Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճամբորդական տպաւորութիւններ Ճափոնէն

Սեպտեմբեր ամսուան մէջ բարեբախտութիւնը ունեցայ ճամբորդելու Ճափոն, բարեկամիս՝ Արա Կէպէշեանի հետ։ Թէեւ մեր ճամբորդութեան տեւողութիւնը միայն մէկ շաբաթ էր, սակայն մենք առիթը ունեցանք այցելելու հինգ քաղաքներ եւ վայելելու Ճափոնի բնական գեղեցկութիւնն ու վերահաս դառնալու անոր ժողովուրդին կենցաղին եւ յատկապէս ճափոնցիին նկարագրին։

Հայկական ասացուածքը կ՚ըսէ.

«Աշխատանք, կամք ու կորով

Երեք ձիրքեր են որով,

Մարդ՝ երկնի վրայ թէ երկրի

Անպայման կը յաջողի»։

Իսկ՝ ճափոնցիին նկարագիրը բնորոշելով, ես պիտի ըսեմ.

«Կարգապահութիւն, մաքրութիւն եւ յարքանք

Երեք առաքինութիւններ են որով,

Ճափոնցին կ՚ապրի եւ կը հմայէ

Այցելուները՝ իր երկրի»։

Ճափոնի մէջ՝ առհասարակ, աղբի թիթեղներ չկան եւ սակայն փողոցները շատ մաքուր են, որովհետեւ մարդիկ վարժուած են իրենց թափելիք իրերը պահել իրենց գրպաններուն մէջ, մինչեւ որ տուն գան եւ աղբանոցը նետեն զանոնք։ Սա վերոյիշեալ մաքրութեան յատկանիշն է։

Գալով կարգապահութեան՝ հանրակառք, թանգարան կամ հանրային որեւէ զբօսավայր մտնելու համար, մարդիկ մէկ շարքի վրայ կարգի կը կենան եւ համբերութեամբ կը սպասեն, որ իրենց հերթը գայ եւ մուտք գործեն հոն։

Ինչ կը վերաբերի յարգանքին, ամէն անգամ որ մեր ինքնաշարժը մօտենար պանդոկին՝ սպասեակները կը վազէին եւ դուռը կը բանային ու գլխի թեթեւ հակումով մը մեզ կը բարեւէին։ Գլխի այդ հակումները կը շարունակուին միւս սպասեակներուն կողմէ, մինչեւ որ հասնիս վերելակին դուռը։ Հաճելի, սակայն ձանձրացուցիչ սովորութիւն մը՝ մեզի համար…

Հիմա գանք Ճափոնի քաղաքական իրավիճակին։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք քարուքանդ եղած Ճափոնը՝ այսօր իր յառաջդիմութեամբ եւ բարգաւաճութեամբ կը մրցի Ամերիկայի, Գերմանիոյ եւ Չինաստանի հետ։

Ճափոնի բնակչութիւնը կը հաշուէ 130 միլիոն, որուն 13 միլիոնը` այսինքն տասը տոկոսը, կը բնակի մայրաքաղաք Թոքիոյի եւ անոր արուարձաններուն մէջ։

Մեր ճամբորդութեան ընթացքին՝ զիս ամէնէն շատ տպաւորեց Ֆուճի լեռը, որուն ստորոտը կը գտնուի Քաուակուչի լիճը։ Երբ լիճի ափի մեր պանդոկէն կը նայէի այդ լեռան՝ կարծես մտքիս հեռապատկերին վրայ կ՚ուրուագծուէր Մասիս սարն ու անոր ստորոտը տարածուող Արարատեան դաշտը…

Լեռան բարձրութիւնն է 3,776 մեթր ու հրաբխային այդ լեռը վերջին անգամ պոռթկում ունեցած է 1707 թուականին։ Մենք բարձրացանք լեռ մագլցողներու մինչեւ հինգերորդ կայանը, որ կը գտնուի ծովու մակերեսէն 7,550 ոտք բարձրութեան վրայ, մօտէն ըմբոշխնելու ճափոնցիին համար սրբադասուած այդ վեհաշուք լեռը։

Վերադառնալով լիճի ափի մեր պանդոկը, պէտք է ըսել որ խաղաղ եւ հանգիստ գիշեր մը անցուցինք, որովհետեւ այդ քաղաքը կոչուած է ըլլալու զբօսավայր մը միայն՝ հեռու սովորական քաղաքի մը ժխորէն եւ ինքնաշարժներու աղմկարար երթեւեկէն։

Ինծի համար սակայն շատ աւելի հետաքրքրական էր պանդոկի հանքային տաք ջուրի աւազանը, որուն մէջ մտնելու համար պէտք էր յատուկ արարողութեան մը հետեւէինք։ Նախ մերկ վիճակով սովորական բաղնիք կ՚առնես, յետոյ միայն կրնաս հանքային տաք ջուրի աւազանը մտնել, որմէ ետք պէտք է դարձեալ սովորական բաղնիք առնել եւ այսպէս շարունակաբար։ Իսկ հանքային ջուրին աւազանին մէջ՝ կրնաս առաւելագոյն 3-4 վայրկեան մնալ, այլապէս մորթդ կը վնասուի…

Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ հանքային տաք ջուրի աւազանները երկսեռ չեն, այլ՝ տղամարդոց զատ եւ կիներու զատ աւազաններ կան՝ թէ բացօթեայ եւ թէ ալ գոց սենեակներու մէջ։ Ինծի համար հաճելի եւ օգտակար նորութիւն մըն էր այս եզակի երեւոյթը։

Մեր խումբին, որուն մաս կը կազմէին 26 անդամներ Ամերիկայի զանազան քաղաքներէն, կեցութեան յաջորդ կայանն էր Քիոթօ քաղաքը, որ աւելի քան հազար տարի եղած է Ճափոնի մայրաքաղաքը։ Հոս գտնուած միջոցիս, միօրեայ այցելութեամբ մը գացինք Օսաքա եւ Նարա քաղաքները։ Օսաքա Ճափոնի երկրորդ բազմամարդ քաղաքն է որ իր աղմկարար՝ սակայն ծայր աստիճան խանդավառ ժողովուրդով, շատ կը տարբերի Ճափոնի մարդաշատ միւս քաղաքներէն։

Քիոթոյէն Թոքիոյ մեր ճամբորդութիւնը կատարեցինք արագընթաց հանրակառքով (bullet train): Իւրաքանչիւր ճեպընթաց ունի 16 կառք եւ կ՚ընթանայ 185 մղոն արագութեամբ։ Ճեպընթացի գործածութիւնը սկսած է 1964 թուականին՝ միջազգային ողիմպիական խաղերու ընթացքին, Թոքիոն կապելով Օսաքային։ Իսկ հիմա գործածութեան դրուած է 165 ճեպընթաց՝ որոնց եօթը գիծերը իրարու կը կապեն Ճափոնի զանազան քաղաքները։

Հետաքրքրական է գիտալ, որ մեր Ճափոն գտնուած միջոցին, վարչապետ Ապէ Հնդկաստան գացած էր ճեպընթացներու դրութիւնը պարզելու անոնց, միեւնոյն ժամանակ վաճառելու առաքելութեամբ։ Կրնա՞ք երեւակայել, եթէ հսկայ Հնդկաստանը համամիտ գտնուի, որքա՜ն շահաբեր գործառնութիւն մը պիտի ըլլայ այս մէկը Ճափոնի համար…

Որպէս կրօնք, Ճափոնի մէջ գոյութիւն ունի պուտտայականութիւնն ու Միքատոյի պաշտամունքը (Shinto-ism)։ Ճափոնցիներուն 80 տոկոսը կը հետեւի Միքատոյին, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ նախահայրերու եւ հերոսներու պաշտամունքը։ Իսկ պուտտայականութիւնը ներածուած է Չինաստանէն, վեցերորդ դարուն։

Թոքիօ կեցութեան մեր վերջին օրը, առիթը ունեցանք այցելելու քաղաքի տեսարժան վայրերը, ներառեալ ազատութեան արձանը։ Այդ արձանը նուիրուած է Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ, սակայն Նիւ Եորքի արձանին բարձրութեան մէկ եօթներորդն է միայն։ Իսկ երիտասարդներ անոր շրջափակը կ՚օգտագործեն՝ ըստ մեր շրջապտոյտի անգլիախօս առաջնորդին, սիրահար որոնելու առաքելութեամբ։ Մէկ խօսքով, Թոքիոյի lovers’ lane-ն է ան…։

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ