Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց Արցախ

Կիրակի, Հոկտեմբեր 8ին Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը։ Յարութիւնեան նշած է, որ Հայաստանէն բացի, միայն Միացեալ Նահանգներն է, որ ամէն տարի նիւթական ուղիղ աջակցութիւն ցոյց կու տայ Արցախին։ Ան շեշտած է կարեւորութիւնը 1990ականներէն սկսեալ ամերիկեան կառավարութեան փոխանցուող օժանդակութիւնը Արցախին, իսկ 2014ի Քալիֆորնիոյ Սենաթի մէկ բանաձեւը կը խօսի Արցախի անկախութեան եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին մասին։

Ամերիկացի հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնած են ջերմ ընդունելութեան համար եւ արձանագրած, որ նախորդ այցելութիւններուն հետ համեմատած,  տեսած են զարգացման շօշափելի յառաջընթաց։ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ