Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Նամակներ Երեւանէն. Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համահայկական համաժողովին առթիւ. -Ա- «Համահայկական գաղափարախօսութիւն»

(Մասնակից)

 

Ժողովրդական արածը կ՚ըսէ. «Երախայ մը դաստիարակելու համար ամբողջ գիւղը կը մասնակցի»։ Արդարեւ, վերոյիշեալ վերնագիրը կրող «Ուղեցոյց»ը նման աշխատանքի եւ բազում ժամերու եւ քննարկումներու արդիւնք է, որուն գլխաւոր հեղինակն է ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան եօթը տարիներու ատենապետ, ճարտարագէտ Ընկ. Յակոբ Նազարեան։ «Ուղեցոյց»ի պատրաստութեան մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած են երկարամեայ վարչական Ընկ. Գէորգ Գրիգորեան, ՌԱԿ Ամերիկայի հայ իրաւանց խորհուրդի եւ այժմու Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, տողերուս հեղինակը (որ խմբագրած է բնագիրը), երիտասարդ պատմաբան Գէորգ Նազարեան եւ Միհրան Թումաճան։

            «Ուղեցոյց»ը մինչեւ ներկայի տեսքը ստանալը անցաւ բաւական երկար ճամբայ։ Նախ անիկա յանձնուեցաւ հետաքրքրուողներու ուշադրութեան, ապա շուրջօրեայ յատուկ աշխատանիստ մը նուիրուեցաւ անոր։ Ինչպէս մեր նախորդ անդրադարձումներուն արտայայտուած ենք, ներկայացուող «Ուղեցոյց»ը խտացած առաջին տարբերակն է. կ՚ակնկալուի որ անոր իւրաքանչիւր գլուխին նուիրուին այլ յօդուածներ, գիտական զեկուցումներ եւ ինչու չէ նաեւ ուսումնասիրութիւններ, որովհետեւ ՀԱՍՈՒՆՑԱԾ է պահը, որպէսզի հայութիւնը հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ մտածէ ու գործէ որպէս մէկ ամբողջական հաւաքականութիւն։ «Ուղեցոյց»ը համահարթեցնող գաղափարախօսութիւն մը չէ, այսինքն առանձին կազմակերպութիւններ (քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ այլն) պիտի չկորսնցնեն իրենց առանձնայատկութիւնները, այլ այդ բոլորը մէկ հովանիի տակ համակարգելով ճամբայ պիտի բանան միասնական գաղափարախօսութեան մը որդեգրումին եւ ծրագրելու մեր ներկայի եւ ապագայի գործունէութիւնները։ 

            21րդ դարու համաշխարհայնացման գործընթացներու պայմաններու ներքոյ մեր ժողովուրդը չի կրնար այլեւս հին զէնքերով կռուիլ իր գոյութիւնը պահպանելու համար այս արեւուն տակ։ Մարտահրաւէրները բազմազան են, իսկ կեանքը կը շարունակէ քառասմբակ յառաջանալ։ Հարկաւոր է կեանքի կոչել ընդհանուր ռազմավարութիւն մը մեր ժողովուրդի առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու համար։ Արդէն Ցեղասպանութեան յետ յիսնամեակի տարիներու մէջտեղ եկած համալսարանաւարտ սերունդը սկսած էր այս ուղղութեամբ մտածել ու քայլեր առնել Միջին Արեւելքի մէջ, Ֆրանսայի մէջ, ԱՄՆի եւ ի հարկէ հայրենիքի մէջ։ Այլ ազգերու օրինակները մեր շուրջն էին, ինչպէս ճնշուած ազգերու եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար կոչուած կազմակերպութիւնները՝ Իրանէն մինչեւ Միջին Արեւելք ու Հարաւային Ափրիկէ։ Խմորումները վերածուեցան հսկայական շարժումներու, որոնց ուշի ուշով կը հետեւէր նոր սերունդը՝ յաճախ ինքզինքին հարց տալով. «Ո՞ւր ենք մենք, եւ ի՞նչ կ՚ընենք մենք»։

            Այս հարցումներուն պատասխան մը տալու լուրջ փորձ մըն է «Համահայկական գաղափարախօսութեան» հիմնական բաժինները ամփոփող «Ուղեցոյց»ը, որուն նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցան Երեւանի մէջ՝ օգտուելով 6րդ Համաժողովի առթիւ Երեւանի մէջ հաւաքուած հայրենակիցներու եւ կուսակցական ընկերներու ներկայութենէն։ Ուրախութեամբ պիտի նշենք թէ 6րդ Համաժողովի վերջաւորութեան հրատարակուած «Յայտարարութեան» մէջ տեղ գտաւ այնպիսի պարբերութիւն մը, որ համահունչ է ու հարազատ մեր «Ուղեցոյց»ի հետապնդած նպատակներու հետ։ Ահաւասիկ այդ.

            «Սոյն ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ երաշխաւորում ենք որպէս ուղենիշ ողջ հայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան պետական մարմինների, Հայ եկեղեցու, համահայկական, համայնքային կառոյցների ու կազմակերպութիւնների համար՝ հետամուտ լինելու համահայկական նպատակների իրականացմանը»:

            Երեւանի «Թէքէեան կեդրոն»ին մէջ, 17 Սեպտեմբեր 2017ին, ի ներկայութեան կուսակցական ընկերներու, առաջնորդներու, ինչպէս ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի (Արժանթին) եւ այլ պատասխանատու ու նուիրեալ կուսակցական ղեկավարներու եւ ընկերներու, Հայաստանի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումի եւ հետաքրքրուողներու պատկառելի բազմութեան մը, ներկայացուեցաւ «Ուղեցոյց»ը՝ հանդիսավարութեամբ «Միրաք»ի պատասխանատու երիտասարդ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի։

            Տողերուս հեղինակը ներկայացուց գլխաւոր հեղինակը եւ ամփոփ ուրուագիծը տուաւ ներկայացուող գրքոյկին ծնունդ տուող պատմական անցուդարձերուն։ Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ յառաջադրուող գաղափարախօսութիւնը «սկիզբն է երկանց» եւ հոն արտայայտուած գաղափարները պէտք չէ նոյնացնել միջազգային սիոնիստական եւ նման ցեղապաշտական գաղափարախօսութիւններու հետ։ Այնուհետեւ  հրաւիրուեցաւ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, որ, ինչպէս ըսուեցաւ, գրքոյկի ստեղծման մէջ ունի կարեւոր մասնակցութիւն մը. ան կարեւոր նկատեց երիտասարդութեան դերը պետութեան ստեղծման ու հզօրացման գործընթացին մէջ։ Հուսկ ձայնը տրուեցաւ Ընկ. Յակոբ Նազարեանին, որ դարձեալ ամփոփ կէտերու մէջ power point-ի միջոցով ներկայ հասարակութեան ներկայացուց «Ուղեցոյց»ի գլխաւոր բաժինները, եւ իր պատկերացումները աւելի հզօր Սփիւռք եւ Հայաստան մը ունենալու տեսիլքը։ Ան շեշտեց նաեւ այն միտքը, թէ «Համահայկական…»ին մէջ հրատարակուած կարգ մը քննադատութիւններն ու ակնկալութիւնները միայն բարեմիտ ու կառուցողական նպատակներով տեղ գտած են։ Գրքոյկ-«Ուղեցոյց»ը բաղկացած է հետեւեալ բաժիններէ.

            1.- Կայուն պետականութիւն

            2.- Հայրենիքի պաշտպանութիւն

            3.- Դրացի երկիրներու հետ յարաբերութեանց ամրապնդում

            4.- Հայրենադարձութիւն

            5.- Կրթութիւն

            6.- Ազգային արժէքներու խթանում եւ պահպանում

            7.- Ազգային ինքնութեան սահմանում

            8.- Հայրենիք-Սփիւռք միասնութիւն

 

            Ապրիլ 17ի ձեռնարկին մէջ նկատի առնուած էր նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, զոր «Միրաք»ական պատանիներն ու երիտասարդները ներկայացուցին հասարակութեան՝ արժանանալով խանդավառ ծափողջոյններու։ Պիտի անպայման նշեմ ու դրուատեմ երիտասարդ Ընկերուհի Գոհար Խաչատրեանի արհեստավարժ հաղորդավարութիւնն ու մեկնաբանութիւնները ամբողջ հանդիսութեան ընթացքին։

            «Ուղեցոյց»ին կարեւորութեան անդրադարձաւ նաեւ հայրենի «Նոյեան Տապան» հեռուստակայանը՝ հայրենի հասարակութեան առիթ տալով ունկնդրելու գլխաւոր հեղինակը։ Հեռուստատեսային հարցազրոյցը վարեց կայանի սեփականատէր Տիգրան Յարութիւնեան, որ յատուկ կերպով շեշտեց նման հրատարակութիւններու կարեւորութիւնը, ապա հաղորդման աւարտին հեռուստադիտողներէն շատեր հարցումներ յղեցին Ընկ. Յ. Նազարեանին եւ ներկայացուցին իրենց տպաւորութիւններն ու պատկերացումները։

            «Ուղեցոյց»ին հայերէն եւ անգլերէն օրինակներէն բաժնուեցան պետական այրերու, նախարարութիւններու եւ հայ հասարակութեան։

            «Ուղեցոյց»ը մեկնարկուեցաւ 2013ին, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին ընդառաջ, ՌԱԿ Հայ իրաւանց խորհուրդի ջանքերով, այն համոզմունքով որ «Համահայկական գաղափարախօսութիւնը» օդի եւ ջուրի պէս անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդին։

            Կը հաւատամ թէ յարատեւ աշխատանքով ու համոզիչ միջոցներով «Ուղեցոյց»ը պիտի դառնայ թէ՛ հայրենի եւ թէ՛ սփիւռքի մտահոգ ազգայիններու ու պետական այրերու ուշադրութեան առարկան եւ քար մը եւս պիտի աւելցնէ հայրենաշինութեան գործընթացին վրայ։

 

ԵրեւանԼոս Անճելըս 

Սեպտեմբեր 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ