Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապահովագրական ընկերութիւններուն ծագումը

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Կեանքի ապահովագրութենէն առկախ, որ գոյութիւն ունէր 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ բաւական թիւով հայեր ապահովագրուած էին պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ, Նիւ Եորք Լայֆ, ֆրանսական եւ այլ երկիրներու կեանքի ապահովագրութեան ընկերութիւններու կողմէ, կար նաեւ գերմանական առողջապահական պետական ապահովագրութիւնը Գերմանիոյ ժողովուրդին համար: Սակայն, այլ տեսակի ապահովագրութիւններ չկային կամ շատ սակաւ էին հանրութեան համար: Հաւատաք թէ ոչ, այլ տեսակի ապահովագրութիւններու գաղափարը ծնունդ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, 1920-ական թուականներուն, սկսեալ՝ մեծն դրամաշորթ, աւազակ, խուլիկան, ոճրագործ եւ այլ «բարի» յատկութիւններով օժտուած պարոն «Էլ Քափոնի» կողմէ: «Ալ Քափոն» հակառակ իր ոճրագործային բնոյթին, օժտուած էր անօրէն կերպով հարստանալու հնարամտութեամբ, որոնցմէ մին այս էր,  ապահովագրութեան ստեղծումը: Նման «ապահովագրութեան» օրինակներ մեզի ծանօթ են Լիբանանի, Հայաստանի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, որոնց օրինակը եւ նախահայրը հանդիսացած է Ալ Քափոնը:

Այն ժամանակ ապահովագրական մէկ միջոց կար ձերբազատուելու համար իր վոհմակներու ոտնձգութիւններէն, որն էր… իւրաքանչիւր հաստատութեան, վաճառատան կամ կրպակին ելեւմտական ծաւալին համեմատ որոշուած գումարը (նոյն վոհմակին կողմէ), վճարել «Ալ Քափոնի» վոհմակներուն, որպէսզի վաճառականն ու գործատէրը ազատ համարձակ կարենան գործել այդ շրջանին մէջ: Ապա թէ ոչ, արդիւնքը ցաւալի եւ տխուր պիտի ըլլար սեփականատէրին համար, թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ մարմնական վնասուածքներով:

«Ալ Քափոնի» մասին բազմաթիւ տեսաերիզներ տեսած ենք անցեալին մէջ, ուր երեւցող արիւնալի երեւոյթները մեծ մասամբ իր իրական կեանքէն քաղուած են:

Ապահովագրական ընկերութիւններու զանազան տեսականիներու ծագումը ուրեմն, կրնանք վերագրել Ալ Քափոնին, որուն մտայղացումը ծայր տուաւ ներկայ ապահովագրական տիտան ընկերութիւններու ծաւալումին, որոնք այնքա՜ն հզօրացած, այնքա՜ն կազմակերպուած են տնտեսական, քաղաքական եւ նիւթական ասպարէզներուն մէջ, որ… կառավարութիւնները նոյնիսկ անկարող են փոխելու անոնց ընթացքը կամ պարտադրել անոնց որեւէ փոփոխութիւն ի շահ հանրութեան: Դժբախտաբար, պարագան այնպիսի դրութեան մը յանգած է որ, պետութիւնները պարտաւորուած են անսալ ապահովագրական ընկերութիւններուն եւ անոնց կամքը կատարել, հազար ու մէկ… պատճառաբանութիւններով:

***

Սխալ հասկացողութեան տեղի չտալու համար, այստեղ արժէ նշել նաեւ ապահովագրական ընկերութիւններու օգուտները, սակայն սուղ վճարելով այդ պաշտպանութեան համար, որ կրնայ չհանդիպիլ անձի մը կեանքի ընթացքին:

Առնենք ինքնաշարժներու ապահովագրութիւնը:

Եթէ չըլլային չարամէտ եւ չարաշահ հետեւանքները որեւէ աղէտի կամ արկածի, ո՞վ պէտք պիտի ունենար այս ապահովագրութեան: Ժամանակին կային հաստատութիւններ, որոնք այսպիսի պարագաներու համար նշանակուած էին, որոշելու համար յանցաւորը կամ մեղաւորը եւ ըստ այնմ որոշել վնասին իսկական գումարը: Բայց…որովհետեւ մարդիկ ունեցան տարբեր մտայղացումներ, օգտագործելու եւ շահագործելու համար այսպիսի պարագաներ, ուրեմն՝ ապահովագրական ընկերութիւններու դերը այս պարագային արդարացուցիչ կը դառնայ: Սակայն անտեղի սղաճն ու գիներու թանկացումը անարդարանալի են մեզի համար եւ յաճախ անտանելի:

Պարագան համարեա նոյնն է բոլոր տեսակի ապահովագրութիւններուն:

Ապահովագրութիւններու տեսականին բազմաթիւ է: Կրնանք նշել մեր առօրեայ կարիքներուն ծառայողներէն մի քանին, տուներու, կալուածներու, արկածներու, կրակի, փոթորիկի, գոյքի, աւազանի, որեւէ առիթի, ճամբորդութեան, եւայլն: Բայց ամենակարեւորը այսօր, առողջապահական եւ առողջական ապահովագրութիւնն է, ուր հասարակութեան, պետութեան եւ ապահովագրական ընկերութիւններու միջեւ պատահած բախումները անհամար են ու անհաշիւ:

Պետութիւններ, որոնք ունին ժողովրդային ընկերային համակարգ, յաճախ կը համարուին բախտաւոր ժողովուրդ, որովհետեւ անոնց համակարգը կը հոգայ իրենց բոլոր առողջական պարագաները: Գերմանիոյ մէջ, 1908 թուին, անգլիացի դիւանագէտ մը բուժարան կ՚առաջնորդուի թեթեւ վէրքի ստացուածքի մը համար: Անոր ուշադրութիւնը կը գրաւէ պարագայ մը ուր տեղացի հիւանդները որեւէ վճարում չէին ըներ բուժարանին, փոխարէնը՝ անոնք քարթ մը ցոյց կու տային եւ կը բուժուէին: Ապագային, ան կ՚իմանայ, թէ Գերմանիա այդ ժամանակներուն արդէն ունէր ընկերային առաողջապահական ապահովագրութիւն: Անշուշտ այս համակարգը եւս ունի իր անպատեհութիւնները: Իսկ այն երկիրները, ուր կը տիրէ ազատ շուկայի համակարգը, առողջապահական ապահովագրութիւնները կը հետեւին օրուան շուկայի պահանջքին. որն է՝ դեղերու ընկերութիւններու եւ բժիշկներու համախմբումի պահանջքները, չմոռնալով իրաւաբանները եւ քիչ մըն ալ… անոնց շահերը:

Առողջապահական ապահովագրութիւնը այս երկիրներուն մէջ քաղաքականացուած է այն իմաստով, որ զիրար կապած են ապահովագրութեան, դեղորայքի, բժշկական, հիւանդանոցներու եւ պետական կարգ մը առողջապահական գրասենեակներու ընկերութիւնները, որոնց շահերը կը թելադրէ հակառակիլ որեւէ արտաքին այլ ներդրումի կամ կանոնագրութեան փոփոխութեան:

Առողջապահական ապահովագրութեան ազատ շուկայի դրութիւնը, այս երկրին մէջ, վերացնելու եւ զայն փոխարինելու համար այլ համակարգերով, եղած են բազմաթիւ եւ ապարդիւն ջանքեր պետութեան կողմէ, ուր մինչեւ այսօր, կը պայքարին զայն բարեփոխելու համար:

Նախկին նախագահ Օպամա ջանաց ժողովրդային մակարդակի հասանելիութեամբ, նոր առողջապահական ապահովագրութիւն մը ստեղծել, (Օպամա Քէր ծածկանունով, Ըֆֆորտըպըլ Քէր), որ ձեռնտու դարձաւ միայն չքաւորներուն, անտուններուն եւ անօրէններուն: Իսկ աշխատաւոր ժողովուրդը, որ սկսած էր հետեւիլ այս ապահովագրութեան, սկսաւ ծանրօրէն տուժել, կրելով ձրիակերներու բեռը:

Առողջապահական ապահովագրութեան պայքարը տակաւին կը շարունակուի այս երկրին մէջ, յուսալով որ օրին մէկը կը յանգի արդար եզրակացութեան մը համայն հասարակութեան համար:

Մնացեալ ապահովագրութիւնները, որոնք կը ծառայեն հանրութիւնը փրկելու, պաշտպանելու եւ կամ՝ շահագործելու նպատակներով, բազմաթիւ են եւ բազմազան՝ ըստ փափաքի:

Թէ որ Ալ Քափոնը չըլլար, ի՞նչ պիտի ընէինք:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ