Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ցաւակցական գիրը Մարի Ահարոնեանի մահուան առթիւ

Յարգելի Փայլակ Ահարոնեան եւ զաւակունք

Խոր վշտով լսեցինք ձեր սիրեցեալ կնոջ եւ մօր մահուան տխուր լուրը։

Տիկ. Մարի Ահարոնեան ջերմ հաւատքով լի, իր ընտանիքին նուիրուած եւ անձնազոհ անձ մը եղած է, միշտ անսահման սիրով դէպի իր ամուսինը եւ իր զաւակները։

Հարազատի մը կորուստը անտարակոյս ցաւ կը պատճառէ եւ մենք կը զգանք անոր ֆիզիքական բացակայութիւնը մեր կեանքին մէջ։

Մենք քաջ ծանօթ ենք ձեր ընտանիքին, որպէս նուիրեալ զաւակունք մեր Սբ. եկեղեցւոյ ու ազգի։ Ձեր ծառայութիւնը դարձած է ակնյայտ եւ արժանի գնահատանքի։

Այս տխուր առիթով մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք ձեզի բոլորիդ եւ կ՚աղօթենք, որ Աստուած հանգուցեալ ձեր սիրեցեալ տիկնոջ Մարիի հոգին հանգչեցնէ երկնային խաղաղութեան եւ հանգստութեան մէջ եւ բոլորդ ալ Սուրբ Հոգիով մխիթարէ։

Կեանքը՝ երկնային պարգեւ մըն է Աստուծոյ կողմէ մեզի տրուած, որպէսզի այն ապրինք բարի արարումներով։ Աղօթքի այս պահը, առ Աստուած ուղղուած երախտագիտական խօսք է հանգուցեալ ձեր սիրեցեալ կնոջ եւ մօր ծառայութեամբ հարուստ կեանքին համար։ Աստուած թող օրհնէ իր բարի յիշատակը։

 

Աղօթարար՝

Յովնան Արք.

Առաջնորդ Նահանգաց Արեւմտեան Թեմի

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ