Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

ՌՈՒՍԻԱ. Նախագահ Փութին Տաղստանի ղեկավար Ռամազան Ապտուլաթիփովը ազատելով իր պաշտօնէն,  փոխարէնը ղեկավարի պաշտօնակատար նշանակած է Վլատիմիր Վասիլեւը, որ առաջին ռուսն է  որպէս Տաղստանի ղեկավար։

ԻՐԱՔ. 83 տարեկան հասակին մահացած է Իրաքի նախկին նախագահ, Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան նախկին ղեկավար, քիւրտ յայտնի գործիչ Ճալալ Թալապանին։ Ան մահացած է Գերմանիոյ մէջ։ Իրաքի նախագահի պաշտօնը զբաղցուցած էր 2005-2014 թուականներուն։

 

ՎՐԱՍՏԱՆ. Նախկին նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին, որ նաեւ Ուքրանիոյ Օտեսայի շրջանի նախկին նահանգապետն էր, քաղաքական ապաստան խնդրած է Ուքրանիայէն։ Յուլիս 26ին զինք զրկած էին Ուքրանիոյ քաղաքացիութենէ, այն պատճառով, որ սխալ տուեալներ նշած էր հարցաթերթիկի մը մէջ։

ԱՄՆ. Փուէրթօ Ռիքոյի Մարիա փոթորիկին զոհերուն թիւը բարձրացած է 34ի։ Կղզիին բնակչութեան թէեւ օգնութիւն կը հասնի, սակայն վիճակը սոսկալի է։ Հազիւ ժողովուրդին տասը տոկոսը ապահովուած է ելեկտրականութեամբ։ Իսկ նախագահ Թրամփի այցելութիւնը տուաւ ամենատարբեր արձագանգներ։

 

ԹՈՒՐՔԻԱ. Նախագահ Էրտողան Կիրակի օր յայտարարած է, որ իր երկիրը ոչ մէկ բան կը կորսնցնէ, եթէ չդառնայ Եւրոմիութեան անդամ, այդպիսով հասկցնելով, թէ Եւրոմիութիւնն է որ Թուրքիոյ կարիքը ունի եւ ոչ թէ հակառակը։ Իսկ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքեր յայտարարած է, որ Թուրքիան հսկայական քայլերով կը հեռանայ Եւրոպայէն։

ԹՈՒՐՔԻԱ. Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն մեղադրած է Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավար Մեսութ Պարզանին, անկախութեան հանրաքուէով քիւրտերու ապագան վտանգելու մէջ։ Իսկ Ռուսիոյ նախագահ Փութին Անքարա այցելելով, նախագահ Էրտողանի հետ կարեւոր հանդիպում մը ունեցած է գլխաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի  տարածքային ամբողջականութեան մասին։

ՉԻՆԱՍՏԱՆ. ԱՄՆի պետական քարտուղար Ռեքս Թիլերսըն Սեպտեմբեր 30ին պաշտօնական այցով կը գտնուէր Չինաստան քննարկելով շրջանային եւ միջազգային հարցեր։ Փեքին եւ Ուաշինկթըն իրենց միջեւ եղած տարակարծութիւննները պէտք է լուծեն երկխօսութեան միջոցով, յայտարարած է նախագահ Սի Ցինփին։

Չեխիան զէնք չէ ծախած Ատրպէյճանին

Չեխ Հանրապետութեան խորհրդարանի սենաթի նախագահ Միլան Շթեխը Չորեքշաբթի օր Հայաստանի խորհրդարանին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին յայտարարեց, թէ Չեխիան Ատրպէյճանին զէնք չէ վաճառած։ Ան վստահեցուց, թէ չեխական զէնքերը, որոնք հասած են Ատրպէյճան չեն ծախուած Չեխիոյ իշխանութիւններուն եւ կառավարութեան կողմէ։ Իսկ անդրադառնալով Արցախի խնդիրին, ան համոզում յայտնեց, թէ Մինսքի խումբի անդամ երեք մեծ պետութիւնները պէտք է գտնեն խաղաղ եւ ապահով լուծում։

Հոկտեմբեր 2ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ խորհրդակցութիւններ։

Մանրամասն քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ յետագայ զարգացման առնչուող հարցեր։

Նոյն օրը տեղի ունեցած է նաեւ Չեխիոյ պատուիրակութեան առանձին հանդիպումը արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի հետ։

Նշենք, թէ չեխական արտահանման դրամատունը մտադիր է գումար տրամադրել Հայաստանի Մեծամօրի Աթոմային ելեկտրակայանը արդիականացնելու համար, որ պիտի իրականացնէ չեխական «Շքոտա ՃՍ» ընկերութիւնը։ Ընկերութիւնը մէկ միլիոն տոլար պիտի ներդնէ Հայաստանի մէջ։

————————————————————————————-

 

Քաթալոնիա. Եւրոյանձնաժողովը հեռու կը մնայ միջամտելէ

 

Եւրոպական յանձնաժողովը պատրաստ չէ միջնորդի դեր կատարել Քաթալոնիոյ անջատողականներուն եւ Սպանիոյ կառավարութեան միջեւ։ Անոնք կը յուսան, որ երկու կողմերը կը նստին բանակցութեան  սեղան եւ կը լուծեն իրենց հարցերը։

Եւրոպական խորհրդարանի Հոկտեմբեր 4ի նիստին տեղի ունեցած է քննարկում Քաթալոնիոյ իրավիճակին մասին։

Հոկտեմբեր 3ին, քաթալոնցիները 17 հատուածներէ փակած էին Պարսելոնա տանող ճամբաները, բողոքի ցոյց կատարելով եւ գործադուլ յայտարարելով Կիրակի օրուան անկախութեան հանրաքուէին ընթացքին ոստիկաններուն դրսեւորած բռնութիւններուն համար։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ