Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Սիրելի ընկերուհիներ եւ ընկերներ

«ՌԱԿ Մամուլ»ի յարգելի բարեկամներ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼի նպատակը իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն եղած է եւ է ազգային մեր յոյզերն ու յոյսերը տարածել աշխարհի չորս ծագերուն՝ հրապարակելով հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորականներու յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ ու յայտարարութիւններ: 

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ իրեն վստահուած առաքելութիւնը կատարած է սիրով, լրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ՝ արժանանալով մօտիկին ու հեռուին գնահատանքին:  ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ միշտ ալ փորձած ինքզինք վեր պահելով ներ-կուսակցական ցեխարձակումներէ:

Վերջերս, սակայն, ցաւով իմացանք, ապա ստուգեցինք, որ մեր սիրելի կուսակցութեան անունը եւ խորհրդանշանները իւրացնող կողմին պատկանող մարդիկ վատոգի նոր գործողութեան մը եւս ձեռնարկած են իւրացնել փորձելով ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼը, որուն գոյութեան, գոյատեւումին, աշխատանքներուն ու վերելքին ոչ միայն մասնակցած կամ նպաստած չեն, այլ ամէն առիթով անիրաւաբար ու անխնայ հարուածած են զայն ու անոր ետին կանգնողները:

Մենք բնականաբար անցած ենք արդէն հակադարձի, վերականգնելու այն ինչ, որ կը փորձուի ամենավատ կերպով իւրացուիլ: Ինչպէս նաեւ կ՚աշխատինք օրինական ճամբաներով պատիժի արժանացնելու այս հանրայայտ ու բացայայտ ոճիրին  պատասխանատուները:

Մենք պիտի չլռենք եղածին համար անշուշտ եւ ամէն գնով պիտի հետապնդենք եղածին պատասխանատուները. մինչ այդ կը մնայ մեր ազնիւ ընթերցողներուն ձգել պիտակաւորումը այն անձերուն, որոնք ուրիշին իրաւունքը, նիւթական զոհողութիւններն ու տարիներու ազգօգուտ տքնաջան աշխատանքը կը փորձեն իւրացնել…:

Կեցցէ՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը։

Կեցցէ՛ ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼը։

Յարգանքներով՝

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼի Տնօրէնութիւն

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ