Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին առաջին այցելութիւնը Մեքսիքոյի հայ համայնքին

Արեւմտեան թեմի տարեգրութեան մէջ նոր էջ մը բացուեցաւ 2014 թուականի Նոյեմբերին: 21 Նոյեմբեր 2014 թուակիր Կոնդակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մեքսիքոն պաշտօնապէս յայտարարեց «Եկեղեցական թեմ»՝ զայն կապելով Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդութեան:

            Մինչ այս տարի՝ 2017ին, Արեւմտեան Թեմի պաշտօնական հաստատման 90ամեակին առիթով (1927), Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ Արեմտեան թեմ (Հոկտեմբեր 25 – Նոյեմբեր 3ի օրերուն), պիտի գտնուի մասնակցելու 90ամեակի տօնական բնոյթ ունեցող որոշ ձեռնարկներուն եւ ըլլալու հայ համայնքին հետ, Հայրապետի ժամանակացոյցին մէջ ներառնուած է նաեւ Հովուապետական միօրեայ այցելութիւն մը դէպի Մեքսիքօ՝ հանդիպելու համար Մեքսիքոյի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Մեքսիքոյի եկեղեցական եւ պետական բարձր ներկայացուցիչներուն հետ: Վեհափառին այս առաջին այցելութիւնը ունի պաշտօնական բնոյթ:

Այս առիթով, մինչ պատրաստութիւնները կը զարգանային, անակնկալ տեղի ունեցաւ՝ Մեքսիքոյի ահաւոր երկրաշարժը, ցնցնելով Մեքսիքոյի ժողովուրդին կեանքը:

Մեքսիքոյի այս դժուար օրերուն՝ միօրեայ իր ացելութեան առիթով, Վեհափառ Հայրապետը պիտի հանդիպի Մեքսիքոյի քաղաքապետին՝ Migual Angel Mancera-յի հետ, Մեքսիքօ քաղաքի Կարտինալին եւ Պապական Նուիրակին հետ: Վեհափառը պիտի մասնակցի նաեւ Քոյր Եկեղեցիներու Էքումենիկ աղօթքի արարողութեան, որուն հիւրընկալն է Մեքսիքոյի Կաթողիկէ Առաջնորդութիւնը: Աղօթքներ պիտի կատարուին յատկապէս Մեքսիքոյի ժողովուրդին համար, որ այս օրերուս, կը գտնուի խոր ցաւի եւ կորուստի մէջ:

            Ամենայն Հայոց Հայրապետի մը պաշտօնական առաջին այցելութիւնն է Մեքսիքոյի հայ համայնքին, որ խանդավառ պատրաստութիւններ կը տեսնէ ընդունելու Ամենայն Հայոց Հայրապետ՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը:

Եկեղեցական, համայնքային եւ ազգային մեծ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունեցող այցելութիւն մը պէտք է նկատել այս մէկը. այցելութիւն մը, որ պիտի նպաստէ  մեր ժողովուրդի խաղաղութեան, օրհնելու եւ քաջալերելու հոն կայք հաստատած հայութիւնը, որ զաւակն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:

            Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այս հովուական այցելութեամբ, վստահաբար նոր էջ մը պիտի բացուի Մեքսիքոյի հայ հաւատացեալ ժողովուրդին համար:

 

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Պրպէնք, 2 Հոկտեմբեր 2017

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ