Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Լիբանանի մէջ

Հոկտեմբերի առաջին շաբթուան ընթացքին Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութ կը գտնուէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան  Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան, Արժանթինէն, որուն ընթացքին ան պաշտօնական հանդիպումներ ունեցած է պետական թէ ազգային վերին կառոյցներու ղեկավարութիւններու հետ, ընկերակցութեամբ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանի, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ Ընկ. Սեւակ Յակոբեանի։

 

Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աուն ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը

 

Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2017ին Պաապտայի Նախագահական ապարանքին մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Զօր. Միշէլ Աուն ընդունած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը,  ընկերակցութեամբ ՌԱԿի պատուիրակութեան։

Խօսակցութիւնը կեդրոնացած է երկուստէք հետաքրքրող հարցերու շուրջ, որոնք վերաբերած են լիբանանահայութեան եւ Արժանթինի լիբանանեան գաղութին: Հանդիպումը առիթ եղած է միասնաբար քննարկելու Լիբանանն ու տարածաշրջանը յուզող հարցեր:

Աւարտին Ընկ. Նահապետեան շնորհակալութին յայտնելով զինք հրաւիրած է Արժանթին։

 

Այցելութիւն Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիին

 

 

Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2017ին Այն Էլ Թինիի իր նստավայրին մէջ Լիբանանի Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի ընդունած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը, ընկերակցութեամբ ընկերներ Գասարճեանի, Տոքթ. Տաքեսեանի եւ Յակոբեանի։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է միասնաբար քննարկելու Լիբանանն ու տարածաշրջանը յուզող հարցեր: Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան դրուատիքով արտայատուած է Պըրրիի արժանիքներուն մասին, յիշելով, որ ան ի պաշտօնէ դժուարին առաքելութիւն մը կը կատարէ նախագահելով համայնքային դրութեամբ խորհրդարանի մը:

Խօսակցութեանց ընթացքին զուգահեռներ գծուած են հայկական եւ լիբանանեան սփիւռքներու, ինչպէս նաեւ Արժանթինի եւ Լիբանանի օրէնսգիտութեանց միջեւ: 

Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը մեծ գովեստով խօսած է լիբանանահայութեան, Լիբանանի հանդէպ անոնց տածած հաւատարմութեան եւ ցուցաբերած մեծ նպաստին մասին:

 

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը

 

Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբերին, Վարչապետարանին մէջ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը, ընկերակցութեամբ ՌԱԿի պատուիրակութեան։

Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան գնահատած է վարչապետին պետական մարդու արժանիքները, նշելով, որ ան ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ Լիբանանը հեռու պահելու շրջանին սպառնացող խնդիրներէն, միեւնոյն ժամանակ հսկելով անոր ապահովութեան ու տնտեսական զարգացումին վրայ:

Ընկ. Նահապետեան երախտագիտութեամբ արտայայտուած է նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի հայասէր ու մարդասէր արժանիքներուն մասին եւ ուրախութեամբ կարեւորած, որ անոր ձգած այս աւանդը կը շարունակուի իր զաւակին կողմէ:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի իր կարգին բարի գալուստ եւ Լիբանանի մէջ բարի կեցութիւն մաղթելով ընկեր Նահապետեանին, խօսած է հայ ժողովուրդի հաւատարմութեան եւ Լիբանանի հանդէպ ունեցած անսակարկ սիրոյն մասին:

 

 

Հանդիպում՝ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին հետ

 

Հոկտեմբեր 6ին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան իրեն ընկերակցող ՌԱԿի պատուիրակութեան հետ, այցելութիւն մը տուած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր ընդունուած է ՀՀ Լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան: Ընկ. Նահապետեան դեսպանին հետ արծարծած է Արժանթինի հայագաղութին այսօրը, ինչպէս նաեւ անոնք քննարկած են հայրենիքն ու սփիւռքը յուզող հարցեր։

 

Այց՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին  

 

 

Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբերի առաւօտեան, Պիքֆայայի վանքի իր նստավայրի գրասենեակին մէջ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը ընդունած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը ՌԱԿի պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ։

Խօսակցութիւնը կեդրոնացած է հայրենիքն ու սփիւռքը յուզող հարցերու վրայ, մանաւանդ 6րդ համաժողովի անմիջական ազդեցութեան տակ։ Տեսակէտներն եւ մտահոգութիւննները եղած են նման: Արամ Ա. կարեւորած է աւանդական կուսակցութիւններուն դերը պատմութեան ընթացքին, շեշտը դնելով միասնական եւ միակամ գործելաձեւի կարեւորութեան վրայ, միասնաբար դիմակալելու հայ ժողովուրդին սպառնացող մարտահրաւէրները: Ընկ. Նահապետեան իր կարգին բարձր գնահատած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերն ու առաքելութիւնը: Ակնարկելով անցեալին վերաբերող տխուր եղելութիւններուն, ան շեշտած է, թէ կեանքը սառած պատկեր մը չէ, այլ՝ շարժանկար եւ անառողջ գտած է հին պատկերին մէջ սառած մնալու եւ անցեալը ապրիլ յամառող տակաւին գոյութիւն ունեցող մտայնութիւնը:

Անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համագումարին, որ վերջերս տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:

Աւարտին Արամ Ա. Վեհափառը յաջողութիւն մաղթած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետին ու անոր գլխաւորած վարչութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան դիմակալած դժուարին օրերու ընթացքին դէպի ապահով ափեր նաւարկելու աշխատանքին մէջ, կարեւորելով անոր պատմական դերն ու ազգային ու գաղափարական տեսլականը դէպի ապագայ:

 

Այլ հանդիպումներ

Լիբանանի մէջ իր այցելութիւններուն եւ հանդիպումներուն ծիրէն ներս Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հանդիպած են նաեւ ՍԴՀԿ-ի ղեկավարութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ՝ Պրն. Մարտիկ Պօղոսեանին, ՄԱՀԱԵՄի նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանին եւ շարք մը այլ ազգայիններու հետ։

 

Հանդիպում կուսակցական ընկերներու հետ

Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2017ին, Պէյրութի Թէքէեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի հանդիպումը ռամկավար-ազատական շարքային ընկերներու հետ։

Հանդիպումին ներկայ գտնուած են ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան եւ վարչութեան անդամներ, ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ՝ Ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ Ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ մեծ թիւով վեթերան թէ երիտասարդ ընկերներ:

Ընկ. Նահապետեան անդրադարձած է Կուսակցութեան ներկան յուզող հարցերու, լաւատեսօրէն դիտելով ապագան: Ան կոչ ուղղած է հոգ տանիլ երիտասարդութեան, որոնք ապագան են ինչպէս մեր կուսակցութեան, ադպէս ալ՝  հայ ժողովուրդին: Աւարտին տեղի ունեցած է հարց-պատասխան, որոնց սիրով պատասխանած է ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ