Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Պոլսահայ երգչուհի՝ Սիպիլի Համերգը Լոս Անճըլըսի մէջ

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Հայ Կրթական Մշակութային Միութիւնը եւ Պոլսահայ Միութիւնը համագործակցութեամբ կը յայտարարեն, որ Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2017, ժամը 5:30ին, Լոս Անճելըսի Wilshire Ebell (4401 W 8th street, Los Angeles) համերգասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ  պոլսահայ յայտնի երգչուհի՝ Սիպիլի երգահանդէսը , ընկերակցութեամբ հայրենի հանրածանօթ եւ սիրուած երգիչ՝ Անտրէի: Համերգին պիտի մասնակցին նաեւ տաղանդաւոր թաւջութակահար՝ Արտիոմ Մանուկեանը իր երաժիշտներուն հետ,  Համազգայինի Լիլիա Մարգարեանի պարախումբը, Ռոզ եւ Ալէքս Փիլիպոս վարժարանի միջնակարգի երգչախումբը:

Սիպիլ Բեքթորոսօղլու Իսթանպուլի բնակիչ է, իր երաժշտական ասպարէզը սկսած է 1991ին երգելով Ֆէրիգիւղի «Վարդանանց» երգչախումբէն: 2010 թուականին լոյս տեսած է իր առաջին խտասալիկը, որ քննադատներու կողմէ բարձր գնահատուած է. յատուկ ուշադրութեան արժանացած է Յովհաննէս Շիրազի խօսքերով «Նամակ» երգը Մաժակ Թօշիկեանի (փոփ երաժշտութիւն յօրինող) հեղինակութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ «Կիլիկիա»ն, «Օրօր» ը եւայլն: Սիպիլի տեսահոլովակները հայկական առաջին երգերն են, որոնք սփռուած են թրքական հեռուստակայաններէն: Նոյնպէս շատ սիրուած է իր երկրորդ խտասալիկը՝ «Սէր» խորագրով:  Ան աշխատած է համաշխարհային ճանաչում ունեցող երաժիշտներու եւ երգիչներու հետ, ինչպէս՝ Անթոնիօ Փիրօլլի, Սեզեն Աքսու, Օրհան Սալիէլ, Սերա Թոքայ եւ Յասմիկ Պապեան: 2005ին Ֆէրիգիւղի հայկական դպրոցին համար կազմակերպուած բարեգործական դրամահաւաքին, որուն նշանաբանն էր՝ «Ձեռք-ձեռքի տուած՝ սիրո՛վ», Սիպիլ իր մասնակցութիւնը բերած է մեներգներով: 2012ին Սիպիլը արժանացած է  «Կախարդական ձայն» մրցանակին Armenian Music Awardsի հանդիսութեան ընթացքին:  Ան նաեւ իր երգերով ելոյթ ունեցած է Համահայկական խաղերու (Pan Armenian Games) բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն, ուր ժողովրդային մեծ ընդունելութեան արժանացած է «Տեսնեմ Անին» երգը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանը զինք պարգեւատրած է «Երախտագիտութեան մրցանակ»ով:

30 Սեպտեմբեր 2017ին Սիպիլ հրաւիրուեցաւ երգելու Հայ Կանանց միջազգային Կազմակերպութեան (AIWA) ձեռնարկին:

Անտրէ հայկական ժամանակակից եւ ժողովրդային երգարուեստի լաւագոյն արուեստագէտ երգիչներէն է, բազմիցս ստացած է «Լաւագոյն երգիչ» տիտղոսներ ու մրցանակներ 2004էն 2015 տարիներու ընթացքին: Երգելու սկսած է երեք տարեկանէն, ապա յաճախած՝ երաժշտական ուսումնարաններ: Ինը տարեկանին գրած է իր առաջին երգը՝ «Աղօթքը»: Ուսանողական տարիներուն այլազան մրցոյթներու մասնակցած է, ապա՝ երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած: Բազմաթիւ համերգներով ելոյթ ունեցած է Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ այլ երկիրներու մէջ եւ իր հիանալի կատարումներով գրաւած է հայ հանդիսատեսին սիրտն ու հոգին: Տարիներ շարունակ եղած է երգարուեստի հետ կապուած զանազան հաղորդումներու դատական կազմի անդամ:

Համազգայինի եւ Պոլսահայ միութեան համայն ընտանիքը կը հրաւիրէ Լոս Անճելըսի արուեստասէր հայորդիները վայելելու հանրածանօթ երգչուհի Սիպիլի քաղցր ձայնը եւ երգիչ Անտրէի բացառիկ կատարումը:

Սիպիլ եւ Անտրէ Լոս Անճելըսի մէջ:

Սիպիլ եւ Անտրէ՝ 22 Հոկտեմբեր 2017:

Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնել հետեւեալ թիւերուն.

Համազգային՝ (818) 585-3207, (818) 216-9935

OIA` (818) 486-6676, (213) 379- 6317

Եւ դիմել՝ www.itsMySeat.com

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ