաւերժաերթ՝ Հայր Անդրանիկ Կռանեանի

Հայր Անդրանիկ Կռանեան պիտի մնայ սրբագոյն մտաւորական-հոգեւորականը, որ կեանք մը ամբողջ հաւատաց հայուն եւ քրիստոնէականութեան, պայքարեցաւ ամէն ձեւով, որպէսզի հայ մարդն ու հայ քրիստոնեան արժանապատիւ կեանք մը ունենան այս աշխարհին վրայ։

Լիբանանահայութիւնը, կաթողիկէ հայ համայնքը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը կորսնցուց իրա՛ւ մտաւորական մը, որուն մարմինը հողին յանձնուեցաւ անցնող շաբաթավերջին։

«Նոր Օր»

 

 

 

Լիարժէք կեանք մը՝ խարսխուած Հաւատքի, Լոյսի ու ճշմարտութեան վրայ:

Առաքելատիպ՝ որքա՛ն  իր մարդկային կերպարով ու կենցաղով, նոյնքան՝ իբրեւ իմացապաշտ հոգեւորական, բազմարդիւն մտաւորական, ստեղծագործական եւ բանասիրական երկերու հեղինակ, կրօնագիտական, խոհա-իմաստասիրական եւ աստուածաբանական, եկեղեցագիտական ու բարոյախօսական բնոյթով ուսումնասիրութիւններու հմուտ գրիչ մը, որ մեզի կը յիշեցնէ մեր  ոսկեդարու մատենագիրները: Իր պարագային, հարկ է յաւելենք նաեւ մեծատառ բազմամեայ խմբագիրը «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին, եւ «Մասիս»  ու «Երիտասարդ Հայ.» թերթերուն:

Եւս առաւել, բեմական խօսքի իւրայատուկ իր ոճով ան որքա՛ն ալ փնտռուած դասախօսն էր մեր կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններէն  ներս, նոյնքա՛ն եւ՝ վաստակաշատ բանախօս մը՝ ազգային-մշակութային հանդիսութիւններու բեմերուն  վրայ: Որքա՛ն հաւասարակշիռ, նոյնքան եւ՝ զուարթախոհ էր ու դաստիարակիչ:

Իսկ իբրեւ հոգեւորական, ՀԱՅ վարդապետ մըն էր ան՝ ԱՐԻ ու ԲԱՐԻ:

ԱՐԻ, իր անսպառ հաւատքով հանդէպ մեր ազգային ինքնութեան եւ արմատներուն, յեղափոխաշու՛նչ՝ իր գաղափարական եւ սկզբունքային մտածողութեամբ:

ԲԱՐԻ վարդապետ մըն էր ան, իր անշէջ հաւատքովը՝ յանուն  քրիստոսաւանդ կեանքի իմաստասիրութեան:  Առաքեալ մը՝ ԼՈՅՍԻ ՈՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ:

Բարեկամներ էինք 1965էն սկսած:

Տարբերութիւննե՞ր մեր մտածումներուն մէջ: Անտարակոյս:

Սակայն, համախոհ ու միասիրտ էինք, երբ կը քննարկէինք ու կը վերլուծէինք Մարդու եւ Հայ Մարդու Հաւատոյ Հանգանակը, գերիվեր ժամանակաւորէն ու հաւատաւոր՝ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ:

Մարդ արարածին ծննդեան աւետումին յաջորդող, անոր կարճատեւ թէ երկարամեայ կեանքը դատապարտուած է իր անխուսափելի վախճանին: Մեզի տրուած է ժամանակաւոր տեւողութիւնը հողեղէն մեր կեանքին: ԼԻԱՐԺԷՔ է այն կենսագործումը, որ կը ձգտի մատչիլ  ՈԳԵՂԷՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ:

Հայր Անդրանիկ Վրդ. Կռանեան իր ամբողջանուէր կեանքով՝ տուաւ ապացոյցը Ոգեղէն արժէքներու կարեւորութեան:

Ահա թէ ինչու, մենք փոխանակ տխրելու իր երկրաւոր կեանքին վախճանով, ներքուստ՝ հպարտ կը զգանք մենք զմեզ, որ եղած ենք ժամանակակիցը, ուղեկիցը, ու կարելի չափով մը՝ նաեւ  գործակից մը իր գրական անդաստանէն ներս:

Յետ այսու, սկիզբ կ՚առնէ հոգելոյս Վարդապետին Յաւերժաերթը մեր հոգեւոր եւ իմացական աշխարհէն ներս:

Յաւերժ լոյս ու երկնային խաղաղութիւն իր հոգիին:

 

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Պէյրութ, Լիբանան 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ