Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Լաս Վեկասի անմարդկային ոճիրը խլեց 59 հոգիի կեանքը

Աշխարհն ամբողջ ցաւակցական եւ բողոքի գիրերով դատապարտեց 64ամեայ Սթիվըն Փետոքի արարքը, որ Լաս Վեկասի 32րդ յարկի հիւրանոցի սենեակէն կրակի տակ առաւ հազարաւոր երաժշտասէրներ, որոնք այդ պահուն ներկայ կը գտնուէին երաժշտական փառատօնի մը։ Աւելի քան 500 վիրաւորներ եւ 59 զոհեր ինկան Հոկտեմբեր 1ի գիշերը, ահ ու սարսափի մատնելով համերգին ներկայ աւելի քան 20 հազար հոգին եւ ամբողջ Վեկասը։

Ինքնաձիգ զէնք գործածելով, որուն իւրաքանչիւր կրակահերթը 50-100 փամփուշտ կ՚արձակէ, Փետոք տասը անգամ նման հարուած կատարած է, որմէ ետք անձնասպան եղած։ Ոստիկանները հիւրանոցի անոր սենեակին մէջէն գտած են տասէ աւելի զէնքեր եւ հրացաններ։

Հայ համայնքը նոյնպէս միացած է սուգին, որ կը տիրէ Լաս Վեկասի մէջ։

Նշենք, թէ Հայաստանի նախագահը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ցաւակցական հեռագիրներ յղած են ԱՄՆի նախագահին, յայտնելով իրենց վշտակցութիւնը։

Այս դէպքը ԱՄՆի նորագոյն պատմութեան մէջ ամէնէն դաժանն է եւ բարձրն է զոհերու թիւով։ Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգները ունին տարբեր օրէնքներ զէնք գնելու վերաբերեալ։ Անգամ մը եւս այս հարցը այսօր սեղանի վրայ է, թէ ինչո՞ւ քաղաքացի մը այսքան զէնքեր պահելու իրաւունքը պիտի ունենայ։

– Երեքշաբթի օր պարզ դարձաւ, որ ոճրագործը ոճիրէն օրեր առաջ հարիւր հազար տոլարի փոխանակում մը կատարած է արտասահման, իսկ հիւրանոցի իր սենեակին մէջ եւ միջանցքը տեղադրած էր նկարահանման մեքենաներ ստուգելով իր շուրջ, երբ կը պատրաստուէր բարբարոսութեան։ Իսկ ընկերուհին, որ երկրէն դուրս կը գտնուէր դէպքին օրը, ամերիկեան իշխանութիւնները զինք հարցուփորձելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ բերին Չորեքշաբթի օր։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ