Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Երեւան Շնորհանդէս Անուշ Նագգաշեանի «Այդ սերմը ես էի» հատորին

Սեպտեմբեր 22ին Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան մէջ,  ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան և Հայաստանի Գրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է երուսաղէմահայ բանաստեղծուհի, արձակագիր, հրապարակախօս Անուշ Նագգաշեանի «Այդ սերմը ես էի» գիրքի շնորհանդէսը:

Խօսք առած են Հայր Կոմիտաս Վրդ. Յովնանեան, նախարար Հ. Յակոբեանի խօսքը փոխանցած է փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեան, գրականագէտ Փրոֆ. Սամուէլ Մուրադեան, «Սփիւռք» կեդրոնի տնօրէն Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան, լեզուաբան Դոկտ. Նորայր Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ նորատիպին հեղինակը՝ Անուշ Նագգաշեան։

 

Սերժ Սրապիոնեան ընդգծած է, որ Անուշին մեծ մօր անցած ուղին նոյն Անուշին ուղին է, քանի որ մանկութենէն լսելով անոր պատմութիւնները` Անուշը ինք վերապրած է զանոնք: «Մեծ մայրը իր զաւակին` Անուշի հօրը հեռու է պահում օտարազգի կնոջ հետ ամուսնանալու մտքից` որդուն յղուած հեռագրի միջոցով, որում նշուած էր. «Տղա՛ս, Հայաստանի զինուոր չեղար, Հայրենիքի համար արիւն չթափեցիր, սերմդ օտարի՞ն պիտի տաս»: Հասկանալով, որ այդ սերմը հէնց ինքն է` Անուշ Նագգաշեանն իր պարտքն է  համարում թղթին յանձնել տատի պատմութիւնը: Արդիւնքում` այժմ մեր ձեռքին է գեղարուեստական և սկզբնաղբիւրային կարևոր արժէք ներկայացնող այս պատմութիւնը»,–  նշած է նախարարի տեղակալը:

Շնորհանդէսի աւարտին Նագգաշեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Սփիւռքի նախարարութեան եւ Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Վրդ. Յովհաննիսեանին, որ աջակցած էր գիրքին հրատարակման, ըսած է, որ ինք այս գիրքով իր պարտքը կատարած է իր մօր յիշատակին առջեւ։ Ան իր ամբողջ կեանքին պատմութիւնը պատմած էր Անուշին՝ Կեմերեկի իրենց տունէն արտաքսումէն, բռնագաղթէն  մինչեւ վերջ։ Եւ ահա, ամբողջ գերդաստանով, աշխարհի տարբեր կողմերէ Հայաստան հաւաքուելով եւ նոր գիրքին գինեձօնով վրէժը լուծած են իրենց մեծ մօր։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ