Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Խօսք՝ արտասանուած Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին Ութ միլիոն հայեր, որ ցրուած ենք աշխարհի չորս կողմերը, ամենամեծ բանակն ենք, որուն կրնայ ապաւինիլ Հայ

ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ
Ատենապետ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան

 

Խօսքս կը սկսիմ հակիրճ ակնարկութեամբ մը Սփիւռքի կազմաւորման, անոր անցեալին, ներկային եւ ապագային շուրջ:

Մեծ-հայրերս եւ մեծ-մայրերս ծնած են Զէյթուն եւ Մարաշ, ծնողքս՝ Յունաստան, իսկ ես՝ Արժանթին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի տարբեր ծննդավայր, ինչպէս նաեւ մեր ստացած ուրոյն դաստիարակութիւնը եւ կազմաւորումը եղած են տարբեր միջավայրերու մէջ եւ տարբեր մշակոյթներու ազդեցութեամբ: Սփիւռքի գաղութներուն մեծ մասը ունի շուրջ հարիւր տարուան գոյութիւն եւ պատմութիւն: Եւ արդէն երրորդ եւ չորրորդ սերունդն է, որ հասակ կ՚առնէ սփիւռքեան տարբեր երկիրներու մէջ:

Այս գաղութները կազմուեցան հալածանքներէ, ջարդերէ եւ պատերազմներէ փրկուած վերապրողներով, որոնք կը փնտռէին խաղաղ եւ ապահով անկիւն մը, ուր կարենային իրենց ընտանիքներուն հետ բնական պայմաններու մէջ ապրիլ եւ իրենց ապագան կերտել:

Ինքզինքս կը նկատեմ հայ սփիւռքի մէկ մասնիկը, որովհետեւ ամբողջ կեանքիս ընթացքին կապ պահած եմ հայկական կազմակերպութիւններու հետ եւ ուսումս ստացած Պուէնոս Այրէսի հայկական կրթական հաստատութիւններուն մէջ: Այսինքն, թէեւ Արժանթին ծնած եմ, սակայն մեր միջավայրին մէջ հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւններն են որոնք մեծ դեր ունեցած են իմ կազմաւորման գործընթացիս մէջ:

Մեզի տրուած ամենօրեայ խրատները եղած են. «սիրալիր եղի՛ր բոլորին հետ», «դուն մի՛ խառնուիր», «ամէն բանի մէջ մի՛ մտներ», «քաղաքական կարծիքներ մի՛ յայտներ, չես գիտեր ապագան ի՛նչ կը բերէ», եւ նման խօսքեր, որոնք մեզ հեռու եւ անտարբեր կը պահէին երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէ. այն երկիրներուն, որոնք ապաստան տուած էին մեր մեծերուն: Բոլոր ջանքերը, ըլլան տնտեսական, ֆիզիքական, կամ հոգեկան կը հետապնդէին մէկ նպատակ. մեր գաղութին կազմակերպումը եւ բարգաւաճումը:

Կառուցուեցան եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ, հաւաքավայրեր, հանդիսասրահներ, կազմուեցան տարբեր բնոյթի միութիւններ, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, ինչպէս նաեւ մեր աւանդական քաղաքական կուսակցութիւնները, որոնց հեռանկարն էր օր մը վերադառնալ եւ գործել անկախ եւ ժողովրդավար Հայաստանի մէջ:

Ինքզինքս քաղաքական գործիչ մը կը նկատեմ, որովհետեւ ոչ միայն քաղաքականութեամբ կը զբաղիմ, այլ համոզուած եւ վստահ եմ, թէ քաղաքականութիւնն է որ կ’աշխատի ամէն օր միջոցներ գտնելու, բարելաւելու համար իր շրջապատը: Մեծ մտահոգութեամբ կը տեսնեմ որ հայկական Սփիւռքը, կազմալուծուած վիճակ մը կը ներկայացնէ այսօր, եւ սպասողական դիրքի մէջ է ապագային հանդէպ: Ազատ եւ անկախ Հայրենիքի երազը, բոլոր անոնց համար, որոնք չէին հաւատար մարքսիսթ-համայնավար վարչաձեւին, ժամանակի հարց էր միայն: Եւ հասաւ այդ օրը. երեսունէն վեր չափահասներս բախտը ունեցանք իրականացած տեսնելու մեր երազը:

1991էն, այսինքն՝ Հայաստանի անկախութեան օրէն ի վեր կայ «առաջ» մը եւ «յետոյ» մը: 26 տարի յետոյ Սփիւռքը տակաւին չէ կրցած այժմէականանալ, վերանորոգուիլ, եւ այս վերջին տարիներու նոր իրականութիւններուն եւ փոփոխութիւններուն հետ քայլ պահել: Կը շարունակենք նախկին եւ միեւնոյն կաղապարուած կառոյցը պահել եւ աւելի ցաւալին՝ միեւնոյն քարացած մտածելակերպով գործել:

***

Իսկ այժմ անդրադառնանք Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին. արդէն անցած է հարիւր տարիէն աւելի եւ ժամանակը հասած է, որպէսզի մենք՝ սփիւռքահայերս անյապաղ կերպով հիմնական փոփոխութիւն մը մտցնենք մեր մտածելակերպին եւ գործելաձեւին մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման առընչութեամբ:

Մեր ծնողներուն ու մեծ-հայրերուն մտասեւեռումն էր իրենց կեանքը փրկել, ապահով եւ խաղաղ անկիւն մը գտնել, գործ մը ճարել, բնակարան մը ունենալ եւ ապագայի ծրագիր մշակել:

Մեր նոր սերունդները բախտաւոր եղան, շնորհիւ իրենց ծնողներուն կատարած զոհողութեան: Եւ այսօր անոնցմէ շատեր յաջող համալսարանաւարտ մասնագէտներ են, շատ լաւ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն ստացած են: Եւ ճիշդ հոս կը ծագի բուն չլուծուած հարցը: Որքան բարձր ուսում ստանայ երիտասարդը, այնքան աւելի կը հեռանայ գաղութային կեանքէն: Սփիւռքի մեծ մարտահրաւէրը պէտք է ըլլայ շրջել այս իրադրութիւնը, որպէսզի հեռացումը օր մը չվերածուի անտարբերութեան: Սփիւռքը առանց Հայաստանի Հանրապետութեան օգնութեան, սոյն գոյամարտէն չի կրնար յաղթական դուրս գալ:

Շուրջ տասը տարի է, որ այն երկիրներուն մէջ, ուր կազմակերպուած հայ գաղութներ գոյութիւն ունին, եւ որոնք ընկերային որոշ դիրքերու հասած են, սոյն երկիրներուն մէջ, թուրք եւ ազերի դիւանագիտական մարմիններ կրկնապատկած են իրենց ճիգերը, չեզոքացնելու համար հայերը, որպէսզի փոխանակ զոհի ենթարկուածները, իրենք ըլլան ջարդարարները:

Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի քաղաքական գետնի վրայ կատարած արմատական այս փոփոխութիւնը, մեզի համար զօրաւոր հարուած մըն է եւ մեզ շատ բարդ կացութեան կը մատնէ, որովհետեւ մենք չենք զինուած պէտք եղած գործիքներով, փարատելու համար թշնամիներուն կողմէ շարունակ ցանուած կասկածները:

Անոնք կը վերսկսին հայերը մեղադրելու իրենց արշաւին եւ Ցեղասպանութեան հարցը կ’երկարաձգուի, թուրքերուն մշտական ուրացումով: Հայերը ընդհանրապէս կը ներկայացնեն, որպէս աւազակներ, խռովարարներ եւ չարագործներ: Եւ հայկական Սփիւռքը ի վիճակի չէ Արցախի բնակիչներուն տարրական իրաւունքները պաշտպանելու: Ի վիճակի չէ կազմակերպուած ձեւով բացատրելու այս մարդոց ինքնորոշման իրաւունքը եւ իրենց սեփական հողերուն օրինաւոր պահանջքը:

Չեմ սիրեր առաջին դէմքով խօսիլ. սակայն այս պարագային անհրաժեշտ կը նկատեմ, որպէսզի կարենանք շօշափելի եւ յստակ առաջարկներ բերել: Քարոզելու լաւագոյն ձեւը օրինակով խօսիլն է:

Ամփոփ կերպով պիտի պատմեմ անձնական փորձառութիւնս: Իբրեւ գործօն անդամ Պուէնոս Այրէսի հայ գաղութին, ամէն տարի մէկ մտասեւեռում ունէի. մեր նպատակն էր, որ օրէնսդիր մարմինը հաստատէր օրէնք մը, որ ճանչնար Հայկական Ցեղասպանութիւնը գործադրուած թուրքերուն կողմէ: Սակայն միշտ կը ձախողէինք: Եւ եթէ ընդունուէր Օրէնսդիր ժողովին կողմէ, Գործադիր իշխանութիւնը 5 դէմ կը քուէարկէր, պատճառաբանելով, որ Թուրքիա ճնշում կը բանեցնէր:

Արժանթինեան քաղաքական կուսակցութեան մը շարքերուն մտայ 1983ին. այն թուականին, երբ Արժանթինի Հանրապետութեան մէջ սկիզբ առաւ ժողովրդավարութիւնը: Կուսակցական դարձայ այն համոզումով, որ գործունէութեամբս կրնայի մասամբ մը վերադարձնել այն ինչ որ Արժանթին առատօրէն տուած էր մեր ծնողներուն: 1989ի ընտրութիւններուն, մաս կազմեցի քաղաքապետական խորհուրդին, կազմուած 24 պատգամաւորներէ, (խորհրդատուական խորհուրդ) որ կը ներկայացնէ Ավեժանետա քաղաքը, այն շրջանը ուր կը գտնուէր մեր բնակարանը, եւ կը հաշուէ շուրջ 400,000 բնակիչ:

Այդ տարիներուն շատ սովորական էր «թուրք» կոչել բոլոր գաղթականները որոնք Արեւելքէն գաղթած էին: Անշուշտ ես ոչ միայն զերծ մնացի այդ անունէն, այլ ընդհակառակը անմիջապէս գիտցուեցաւ, որ իրապէս վիրաւորիչ էր հայ մը թուրք կոչել:

Մեր անձնակազմին մէջ կ’ուզէին գիտնալ պատճառը: Այս ձեւով գիտակցեցան որ հայերս զոհ գացած էինք ջարդին: Ժամանակը անցաւ եւ առիթ ունեցայ զանազան պաշտօններ ստանձնելու Արժանթինի կառավարական քաղաքական կեանքին մէջ:

2005ին ստանձնեցի երեսփոխանի (պատգամաւոր) պաշտօնս Պուէնոս Այրէս նահանգին, որ Արժանթինի ամենակարեւոր նահանգներէն մէկն է, մօտաւորապէս 17,000,000 բնակչութեամբ եւ կը հայթայթէ 35 առ հարիւրը ազգային արտադրութեան (PBI, GNP, Gross National Product)։ Որպէս յարգանքի ցոյց մեր մէկուկէս միլիոն զոհերուն, որոշեցի որ մշակած առաջին օրէնքս ըլլար Ցեղասպանութեան ճանաչումը:

Սկսայ տքնաջան կերպով այդ ծրագրին վրայ աշխատիլ եւ անձնապէս խօսեցայ 94 երեսփոխաններու հետ, որոնք կը կազմեն պատգամաւորներու պատուոյ պալատը: Այդ մասին բանակցեցան եւ 2006 Մայիս ամսուն՝ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Արժանթինի Հանրապետութեան առաջին օրէնքը, որ կը ճանչնար 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը գործադրուած հայերուն դէմ: Տարիներու ընթացքին, երբ դիմում կը ներկայացնէինք, որպէս համայնք, միշտ կը մերժուէինք: Սակայն, երբ մաս կազմեցի երկրի իշխանութեան շրջանակին, որոշում առնող շրջանակին, ամէն ինչ պարզացաւ, եւ այսպէս է որ, մայրաքաղաքի օրէնսդիր մարմինն ալ վաւերացուց, ապա Գորտոպա նահանգը, Չաքօ եւ վերջապէս Ազգային Օրէնքը 2007ին:

Նաեւ կ’ուզեմ որպէս օրինակ, տալ մեր Առաջնորդին՝ Գիսակ Արք. Մուրատեանի ունեցած դերը այս գծով: Ինք միշտ կը մասնակցէր Էքումենիք (Տիեզերական) ժողովներուն: Այս ձեւով բարեկամութիւն հաստատեց օրուան Պուէնոս Այրէսի Առաջնորդ՝ Կարտինալ Պէրկոկլիոյի հետ, որուն պատմեց Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդին կրած տառապանքը: Տարիներ յետոյ՝ Կարտինալը եղաւ Պապ․ Ան քաջաբար յայտարարեց, 100րդ տարելիցին առիթով, թէ աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները կը դատապարտեն 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, գործադրուած հայ ժողվուրդի դէմ, թուրքերուն կողմէ:

Միակ ճշմարտութիւնը իրականութիւնն է: Մինչեւ 1965 աշխարհի բոլոր հայերս կը յիշէինք ահաւոր աղէտը: Յետոյ սկսանք ոգեկոչել, բայց հիմա եկած է պահը, որպէսզի ոգեկոչումին վրայ գումարենք գործող յիշողութիւնը եւ ուղղակի գործի անցնինք աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ ուր կայք հաստատած ենք:

Գործօն մասնակցութիւնը չ’ենթադրեր միայն գաղութէն ներս աշխատիլ, այլ պէտք է հայերս մեր բնակած երկիրներու քաղաքական կեանքին մէջ զգալի ներկայութիւն դառնանք:

Մի քանի օր առաջ Պուէնոս Այրէսի Իրաւաբանական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ երկու օր տեւող դասախօսութիւններու շարք մը, որ տրուեցաւ պատմաբաններու եւ միջազգային իրաւանց մասնագէտներու կողմէ, նուիրուած հայկական ցեղասպանութեան եւ հրեաներու ողջակիզման (holocaust):

Իւրաքանչիւր հեղինակ կամ հետազօտող, ըլլայ ընկերաբան, պատմաբան, տնտեսագէտ, կամ իրաւաբան կը նպաստէ նոր գիտելիքով մը մեր դատին, սակայն պէտք չէ մոռնանք եւ համոզուինք, որ աշխարհը կը դառնայ քաղաքական որոշումներու շուրջ. եւ առանց այդ քաղաքական որոշումներուն, կրնայ 100 տարի եւս անցնիլ եւ մենք տակաւին պիտի շարունակենք այդ իւթօփիք ճամբէն քալել, յուսալով որ աշխարհի բոլոր երկիրները օր մը ճանչնան Ցեղասպանութիւնը: Այս հարցին լուծումը միայն պիտի գայ քաղաքական ճամբով․ Թուրքիա պիտի ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը այն օրը, երբ մեր ապրած երկիրներուն մէջ, մենք ունենանք երեսփոխաններ, պատգամաւորներ, ծերակուտականներ, եւ ինչո՞ւ չէ, նախագահ մը հայկական մականունով:

Երբ աշխարհով մէկ ցրուած 8,000,000 հայերը կորսնցնեն հանրային քաղաքական կեանքին մէջ գործելու վախը եւ ընտրուին իրենց ապրած երկիրներու համաքաղաքացիներու քուէներով: Բայց ասիկա միայն Սփիւռքի հայերուն գործը չէ. 21րդ դարու այս հանգրուանին, Հայաստանի հանրապետութիւնը իր դեսպանատուներուն միջոցաւ, կամ ուղղակի կերպով պէտք է ընկերանայ եւ նեցուկ կանգնի այն հայերուն, որոնք կը հետաքրքրուին կամ կը գործեն իրենց բնակած երկիրներու քաղաքական կեանքին մէջ: Այս օգնութիւնն է որ կը սպասենք հայերս, անոնք որոնք կ’աշխատին մեր երկիրներու քաղաքական կուսակցութիւններուն մէջ: Այլեւս անցան այն ժամանակները, երբ Սփիւռքը կը բաւարարուէր միայն մշակութային, մարզական կամ գիտական մարզերու մէջ արձանագրած իր յաջողութիւններով: Այլեւս անհրաժեշտ է եւ հիմնական կարեւորութիւն ունի Հայաստանի ապահովութեան եւ բարգաւաճման համար, միասնաբար գործել այն հայերուն հետ, որոնք Սփիւռքի մեր աւանդական կուսակցութիւններու ծոցէն ելած են. միաժամանակ զանոնք քաջալերել որպէսզի իրենց ապրած երկիրներու քաղաքական կառոյցներու մաս կազմեն:

Այս համոզումով, այն կուսակցութիւնը որ կը ներկայացնեմ իբր ատենապետ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որոշած է չմասնակցիլ Հայաստանի կուսակցական ներքին կեանքին մէջ, այլ մնալ գործօն դիտող, որպէս պաշտպան Հայաստանի Հանրապետութեան բնակիչներու իրաւունքներուն: Պաշտպան մեր ազգայիններուն անհատական ազատութիւններուն, եւ անշուշտ միշտ պահպանել ժողովրդավարութիւնը:

8,000,000 հայեր, որոնք ցրուած ենք աշխարհի չորս կողմերը, ամենամեծ բանակն ենք, որուն կրնայ ապաւինիլ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէսզի կարենանք միանգամ ընդմիշտ յաւիտենական հանգիստ պարգեւել մեր նահատակներուն եւ պահանջել այն ինչ որ մեզի կը պատկանի:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ