Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Բարի տարեդարձ Երեւան…

Անցնող շաբաթավերջին Երեւան մայրաքաղաքը տօնեց իր հիմնադրութեան 2799րդ տարեդարձը։ Քանի մը տասնեակ միջոցառումներ կազմակերպուեցան թէ՛ Երեւանի կեդրոնական մասին մէջ եւ թէ՛ վարչական միւս շրջաններուն մէջ։

Յատկանշնական է, որ ամէն տարի Էրեբունիի հիմնադրութեան օրուան առիթով «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի»ի կոչում կը տրուի կարգ մը անուանի երեւանցիներու։ Այս տարի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այդ պատուաւոր կոչման արժանացուց շարժանկարներու բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանը, ՀՀ Հանրային հեռատեսիլի խորհուրդի անդամ Նարա Շլեպչեանը, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեանը եւ ՎիվաՍէլ-ՄՏՍի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիքեանը։

Երեւանի քաղաքապետի «Ոսկէ մետալ»ով պարգեւատրուած են մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, հեռատեսիլի հաղորդավար Աւետ Բարսեղեանը եւ հեռատեսիլի հաղորդավարուհի, դերասանուհի Նազենի Յովհաննիսեանը, արուեստագէտ Սիլվա Եուզբաշեանը եւ ուրիշներ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ