Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաշխարհ

Ո՞վ պիտի դառնայ Հայաստանի յաջորդ վարչապետը…

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանի խօսքերով, մինչեւ Ապրիլ 2018 յստակ կ՚ըլլայ, թէ ո՞վ պիտի դառնայ Հայաստանի յաջորդ վարչապետը՝ յաւելեալ լիազօրութիւններով։ «Մենք չենք ուշացնի, մինչեւ Ապրիլ դուք դրա մասին տեղեակ կը լինէք», ըսած է ան ճեպազրոյցի մը ընթացքին, շարունակելով, որ մինչեւ Ապրիլ Սերժ Սարգսեան երկրին նախագահն է։ Երբ ժամանակը գայ, ինք կը խօսի այդ մասին։

 

Հայ-ռուսական բարեկամութիւն եւ համագործակցութիւն

Երկուշաբթի օր նախագահ Սարգսեան ընդունած է Հայաստանի հետ բարեկամութեան եւ համագործակցութեան ռուսաստանեան ընկերակցութեան նախագահ Վիքթոր Քրիվոփուսքովը։ Վերջինս խօսած է յառաջիկային Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի մշակութային օրեր կազմակերպելու աշխատանքներուն մասին 2016-2018 թուականներուն, մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ եւ անկէ դուրս։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստանի պետական մարմինները պատրաստ են օժանդակելու անհրաժեշտ ամէն ձեւով։

 

ՀՀ վարչապետը Իրանի մէջ

Երկուշաբթի օր վարչապետ Կարապետեան մեկնած է Իրան, ուր մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ ան հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Հասան Ռոհանիին, փոխնախագահ Էսհաղ Ջահանգիրիին եւ Մեճլիսի նախագահ Ալի Լարիճանիին հետ։

 

Ս. Սարգսեան մասնակցած է Սպարապետի օրուան միջոցառումներուն

Խնձորեսկի մէջ, Սիւնիք, առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցող Մխիթար Սպարապետի օրուան միջոցառումներուն Հոկտեմբեր 7ին մասնակցած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ան ծաղիկներ զետեղած է Մխիթարի գերեզմանին, իսկ երեկոյեան ներկայ գտնուած է  օրուան խորհուրդին նուիրուած համերգին։ Սարգսեան այցելած է նաեւ Գորիսի մէջ գտնուող Ակսել Բակունցի տուն-թանգարան։

 

Վանաձորի օրուան տօնական միջոցառումներ

ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան Շաբաթ օր մասնակցած է «Բարեկամութեան երթ» տօնական միջոցառումներուն Հայաստանի երրորդ քաղաք Վանաձորի մէջ։ Նոյն օրը ան ներկայ գտնուած է Լոռիի մարզին մէջ կառուցուող իրանեան գործարաններու հիմնարկէքի արարողութեան։ «Ռատ Սանէ Վաշամիր կրուփ» ընկերութիւնը շուրջ 130 միլիոն տոլարի ներդրում պիտի կատարէ, աշխատանք ապահովելով շուրջ երկու հազար հոգիի։ Գործարանը քիմիական արտադրութեամբ կը զբաղի։

 

30 միլիոն տոլարի ներդրում Ջերմուկի մէջ

ՀՀ քաղաքաշինութեան պետական կոմիտէի նախագահ Նարեկ Սարգսեանը, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ օրերս կը գտնուէր Ջերմուկ։ Յաջորդ երեք տարիներուն ընթացքին, յատուկ ներդրումներու շնորհիւ առողջարանային քաղաքին կեդրոնը պիտի կատարուին քաղաքաշինական մեծ աշխատանքներ, ըսած է Նարեկ Սարգսեան։ Ան վստահ է, որ ներդրումներուն ծաւալը պիտի գերազանցէ 30 միլիոն տոլարը, որուն շնորհիւ պիտի ունենանք «զբօսաշրջային ակտիվ կենտրոն»։

 

Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում

Հոկտեմբեր 7ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպած է Արցախի իր պաշտօնակից Մասիս Մայիլեանի հետ, շնորհաւորելով անոր նոր պաշտօնը։ Երկու արտաքին գործոց նախարարները կարեւոր նկատած են պարբերաբար հանդիպիլ։ Անոնք միտքեր փոխանակած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն հետ հանդիպումներուն մասին։

 

Ֆրանսա նոր դեսպան ունի Երեւանի մէջ

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը անցեալ Ուրբաթ օր։ Վերջինս վստահեցուցած է, որ հայ-ֆրանսական բացառիկ յարաբերութիւնները աւելի  պիտի ընդլայնին եւ խորանան։ Յաջորդ տարի Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանքոֆոն պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովը։

 

Արենի գինիի 9րդ փառատօն

 

Արենի գինիի փառատօնը սկսած է արդարացնել կազմակերպիչներուն սպասելիքները։ Արդէն 9րդ տարին է, անընդմէջ, տեղի կ՚ունենայ այս փառատօնը։ Եթէ առաջին տարին քանի մը հարիւր այցելու կ՚ունենար, ներկայիս զբօսաշրջիկներուն թիւը մօտ 30 հազար է։ Այս տարի փառատօնին կը մասնակցի 21 գինեգործ։ Լաւ կազմակերպուած է, նկատի առնուած են բոլոր մանրուքները։ Իսկ փառատօնին ընթացքին միշտ ներկայ է երգն ու պարը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ