«Աշխարհը որպէս
Մի քնքուշ երազ
Աչքովս տեսայ
Անցայ գնացի»։
Աշուղ Ջիւանի
Երկուշաբթի, 28 Օգոստոս 2017ին, երկար հիւանդութենէ ետք, մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ գաղափարի թանկագին ընկերուհի մը, գորովագութ մայր եւ հայուհի մը, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, ՀԲԸ Միութեան եւ հայ դպրոցին խորապէս հաւատացող՝ Ողբ. Մարի Ահարոնեան, մեծ ցաւ պատճառելով իր կեանքի հաւատարիմ ընկերոջ՝ Ընկ. Փայլակ Ահարոնեանին, զաւակներուն, թոռնիկներուն եւ զինք ճանչցող ծանօթներուն:
Տան կարգը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 2, առաւօտեան ժամը 10։00ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ: Թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան երկրէն դուրս ըլլալով, Նորին Սրբազնութեան ցաւակցական գիրը կարդացուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ տան կարգին նախագահեց՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, իր կողքին ունենալով թեմակալ առաջնորդի փոխանորդ Արժ. Տ. Մանուկ աւագ Քհնյ. Մարգարեանը եւ Մայր Տաճարի հովիւ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեանը:
Տան կարգի հոգեւոր արարողութենէն ետք, խօսք առաւ Վաչէ Սրբազան, որ Ահարոնեան եւ Կանիմեան ընտանիքներուն մօտէն ծանօթ է: Սրբազան Հայրը սրտաշարժ խօսքերով վեր առաւ Ողբ. Մարիին մայրական, ազգային եւ մարդկային արժանիքները: «Մայրերը չեն մեռնիր, անոնք իրենց զաւակներուն, թոռնիկներուն միջոցաւ յաւերժ կ՚ապրին», ըսաւ Սրբազանը:
Ապա, խուռներամ սգակիրները ուղղուեցան Կլենտէյլի Կլենտէյլ պողոտային վրայ գտնուող Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատունը:
Թաղման կարգէն ետք հոգեճաշ տրուեցաւ Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ, ուր խօսք առին Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Գաբրիէլ Մոլոյեան, Սէսիլ Քէշիշեան, Օշին Քէշիշեան, Փանոս Թիթիզեան, Գէորգ Հալէպլեան եւ հանգուցեալին թոռնիկները՝ Ռիթա Ահարոնեան եւ Զօհրապ Կանիմեան: Փակման շնորհակալական խօսք՝ Արա Ահարոնեան:
* * *
Ընկերուհի Մարի Ահարոնեան ծնած է Թրիփոլի, Լիբանան, Թովմաս (յետագային Տէր Ղեւոնդ Քհնյ.) եւ Իսկուհի Յովսէփեաններու ընտանիքին մէջ. ունի մէկ քոյր եւ երկու եղբայր: Յաճախած է Թրիփոլիի Խրիմեան վարժարանը: Պատօնավարած է Թրիփոլիի մէջ որպէս թուաբանութեան եւ ֆրանսերէնի ուսուցչուհի: Եղած է Թրիփոլիի եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի գործօն անդամ, Կիրակնօրեայ վարժարանի վարիչ: Եղած է ՀԲԸ Միութեան Թրիփոլիի մասնաճիւղի փոխ-ատենապետուհի: Կ՚ամուսնանայ Մելգոնեան վարժարանէն շրջանաւարտ եւ Թրիփոլիի Խրիմեան վարժարանի ուսուցիչ ընկեր Փայլակ Ահարոնեանի հետ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Արա-Գարեգին եւ Արփի:
Ամուսինին հետ կը տեղափոխուին Պէյրութ, ուր ընկեր Փայլակ կը պաշտօնավարէ ԹՄՄի վարժարանին մէջ: Պէյրութի մէջ եւս հանգուցեալը մաս կազմած է ԹՄՄի, ՀԲԸ Միութեան Տիկնանց յանձնախումբին, իր նպաստը բերելով այս միութեանց:
1977ին, իր ամուսնոյն եւ աղջկան՝ Արփիին հետ Լոս Անճելըս կը տեղափոխուին, միանալու համար իրենց զաւակին՝ Արային, որ ուսանող էր Լոս Անճելըսի մէջ: Ընկ.հի Մարին Լոս Անճելըսի մէջ եւս իր աշխոյժ ու արդիւնաշատ նպաստը բերաւ մեր շրջանակի կեանքին:
Ան հիմնադիրներէն է ՌԱԿի Գերսամ Ահարոնեան ակումբին եւ եղած է անոր առաջին ատենադպրուհին: Նմանապէս, Կլենտէյլի ԹՄՄի Կլենտէյլ-Փասատինայի մասնաճիւղին Տիկնանց յանձնախումբին ժրաջան, սիրուած եւ բոլոր վարչականներուն յարգանքը վայելող առաջին ատենապետուհին էր:
Խմբագիր Ընկ. Յակոբ Պօղոսեանէն ետք, Ընկ. Փայլակ Ահարոնեան երկու տարի խմբագրեց «Նոր Օր»ը, իր կողքին ունենալով ընկերուհի Մարին, որպէս սրբագրիչ:
Դժբախտաբար, վերջին տարիներուն անհանգստութեան պատճառաւ, դադրած էր ազգային կեանքին իր մասնակցութիւնը բերելէ, այսուհանդերձ մինչեւ իր վերջին շունչը միշտ ալ կը հետաքրքրուէր մեր շրջանակի լուրերով եւ անցուդարձով:
* * *
Կ՚ըսեն, մէկը ճանչնալու համար անհրաժեշտ է, որ անոր հետ մօտէն գործ ունենանք կամ ապրինք: Մենք ընկերուհի Մարին ճանչցանք Ամերիկա հասնելուն առաջին օրէն, իսկ որպէս գաղափարի ընկերուհի եւ շատ մօտիկ ապրող ընտանիքներ, հարազատի պէս էին մեր երկու ընտանիքները:
Մենք բախտը ունեցած ենք Ահարոնեաններու տղուն՝ Արայի եւ Տիանայի հարսանիքին ներկայ ըլլալու, աղջկան՝ Արփիի եւ Շահէին ամուսնութեան եւ իրենց թոռնիկին՝ անուշիկ Ռիթային ալ հարսանիքին ներկայ գտնուելու:
ՀԲԸ Միութեան, ԹՄՄի եւ ՌԱԿի մէջ մենք միշտ ալ Ահարոնեաններու հետ նոյն մարմիններու մէջ գործած ենք:
Ընկերուհի Մարի քահանայի աղջիկ ըլլալով, ամէն Կիրակի Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցի պէտք է որ երթար իր ամուսինին հետ:
ՌԱԿի Գերսամ Ահարոնեան ակումբի մէջ ատենադպրուհիի պաշտօնը կը կատարէր ամենայն բծախնդրութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ: Երբ ընկեր-ընկերուհիի մը տխուր կամ ուրախ բան մը պատահէր, ընկերուհի Մարին անմիջապէս նամակով մը կը մխիթարէր կամ կը շնորհաւորէր զանոնք: Որպէս Գերսամ Ահարոնեան ակումբի ատենապետ, ինծի համար մեծ հաճոյք եւ մտքի հանգստութիւն մըն էր գործել այսպիսի պարտաճանաչ եւ փորձառու ընկերուհիի մը հետ:
ՌԱԿի Գերսամ Ահարոնեան ակումբը ազգային ջերմ եւ հարազատներու շրջանակ մըն էր, ընկերուհի Մարիին շէն ու շէնշող, քաղցր եւ հաճելի ներկայութեան շնորհիւ:
Սովորութիւն ունէր ակումբի իւրաքանչիւր անդամին հեռաձայնել եւ շնորհաւորել անոր անուան օրը, տարեդարձը, ուրախ առիթը, կամ մխիթարական խօսքով մը կը մխիթարէր դժուարութեան ենթարկուած ընկեր-ընկերուհի մը եւ քահանայի զաւակի վայել խօսքեր կ՚ուղղէր անոնց:
Կեանքին միշտ լաւատեսօրէն նայող, միշտ նայուածքներ կը սեւեռէր բաժակին լեցուն կէսին վրայ, եւ ոչ թէ պարապ կէսին վրայ ողբալով:
Որպէս ֆրանսերէնի ուսուցչուհի, միշտ ալ ֆրանսերէն արտայայտութիւններով կը համեմէր խօսակցութիւնը: Բոլորս ալ գիտէինք եւ կ՚ըսէինք՝ «ինչպէս ընկերուհի Մարին կ՚ըսէր. «d’accord», այսինքն համաձայն ենք, կամ՝ «entre nou»՝ խօսքը մեր միջեւ եւայլն:
Ընկերուհի Մարին ամէն բանէ առաջ արդարադատ տիկին մըն էր, նոյնիսկ իր սիրելի ամուսինէն կամ զաւկէն, կամ ոեւէ կուսակցականէ անարդար խօսք մը լսելու, զայն անմիջապէս կը հանդիմանէր. «Ըսածդ ճիշդ չէ, արդար չէ, վայել չէ», ըսելով:
Ընկերուհի Մարի Ահարոնեան իր ամուսինին հանդէպ մեծ համակրանք եւ սէր ունէր, իսկ իր զաւակները, հարսը, փեսան եւ թոռնիկները, իր կեանքը քաղցրացնող ամենաթանկագին էակներն էին աշխարհի վրայ:
Երբ ժողովի մը մէջ հարց մը ծագէր եւ զայն լուծելու դժուարութիւն ունենայինք, ընկերուհի Մարի անմիջապէս կ՚ըսէր. «Լաւ, ես ընկեր Փայլակին կ՚ըսեմ, նայինք ինչ կ՚ըսէ»։ «Մի մոռնաք որ ընկեր Փայլակ տարիներու փորձառութիւն ունեցող ազգային գործիչ մըն է, նման դժուարութիւններէ շատ անցած է», կ՚աւելցնէր ան:
Ընկերուհի Մարի Ահարոնեան, Աստուածապարգեւ իր ողջ կեանքը գոհ եւ ուրախ ապրելով, կրցած էր իր ընտանիքին, զաւակներուն եւ թոռնիկներուն արժանաւոր մայր ըլլալ, մեծ մայր ըլլալ, իսկ ազգային կեանքին մէջ ալ մեծագոյն ուրախութեամբ, իր կարողութիւններուն եւ ձիրքերուն համաձայն, մեծապէս նպաստելով ծառայած շրջանակներուն: Թող Աստուած արժանի ընէ իրեն իր երանաւէտ դրախտին եւ յիշատակն ալ յաւերժ ապրի բոլորիս մտքին եւ յիշողութեան մէջ:
Այս տխուր առիթով, մեր խորազգաց վշտակցութիւնները կը յայտնենք մեր վեթերան ընկերոջ՝ Փայլակ Ահարոնեանին, նոյնքան վաստակաշատ ղեկավար ընկեր Արա Ահարոնեանին եւ անոր յարգելի տիկնոջ՝ Տայանային եւ զաւակներուն, մեր սիրելի Տէր եւ Տիկին Շահէ եւ Արփի Կանիմեաններուն եւ զաւակներուն, մաղթելով բոլորին քաջառողջ, անվիշտ եւ անցաւ օրեր: