Մարիլու Տէնլի, որ աւստրալական հպատակութեամբ ֆիլիփինցի ընկերուհին էր մարդասպան Սթեֆըն Փատոքի, Չորեքշաբթի օր հարցաքննուեցաւ FBI-ին կողմէ, նախորդ գիշեր հասնելով Լոս Անճելըս:
Մարիլուի փաստաբանին խօսքերով, ան անտեղեակ էր ամէն բանէ եւ Փատոք զինք ղրկել տուած էր Ֆիլիփին, ընտանիքին քով, ինչպէս նաեւ փոխանցած էր հարիւր հազար տոլար, որպէսզի տուն մը գնէ հոն: Կ’ենթադրուի, որ այդ քայլին դիմած էր ան, որպէսզի ծրագրէր ոճիրը: