Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի՞նչ տուաւ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը Ժընեւի մէջ

Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան կազմակերպութեան  (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբին նախաձեռնութեամբ, Ժընեւի ՄԱԿի գրասենեակին մէջ Երկուշաբթի օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն առանձնազրոյցը։ Անոնք նախ հանդիպած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ, որմէ ետք Սարգսեան եւ Ալիեւ հանդիպած են առանձին։

Երկու նախագահները պայմանաւորուած են, որպէսզի լարուածութիւնը նուազի եւ նոր զոհեր չըլլան, ըսած է Սարգսեան հանդիպումէն ետք։ «Մեզ համար միակ լուծումն այն է, որ Ղարաբաղը լինի Ատրպէյճանից դուրս», շեշտած է ան, զրուցելով զուիցերահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ։

 

ԵԱՀԿի արձագանգը

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի յայտարարութեան մէջ կը կարդանք. «Հանդիպումն անցել է կառուցողական մթնոլորտում։ Նախագահները համաձայնել են միջոցներ ձեռնարկել՝ բանակցային գործընթացը ակտիվացնելու եւ լրացուցիչ քայլեր ձեռնարկել՝ շփման գծում լարուածութիւնը նուազեցնելու համար։
Համանախագահներն իրենց գոհունակութիւնն են յայտնել երկարատեւ դադարից յետոյ ուղիղ բանակցութիւնների կապակցութեամբ։ Նրանք պատրաստ են շարունակել աշխատել կողմերի հետ՝ գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ, բանակցուած լուծում։ Որպէս յաջորդ քայլ՝ համանախագահներն առաջիկայում կը կազմակերպեն նախարարների աշխատանքային հանդիպումներ»։

 

ՄԱԿի արձագանգը

ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիու Կութերէշը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը եւ կոչ ըրած է հասնիլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։

 

Ատրպէյճանի արձագանգը

Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին հարցերով խորհրդական Նովրուզ Մամետովը նշած է, որ Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումին որոշուած է, որ բացի համաձայնուած պահերէն, առայժմ յայտարարութիւններ պիտի չըլլան։ Բայց Սարգսեան խախտեր է եղեր համաձայնութիւնը՝ «գոնէ ամչնար համանախագահներէն», ըսած է ան։

Խօսքը Սարգսեանի արտայայտութիւններուն մասին է, որոնք կատարած էր զուիցերահայ համայնքին հետ հանդիպումին ընթացքին։

 

 

Արցախի արձագանգը

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ կ՚ըսուի. «Կարծում ենք՝ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում իրական առաջընթաց ձեռքբերելու ճանապարհին ևս մէկ քայլ պէտք է դառնայ լիարժէք ձևաչափով բանակցութիւնների վերականգնումը՝ դրա բոլոր փուլերին Արցախի Հանրապետութեան անմիջական մասնակցութեամբ»։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ