«Որք զարդարեցին տնօրինաբար
զիմաստս Անեղին»:
Ներսէս Շնորհալի
Թարգմանչաց տօնին մեծութիւնը, որ սկիզբ առած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն կատարած հայ գիրերու գիւտով ու գրական-թարգմանչական անգերազանցելի իրագործումով, Ե. դարու առաջին կէսը յատկապէս, անուանեց Հայ Միտքի ու Գրականութեան ՈՍԿԵԴԱՐ:
Արդարեւ, Թարգմանչաց խումբին գործունէութիւնը, յաջորդող դարերու ընթացքին վերածուեցաւ հոգեմտաւոր համահայկական այնպիսի Շարժումի մը, որ հասաւ մինչեւ Շնորհալի եւ Լամբրոնացի, ու շարունակուեցաւ Մխիթարեան հայրերու կողմէ, հայագիտական տքնաջան երկերու աշխատասիրութեամբ. երեւոյթ մը՝ որուն յաջորդեց յետագային, վերջին երկհարիւրամեակին ծնունդ առած ու ծաղկած մեր արդի գրականութիւնը՝ իր արեւելահայ եւ արեւմտահայ զոյգ ճիւղերով:
Ահա թէ ինչո՛ւ Թարգմանչաց տօնը, հայ ժողովուրդին կը ներկայանայ ոչ միայն իբրեւ եկեղեցականօրէն սրբադասուած տօնակատարութիւն, այլեւ՝ ան վերածուած է համահայկական եւ համընդհանուր Ազգային տօնի, որ իր մէջ կը խտացնէ հայ քրիստոնեայ մարդու Հաւատքը, եւ իր հայրենի հողին ու մայրենի լեզուին հանդէպ ունեցած անմարելի Սէրն ու նուիրումը: Ասկէ մեկնելով, Թարգմանչաց տօնը, որ կը զուգադիպի Հոկտեմբեր ամսու առաջին կէսին։ Մեր իմաստուն հայրապետներէն Գարեգին Ա. Յովսէփեանց, 1940ական թուականներուն Հոկտեմբեր ամիսը հռչակած էր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԱՄԻՍ:
Առաւելաբար, Հայ Գիրի ու Գրականութեան տօնն է Հայ Մշակոյթի ամիսը:
Հայերէն լեզուի քերականօրէն ուղիղ գործածութիւնը հետապնդող ու զայն պահանջող մշակներուն, ուսուցիչներուն, հրապարակագիրներուն, խմբագիրներուն ու հայալեզու հեղինակներուն, ինչպէս նաեւ՝ հայ Մարդուն ազգային վեհ զգացումներուն ու տեսիլքներուն գեղարուեստական լիցք ու ոգի ներշնչող բանաստեղծներուն, գրագէտներուն ու թարգմանիչներուն նուիրուած տօնն է Հոկտեմբեր ամիսը: Որովհետեւ, բոլորէն առաջ՝ անոնք են, որ ԻՄԱՑԱԿԱՆ ԼՈՅՍ կը բաշխեն հայ ընթերցող հասարակութեան:
Որքա՛ն խորքը «Իմացական Լոյս»ին, պարտադիր է իր պարփակած զոյգ իմաստներով՝ հոգեւոր-կրօնական եւ ԲԱՆաւոր-իմացական, նոյնքա՛ն եւ կարեւոր յատկանիշեր են գեղարուեստական մտածողութեան տարրերու իրականացումը արձակ ու չափածոյ գրական երկերու պարագային: Անխուսափելի իրականութիւն է արդի հայերէն լեզուի երկճիւղանի (արեւելահայ եւ արեւմտահայ) գոյութիւնն ու գործածութիւնը մեր ամենօրեայ
գրաւոր թէ բանաւոր փոխյարաբերութիւններու ընթացքին: Այսօրուան դիտանկիւնէն, շուրջ դարէ մը ի վեր,– մանաւանդ վերջին քառորդ դարուն,– արեւելահայերէնը՝ յենելով պետական լեզուի իր ունեցած կարողականութեան, միշտ չէ որ կը խրախուսէ արեւմտահայերէնի լեզուամտածողութեան, քերականութեան՝ յատկապէս ուղղագրութեան կանոնները: Մինչդեռ, յետ-ցեղասպանութեան արեւմտահայ տարագիր սերունդները, երբ պարտադրաբար կորսնցուցին հող եւ հայրենիք, սփիւռքի տարածքին ԿԱՐՈՂԱՑԱՆ պահպանել արեւմտահայերէնի հարուստ գրական ժառանգութիւնն ու մշակութային այլ արժէքներ:
Արեւմտահայ տարագիր սփիւռքը հինգ տարի ետք պիտի նշէ իր 100ամեակը:
Կէս միլիոն տարագիր հայութեան թիւը տասնապատկուած է: Ուրեմն, նուազագոյն հինգ միլիոն հայ արեւմտահայերէն կ’արտայայտուի իր նմանին հետ, իր գիտելիքներու չափով: Մենք կը յամառինք ու կը մնանք մեր կեցուածքին վրայ, բարձրաձայնելով.
– Արեւմտահայերէն լեզուն «մահամերձի անկողինի մէջ» չի գտնուիր, եւ ամէն գնով պիտի սխալի UNESCO-ի վիճակագրութիւնը, եթէ՝
– Հայրենի պետութիւնը փափաքի իր պաշտպանութեան ներքեւ առնել արեւմտահայերէն լեզուի ու մշակոյթի գոյութիւնը, անոր շնորհելով արեւելահայերէնի հաւասարազօր կարգավիճակ, հիմնելով «Արեւմտահայերէնի թեքումով վարժարաններ», ինչպէս է տասնեակ մը օտար այլ լեզուներու պարագային:
– Ներկայ սփիւռքահայ մարդը չկոչել երբեք «Ծագումով հայեր», այլ՝ լիբանանահայ, սուրիահայ, ֆրանսահայ կամ ամերիկահպատակ հայեր եւալն:
– Հայրենի պետութեան թելադրանքով, ակնկալել Հ1-ի «ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ» հաղորդաշարի խմբագրութենէն, որ բարեհաճի ընդգրկել նաեւ սփիւռքահայ դասականացած երաժիշտներու եւ երգահաններու գեղարուեստական հնչեղութիւն ունեցող երկեր ու երգեր: Կ’արժէ որ արդարութիւն ըլլայ սփիւռքահայ մեր կեանքին առաջին 50ամեակի մեր երգահաններուն:
***
Արդ, նկատելով որ՝ ներկայիս հայ մամուլին ու համացանցային հաղորդամիջոցներուն վիճակուած դերը բարենպաստ պայմաններ կը ստեղծէ մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ, պիտի ջանանք նորահաս սերունդին մօտ վառ պահել Հայու Ինքնութեան հանդէպ ունենալիք իր խորունկ հաւատքը:
Նոր մեկնարկ մը կը պահանջուի մեզմէ:
Թարգմանչաց ոգին վերածել ՇԱՐԺՈՒՄի:
Ընթանալ անոնց ուղիով ու շարունակել անոնց գործունէութիւնը:
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
Պէյրութ, Լիբանան