Հասարակութիւնը տեղեակ է արդէն, թէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Հովուապետական Այցելութեամբ Լոս Անճելըս պիտի գտնուի Հոկտեմբեր 25էն Նոյեմբեր 3:
Արեւմտեան թեմի պաշտօնական հաստատման 90ամեակին եւ Վեհափառ Հայրապետի այցելութեան զոյգ առիթներով, Թեմիս բարեջան առաջնորդ՝ Գերշն. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, իբր հոգեւոր-կրօնական գաղափարի յատկանշական խօսք (բնաբան), ընտրած եւ յայտարարած էր «ԱՊՐԻՆՔ ՄԵՐ ՀԱՒԱՏՔԸ» խօսուն արտայայտութիւնը, խթանելու համար Արեւմտեան թեմի հայութեան հաւատքը, հոգեւոր գիտակցութիւնը եւ կրօնական-եկեղեցական կեանքը:
Կասկած չկայ թէ մեր «Հաւատքը ապրելու» գործնական քայլերը՝ պարբերաբար կը կարօտին աւելի մօտէն ծանօթանալու եւ ամրանալու՝ ճանչնալով Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական «Հաւատքին բովանդակութիւնը»:
Այս առիթով, Արեւմտեան թեմէն ներս ծառայող Հոգշն. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան, Թեմիս Սրբազան Առաջնորդին թելադրութեամբ, արեւմտահայերէնի թարգմանեց Հայ Եկեղեցւոյ մեծ Հայրապետ՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսին «ՀԱՒԱՏՔԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ» կոչուած Հայ Եկեղեցւոյ Դաւանանքին եւ Եկեղեցական Աւանդութիւններուն վերաբերող բացառիկ գրութիւնը, որ հաւանաբար գրուած 1165 թուականին:
Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Հայրերը եւ Վարդապետները կ՚ուսուցանեն, որ Քրիստոնէական Հաւատքի առաջին աստիճանը կամ տեսակը «Հաւատքի Դաւանութիւնն է», այսինքն՝ Հաւատքի Խոստովանութիւնը:
Իր այս գրութեան մէջ, Շնորհալի Կաթողիկոսը համադրութեամբ կը ներկայացնէ Հայ Եկեղեցւոյ «Հաւատքի Խոստովանութիւնը», անդրադառնալով Անոր Դաւանանքին եւ նաեւ Հայկական Ծէսին վերաբերող այն հարցերուն, որոնց մասին յոյները ամբաստանութիւններ կը կատարէին հայոց դէմ:
Այս «Հաւատքի Խոստովանութեան» մէջ, Շնորհալին կ՚անդրադառնայ հայ եկեղեցւոյ կողմէ ընկալուած եւ դարերով պահպանուած դաւանական, աստուածաբանական եւ ծիսական հիմնական նիւթերու:
Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը յարմար առիթ էր հրատարակելու Շնորհալի Կաթողիկոսին այս արժէքաւոր գրութեան թարգմանութիւնը, որ ամէն քրիստոնեայ հայ կարդալու եւ ծանօթանալու է մեր Եկեղեցւոյ Հաւատքի բովանդակութեան եւ անով աւելի ամրացնելու իր Քրիստոնէական կեանքին հիմերը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Պրպէնք, 28 Սեպտեմբեր 2017