Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրաքի քիւրտերը եւ անկախ Քիւրտիստանի երազը

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 Իրաքի Քիւրտիստանը երկրի հիւսիսային մասն է, որ կ՚ընդգրկէ Արպիլ, Սուլէյմանիէ եւ Տհոք քաղաքները՝ ըստ Իրաքի պետութեան, սակայն քիւրտերը Քերքուքը եւ այլ վիճելի տարածքներ եւս անոր սահմաններուն մէջ կ՚առնեն։ Մեծն Քիւրտիստանի միւս մասերը կը գտնուին Թուրքիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ մէջ: Քիւրտերուն ընդհանուր թիւը 30 միլիոնէն աւելի կը նկատուի, բայց անոնք երբեք անկախ պետութիւն չեն ունեցած: Քրտերէնը մէկէ աւելի բարբառներ ունի. քիւրտերուն մեծամասնութիւնը սիւննի իսլամ է. կան ալաուի քիւրտեր Թուրքիոյ մէջ եւ ֆէյլի-շիի քիւրտեր՝ Իրաքի մէջ. նաեւ կան քրիստոնեայ, հրեայ, պահայի եւ քաաքայի քիւրտեր. եզիտիներն ալ ազգութեամբ քիւրտ են (կրօնքով տարբեր – Ն.Օ.): Քիւրտերը Իրաքի 38 միլիոն բնակչութեան 15-20 առ հարիւրը կը ներկայացնեն:

1919 թուականին եւ անկէ ետք, շէյխ Մահմուտ էլ-Հաֆիտ ապստամբութիւններ կազմակերպեց Սուլէյմանիէի մէջ, սակայն անգլիացիները վերջ դրին անոր ապստամբութիւններուն: 1930ական թուականներուն, մուլլա Մուսթաֆա էլ-Պարզանի ապստամբեցաւ կառավարութեան դէմ եւ աքսորուեցաւ, բայց 1942ին փախուստ տուաւ Պարսկաստան, ուր 1945ին պարսկահպատակ քիւրտ ղեկավար Քատի Մուհամետի հետ, Պարսկաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ՝ սովետներու աջակցութեամբ հիմնեց քրտական «Մահապատ Հանրապետութիւնը», որ սակայն երկար կեանք մը չունեցաւ։ Քատի Մուհամետ կախաղան բարձրացուեցաւ, իսկ Պարզանի ապաստանեցաւ Ռուսաստան, ուր 1946ին հիմնեց Քրտական դեմոկրատ կուսակցութիւնը:

1958ին, Իրաքի թագաւորութեան տապալումէն ետք, զօրավար Ապտուլ Քերիմ Քասեմ ներում շնորհեց Պարզանիին, եւ վերջինս Իրաք վերադարձաւ. սակայն այդ «մեղրալուսինը» շատ երկար չտեւեց… Իրաքի կառավարութիւնը մերժեց Պարզանիի ինքնավարութեան ծրագիրը, ուստի, 1961ին, ան զինուած պայքար հռչակեց պետութեան դէմ:

 1963ին, «Պաաս» կուսակցութեան յեղաշրջումը հաշտութեան նոր յոյսեր ներշնչեց, սակայն արաբ ազգայնամոլ նախագահ Ապտուլսալամ Արիֆը, որ «Պաաս»ը դուրս մղեց եւ Իրաքի ղեկավարութիւնը ստանձնեց, համաձայնութեան մը չկրցաւ յանգիլ քիւրտերուն հետ, եւ քիւրտերուն պայքարը շարունակուեցաւ։ Ապտուլսալամէն ետք իր եղբայրը՝ Ապտուլռահման Արիֆ եւս հաշտութեան փորձեր ըրաւ, բայց՝ ի զուր:

1969ին, «Պաաս» կուսակցութեան 2րդ յեղաշրջումէն ետք, նոր կառավարութիւնը քիւրտերուն առաջարկեց դադրեցնել զինեալ պայքարը եւ անոնց տալ ինքնավար մարզի կարգավիճակ։ Այդպիսով, 11 Մարտ 1970ին կնքուած համաձայնութեան շնորհիւ՝ Իրաքի քիւրտերը ինքնավար մարզ ունեցան։

Սոյն համաձայնութիւնը ունէր 3 տարուան պայմանաժամ, որմէ ետք անիկա պիտի վերաքննուէր։ Քերքուք դուրս մնացած էր այդ դաշինքէն, եւ պարզ էր, որ երկու կողմերն ալ խաղաղութեան շրջանի մը կարիքը ունէին՝ իրենց դիրքերը ամրապնդելու համար։ 1974ին այդ համաձայնութիւնը խախտեցաւ. արդարեւ, Քերքուքի պատկանելութեան եւ այլ անլոյծ մնացած լուրջ հարցեր կային. Ուստի, զինեալ պայքարը կրկին ծագեցաւ։ Այդ ժամանակ քիւրտերու շարքերուն մէջ եւս անհամաձայնութիւն եղաւ, ինչ որ պառակտումի առաջնորդեց, եւ յայտնի քաղաքական գործիչ Ճալալ Թալապանին հիմնեց Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութիւնը:

1975ին, Ալճերիոյ մէջ, Իրաքի նախկին նախագահ Սատտամ Հիւսէյն Պարսկաստանի շահին հետ համաձայնութիւն մը ստորագրեց՝ Շաթ Էլ-Արապ կոչուած սահմանագետին վերաբերեալ, ուր Thalweg գիծը, որ գետը երկու մասի կը բաժնէր, իբրեւ սահման ընդունուեցաւ։ Իբրեւ արդիւնք, Սատտամ Շաթ Էլ-Արապի կէսը շահին զիջեցաւ, իսկ անոր դիմաց՝ շահը դադրեցուց իր աջակցութիւնը քիւրտերուն, որոնց պայքարը ժամանակաւորապէս վերջ գտաւ. սակայն 1978ին, Խումէյնիի օրով, քիւրտերը վերսկսան իրենց գործողութիւններուն: Այդ ժամանակ, Իրաքի թշնամիները կ՚աջակցէին քիւրտերուն:

1980ին, Իրաք-Իրան պատերազմի ընթացքին, քիւրտերը Իրանին նեցուկ կանգնեցան. բան մը, որ Իրաքի կառավարութեան շատ մեծ զայրոյթ պատճառեց եւ իբրեւ հետեւանք՝ իրականացաւ «Անֆալ» գործողութիւնը, երբ հարիւր հազարաւոր քիւրտեր տեղահան եղան, իսկ Հալապչէ գիւղաքաղաքը քիմիական զէնքի ենթարկուեցաւ:

1990 թուականէն ետք, քիւրտերը ամերիկեան եւ դաշնակից ուժերու պաշտպանութիւնը վայելեցին, սակայն շրջանը զարգացնելու փոխարէն՝ երկու մասի բաժնուեցան. Արպիլը՝ Մասուտ Պարզանիի ղեկավարութեամբ, իսկ Սուլէյմանիէն՝ Ճալալ Թալապանիի. եւ այսպէս, 1994ին ծագեցաւ խռովութիւն մը, որուն իբրեւ հետեւանք քիւրտերը չորս տարի իրարու դէմ կռուեցան՝ եղբայրասպանութիւն կատարելով:

2003ին, ամերիկեան ուժերը Իրաք ներխուժեցին, Սատտամը տապալեցին եւ երկիրը գարաւեցին, ապա նշանակեցին իշխող խորհուրդ մը, որ ամերիկացիներուն կողմէ թելադրուած սահմանադրութիւն մը որդեգրեց: Երկիրը ունեցաւ նոր կառավարութիւն մը, ուր քիւրտերը իրենց նախարարներուն եւ խորհրդարանի անդամներուն կողքին՝ երկրի նախագահի պաշտօնն ալ ստանձնեցին. աւելի՛ն, 2005ին Իրաքի Քիւրտիստանը ինքնավար մարզ յայտարարուեցաւ՝ իր մէջ ընդգրկելով Արպիլը, Սուլէյմանիէն եւ Տհոքը. իրողութիւն մը, որ արդէն իսկ ձեռք բերուած էր, սակայն այս անգամ յստակ կերպով օրինականացաւ։ Նոյն ժամանակ որոշուեցաւ, որ վիճելի տարածքներուն մէջ՝ Քերքուք, Խանաքին, Տիալա, Մուսուլի դաշտային մաս եւ Սինճար, վիճակագրութիւն մը տեղի պիտի ունենայ, հաստատելու համար այդ շրջաններուն պատկանելութիւնը՝ Պաղտատի կառավարութեա՞ն, թէ Քրտական ինքնավար մարզին։ Այս քայլը սակայն միշտ յետաձգուեցաւ… քիւրտերը աշխատեցան իրենց թիւը բարձրացնել Քերքուքի մէջ՝ Քիւրտիստանի նորածինները հո՛ն արձանագրելով. արդարեւ, տարիներ առաջ Սատտամ Հիւսէյն նո՛յնը ըրած էր, երբ տարբեր քաղաքներէ արաբներ բնակեցուցած էր Քերքուք, տեղի արաբ բնակչութեան թիւը բարձրացնելու համար:

Ներկայիս, Քիւրտիստանի ամբողջ տարածքին, քիւրտերու կողքին կ՚ապրին նաեւ թիւրքմէններ, արաբներ, եզիտիներ, շապաքներ եւ քրիստոնեաներ, որոնց մէկ մասը հայեր են: Ինքնավար մարզի նախագահը Մասուտ Պարզանին է, որուն նախագահութեան երկրորդ շրջանը վաղուց աւարտած է արդէն։ «Փեշմերկէ»ն ներկայիս Քիւրտիստանի օրինաւոր բանակն է։ Քիւրտիստանը Իրաքի եկամուտէն կը ստանայ 17 տոկոս, նոյնպէս նաեւ՝ Փեշմերկէի ամսականները. բացի ասկէ, Քիւրտիստան եկամուտ կ՚ապահովէ իր վաճառած քարիւղէն եւ ստացած տուրքերէն:

Թուրքիա երկար տարիներէ ի վեր սերտ յարաբերութիւններ ունէր Քիւրտիստանի հետ. Պարզանին Էրտողանի ամենամօտ եւ հաւատարիմ դաշնակիցն էր շրջանին մէջ. Թուրքիա միլիառներով առեւտուր կ՚իրականացնէր քիւրտերուն հետ եւ ի՛նքն էր, որ քաջալերեց Պարզանին անջատողական քայլեր առնելու ու Քիւրտիստանի քարիւղը, հակառակ Իրաքի պետութեան կամքին՝ անօրինական ճամբով վաճառելու։ Թուրքիա հզօր Քիւրտիստան մը կ՚ուզէր Պաղտատի դէմ, սակայն՝ ի՛ր խնամքին տակ… Բայց այդպէս չեղա՛ւ։ Ներկայիս, Թուրքիա մտավախութիւն ունի, որ իր սահմանին վրայ անկախ Քիւրտիստան մը կրնայ խթանել իր քիւրտերը նո՛յնը ընելու։

Միացեալ Նահանգներ Իրաքի քիւրտերէն պահանջեց անկախութեան հանրաքուէն յետաձգել, այլ ոչ թէ՝ ջնջել, եւ թուրքերը կը կասկածին, թէ Ամերիկան Սուրիոյ եւ Իրաքի քիւրտերուն համար կը պատրաստէ ծրագիր մը, որուն կայծերը իրենց քիւրտերուն պիտի հասնին։ Ռուսերուն դիրքը եւս յստակ չէ. անոնք կը բաւարարուին խրատելով։ Իսկ թիւրքմէնները ոտնակոխ պիտի ըլլան Իրաքի մէջ: Կասկած կայ նաեւ, որ մէկէ աւելի արաբական երկիրներ համամիտ են քիւրտերու անկախութեան, այն յոյսով, որ ատիկա պիտի ազդէ Թուրքիոյ քիւրտերուն վրայ. այս երկիրները, բնականաբար, Թուրքիոյ քայքայումը կը ցանկան:

Քիւրտիստան ամէն օր 555,000 տակառ քարիւղ կ՚արտածէ Թուրքիոյ ճամբով, եւ եթէ Թուրքիա փակէ այդ ճամբան, ապա Քիւրտիստան անտարակոյս պիտի սնանկանայ, սակայն, միաժամանակ թուրքե՛րն ալ մեծ վնասներ պիտի կրեն: Արդարեւ, ռուսական հսկայ Rosneft ընկերութիւնը վերջերս ստորագրեց բազմամիլիառ տոլարնոց պայմանագիր մը, որուն համաձայն՝ Քիւրտիստանի քարիւղը եւ կազը պիտի անցնին Թուրքիոյ ճամբով, եւ անշուշտ, այս բոլորի ծիրին մէջ, Թուրքիա եւս իր տնտեսական շահերը պէտք է ապահովէ:

Գալով Իրանին, ապա ան եւս դէմ է Քիւրտիստանի անջատման. չ՞է որ ինք Իրաքի շիի կառավարութեան հովանաւորն է… Թէեւ քիւրտերը իր երկրին վտանգ չեն ներկայացներ, սակայն վախը ա՛յն է, որ Իսրայէլ կարենայ հոն թափանցել եւ մօտէն ազդել իր վրայ. հետեւաբար, անկախ Քիւրտիստան մը արգելք պիտի ըլլայ դէպի Իրաք եւ Սուրիա Իրանի հարթած ճամբուն վրայ։ Միաժամանակ, սակայն, անկախ Քիւրտիստան մը ապահով ապաստան կրնայ ըլլայ Իրանի անջատողական քիւրտերուն համար, որոնք կրնան հոն տեղափոխուիլ, եւ այդպիսով՝ Իրան անոնցմէ կ՚ազատի:

Իսրայէլ միակ երկիրն է, որ յայտնած է իր դրական դիրքը եւ նեցուկ կանգնած է քիւրտերուն: Ըստ քիւրտ վեթերան քաղաքագէտ եւ բժիշկ Մահմուտ Օսմանի, ինք եւ Մուսթաֆա Պարզանին, 1968ին եւ 1973ին միասին այցելած են Իսրայէլ եւ զէնք ստացած են անկէ. ան կ՚աւելցնէ, որ Մասուտ Պարզանին գոնէ երեք անգամ այցելած է Իսրայէլ, իսկ անոր որդին՝ Մասրուրը, տեւականօրէն կ՚այցելէ Իսրայէլ։ Արդարեւ, Իսրայէլ յաճախ օգնած է քիւրտերուն՝ ամէն ձեւով. անոնց միջեւ սերտ բարեկամութիւն կայ՝ յայտնի պատճառներով:

Քիւրտերը անտարակոյս ունին իրենց տուեալները, եւ յենուելով ու վստահելով արտաքին ուժերու խոստումներուն՝ դիմեցին այս քայլին, թէեւ ուրիշներ այս քայլը քիւրտերուն կողմէ ինքնասպանութիւն կը համարեն: Քիւրտիստան կը յուսայ, որ Իրանն ու Թուրքիան, որոնք իր ամենամեծ սպառնալի սահմանակիցներն են, պիտի հետապնդեն իրենց տնտեսական ու այլ շահերը եւ վերջապէս պիտի ընդունին նոր կացութիւնը ու քուլիսներու ետին հարցը լուծեն գերտէրութիւններու հետ:

Ուստի, Իրաք ամենամեծ վնաս կրողը պիտի ըլլայ՝ բոլո՛ր պարագաներուն։ Եթէ քիւրտերը այս քայլը սառեցնեն կամ նոյնիսկ չեղեալ համարեն, ինչ որ անհաւանական է, ապա անոր դիմաց տակաւին ինչե՜ր պիտի պահանջեն, իսկ եթէ շարունակեն իրենց ճանապարհը դէպի անկախութիւն՝ նախ թիրախ պիտի դառնան տնտեսական շրջափակումի, ապա նաեւ՝ ռազմական գործողութիւններու։

Թէ թուրքերն ու պարսիկները որքանո՛վ լուրջ են իրենց սպառնալիք-յայտարարութիւններուն մէջ՝ այդ պիտի իմանանք ապագային։ Իսկ Իրաքի փտած կառավարութիւնը, որ ո՛չ ներսէն, ո՛չ ալ դուրսէն ամուր է ու կը գտնուի օտար երկիրներու ազդեցութեան տակ, կարող չէ՛ շատ բան որոշելու կամ գործելու… Վերջնական որոշումը՝ ուրիշներո՛ւնը պիտի ըլլայ:

 Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ