Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԴՈԿՏ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՀՄԱՐԱՆԵԱՆԻ «ՀԱՅԸ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՉՈՒՆՉԻՆ ՄԷՋ» ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

ԹՄՄ Կլենտէյլ-Փասատինա

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Կիրակի, 14 Յուլիսի յետմիջօրէին, ԹՄՄ Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի սրահը ժամադրավայրն էր գրասէր եւ միութենական ընտրանիի մը, որ եկած էր ներկայ գտնուելու վերջերս լոյս տեսած Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի հեղինակած հատորի ներկայացման ու գինեձօնին։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանուն ԹՄՄ Կլենտէյլ-Փասատինայի վարչութեան՝ Աստղիկ Խանճեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց հատորին հեղինակ Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանը։

Յայտագիրը ընթացք առաւ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» քերթուածի ասմունքով, որ կատարեց հայերէն լեզուի դասատու Նորայր Տատուրեանը, որ յայտագրի աւարտէն առաջ նաեւ ասմունքեց Յովհաննէս Թումանեանի «Լուսաւորչի Կանթեղը»։

Մեներգով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ վարչութեան անդամներէն Խաչիկ Նահապետեանը ներկայացնելով Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երկիր հայրենին» եւ Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ բէկ» օփերայէն Գուսանի արիան։

«Հայը եւ Հայաստանը Աստուածաշունչին մէջ» հատորի ներկայացման համար հրաւիրուեցաւ ԹՄՄ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Քէօշկէրեանը, որ ուսումնասիրած էր հատորին մէջ գտած Աստուածաշունչին ակնարկած թուականները, ինչպէս նաեւ պատմական տեղերն ու վայրերը, որոնք աշխարհագրականօրէն կը վերաբերին Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին ու անոր Ուրարտական արմատներուն, ինչպէս նաեւ հոն ակնարկուած դրախտին մասին, որ պատմական Հայաստանի չորս գետերուն միջեւ գտնուած տարածքն է։ Քէօշկէրեան ակնարկեց նաեւ հատորին մէջ տեղ գտած կարգ մը անուններու, որոնք ըստ Աստուածաշունչին Հայաստան տարածաշրջանին մէջ օգտագործուած արիական անուններ եղած են։

Հատորի գինեձօնէն ետք, որուն յայտագրի մասնակիցները ընկերակցեցան հեղինակին, Դոկտ. Ահմարանեան իր շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ շեշտելով պատմական կարեւորութիւնը «ՀԱՅ» արմատին, որ տեղ գտած է «Աստուածաշունչին» մէջ։

Միջոցառման աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած հիւրասիրութիւնը, որուն ընթացքին հեղինակը մակագրեց վաճառուած հատորները։ 

ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ