Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանի նոր գիրքը՝ «Նուիրեալները»

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան ներկայացուց նոր հրատարակուած 

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեան ներկայացուց նոր հրատարակուած «Նուիրեալները՝ Կառլէն Անանեանի անցած ճամբով» գիրքը Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA.։  Խօսք առած է նաեւ Մարգար Մելքոնեանը անգլերէնով: 

Կառլէն Անանեանը միայն քսան տարեկան էր, երբ զոհուեցաւ, իսկ Արամ Վարդանեանը հազիւ քսանմէկ տարեկան։ Իրենց հասուն տարիքի այդ քանի մը տարիներուն այս երկու երիտասարդները, որոնք տարբեր երկիրներէ ու պայմաններէ կու գային, կը բաժնէին իրենց սերունդի ամենապայծառ ու ամենանուիրուած սփիւռքահայերու հաւատամքը։ Ամենալաւ ձեւը մեր հայրենակիցները համոզելու, որ այս տղաքը արժանի են պատուի, պարզապէս անոնց պատմութիւնը ներկայացնելն է։ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը կը նկարագրէ անոնց կարճ կեանքի երկար ուղին։ Հիմա հայրենի նոր սերունդին կը մնայ պահպանել անոնց յիշատակը, Հայաստանը արժանի դարձնելու իր ամենանուիրուած նահատակներուն։ 

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է: Գիտական աստիճանը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն: 2007 թուականին Դոկտ. Մարգար Մելքոնեանի հետ հեղինակած է «Աւօ. Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքը եւ մահը» գիրքը: Հրատարակած է յօդուածներ սփիւռքի եւ Հայաստանի շարք մը պարբերականներու մէջ: 

«Եղերական դէպքերու զուգահեռ կը շողայ իտէալիզմը սերունդի մը, որուն մաս կը կազմէինք մենք։ Անձնական նամակներու մէջբերումով հեղինակը կը շեշտէ իրադարձութիւններու հակասութիւնը։ Մարդատեացութեան ու մարդասիրութեան կերպարներով լեցուն այս պատումը ինչքան ընդվզում կը յառաջացնէ, այնքան ալ կ՚ընդգծէ յոյսի առկայութիւնը». Հուրիկ Ադդարեան

 

 գիրքը Ուրբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2017ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA.։  Խօսք առած է նաեւ Մարգար Մելքոնեանը անգլերէնով: 

Կառլէն Անանեանը միայն քսան տարեկան էր, երբ զոհուեցաւ, իսկ Արամ Վարդանեանը հազիւ քսանմէկ տարեկան։ Իրենց հասուն տարիքի այդ քանի մը տարիներուն այս երկու երիտասարդները, որոնք տարբեր երկիրներէ ու պայմաններէ կու գային, կը բաժնէին իրենց սերունդի ամենապայծառ ու ամենանուիրուած սփիւռքահայերու հաւատամքը։ Ամենալաւ ձեւը մեր հայրենակիցները համոզելու, որ այս տղաքը արժանի են պատուի, պարզապէս անոնց պատմութիւնը ներկայացնելն է։ Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը կը նկարագրէ անոնց կարճ կեանքի երկար ուղին։ Հիմա հայրենի նոր սերունդին կը մնայ պահպանել անոնց յիշատակը, Հայաստանը արժանի դարձնելու իր ամենանուիրուած նահատակներուն։ 

Սեդա Գպրանեան-Մելքոնեանը բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու է: Գիտական աստիճանը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն: 2007 թուականին Դոկտ. Մարգար Մելքոնեանի հետ հեղինակած է «Աւօ. Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքը եւ մահը» գիրքը: Հրատարակած է յօդուածներ սփիւռքի եւ Հայաստանի շարք մը պարբերականներու մէջ: 

«Եղերական դէպքերու զուգահեռ կը շողայ իտէալիզմը սերունդի մը, որուն մաս կը կազմէինք մենք։ Անձնական նամակներու մէջբերումով հեղինակը կը շեշտէ իրադարձութիւններու հակասութիւնը։ Մարդատեացութեան ու մարդասիրութեան կերպարներով լեցուն այս պատումը ինչքան ընդվզում կը յառաջացնէ, այնքան ալ կ՚ընդգծէ յոյսի առկայութիւնը». Հուրիկ Ադդարեան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ