Հինգշաբթի, Մայիս 2, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Հայկական հեռակառավարուող թանկ

 

«Արմքոփթերս» ընկերութեան մասնագէտները ռոպոթ թանկ ստեղծած են, որ ներկայացուցած են «ՏիճիԹեք էքսփօ-2017» 13րդ ամենամեայ ցուցահանդէսին։

Ընկերութեան ղեկավար Արմէն Սաֆարեանի խօսքերով, թանկը ռազմական նշանակութեան համար պատրաստուած է։ Կարելի է մէջը տեղադրել նկարահանման գործիքներ եւ զէնք։ Մինչեւ երեք մղոն կարելի է հեռակառավարել եւ օգտագործել զայն հետախուզական, պաշտպանական եւ յարձակողական նպատակներով։

 

Նոր զոհ Արցախի մէջ

Սեպտեմբեր 28ին Արցախի մէջ զոհուած է Սէյրան Սարգսեանը, որ Տաւուշի մարզի Թեղուտ համայնքէն էր։ Բանակ զօրակոչուած էր անցնող ձմեռ։ Ան ընտանիքին կրտսեր զաւակն էր, իսկ իր եղբայրը տարի մը առաջ ինքնաշարժի արկածի զոհ դարձած էր։

Սէյրան հակառակորդին արձակած կրակոցէն մահացու վիրաւորուած էր գլուխէն։

 

100ը անց 85 հոգի կ՚ապրի Հայաստանի մէջ

Նորագոյն տուեալներու համաձայն, Հայաստանի մէջ ներկայիս կ՚ապրին 100 տարին լրացած 85 հոգի։ Ներկայիս, ամենաերկարակեացը 115 տարեկան է, որ կ՚ապրի Գեղարքունիքի մարզի Երանոս գիւղին մէջ։ Հետաքրքրական է, որ տարեցներուն մեծ մասը կ՚ապրի Գեղարքունիքի եւ Տաւուշի մէջ։ Անոնց մէջ կիները աւելի մեծ թիւ կը կազմեն, որոնք միջին հաշուով վեց տարի աւելի կ՚ապրին տղամարդոցմէ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ