Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն նշանակուեցաւ ֆրանսուհի մը

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի 58 անդամ-պետութիւններ Հոկտեմբեր 13ին ֆրանսացի Օտրի Ազուլէն նշանակեցին կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնին։ Նոյեմբեր 10ին պիտի հաստատուի անոր պաշտօնը։

Ան Ֆրանսայի մէջ եղած է պետական ու մշակոյթի նախարար, իսկ միջազգային կառոյցներու մէջ բաւական լայն փորձ ունի։ Ազուլէն 1972ի ծնունդ է։

Յիշեցնենք, թէ այս պաշտօնին համար կային ինը թեկնածուներ, որոնց շարքին Ատրպէյճանէն Փոլատ Պիւլպիւլօղլին, որ ստացած է ընդամէնը… երկու ձայն։ Այստեղ է, երբ կ՚ըսեն, թէ ամէն ինչ դրամով չի գնուիր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ