Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ջաւախքի մէջ բախում

Վրաստանի Ջաւախքի շրջանի հայաբնակ Գումպուրտօ գիւղին մէջ լարուած վիճակ է։ Բնակիչները փորձած են եկեղեցւոյ բակին մէջ խաչքար տեղադրել, սակայն ոստիկանները թոյլ չեն տուած։ Բախումներու հետեւանքով տուժած են քանի մը գիւղացիներ եւ ոստիկաններ։ Ժամանած է ներքին գործոց նախարար Գէորգի Մկեպրիշվիլի։

Ծանօթ հասարակական գործիչ Վահագն Չախալեան կոչով դիմած է երկու կողմերուն, որպէսզի հաւասարակշռուած գործողութիւններով անմիջապէս անդորր հաստատուի Ջաւախքի մէջ։ Երբ հայեր ուզած են վերաթաղել նախնիներու աճիւնները անոնց վրայ ալ խաչքար մը տեղադրելու համար, անհիմն պատճառներով վրացական իշխանութիւնները արգելք եղած են, որուն պատճառով ալ բախում տեղի ունեցած է ժողովուրդին եւ ոստիկաններուն միջեւ։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ