Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀՀ փոխ վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան տեսակցեցաւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճէրի Պրաունի հետ

Փոխ վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան, ելեւմտական նախարար Վարդան Արամեան եւ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան Հոկտեմբեր 12-15 մասնակցեցան Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի եւ Համաշխարհային դրամատան տարեկան ժողովին Ուաշինկթընի մէջ։

Հոկտեմբեր 13ին Վաչէ Գաբրիէլեան հանդիպած է ԱՄՆի Եւրոպայի հարցերով պետական քարտուղարի տեղակալ Պրիճիթ Պրինքի հետ։

ՀՀ պատուիրակութիւնը Երկուշաբթի օր ժամանեց Քալիֆորնիա, ուր տեսակցեցաւ նահանգապետ Ճէրի Պրաունի հետ։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններ։

Փոխ վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան Երկուշաբթի 16ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հանդիպում ունեցած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունի հետ։ Քննարկուած են ներդրումներու, վերականգնուող ուժանիւթի, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտներէ ներս երկկողմ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները խորացնելու շարք մը հարցեր։

Կողմերը սկսած են համագործակցութեան գծով համաձայնագիր կնքելու գործընթացը։ Նահանգապետ Պրաուն ողջունած է Հայաստանի Արարատի, Կոտայքի եւ Շիրակի մարզերուն կողմէ կլիմայական փոփոխութիւնների կառավարման փոխըմբռնման յուշագրին միանալու հանգամանքը, որ ուղղուած է պայքարելու կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ։ Այսպիսով, այդ յուշագիրը ստորագրողներուն թիւը հասած է 190ի։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ