Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ ղեկավարութիւն – ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Լոս Անճելըս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս, երեկոյեան ժամը 6։00-ին ՀՀ Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան արդիւնաշատ հանդիպում մը Ուաշինկթընէն ժամանած ՀՀ վսեմաշուք դեսպան՝ Տիար Վարուժան Ներսէսեանի հետ։

Հանդիպման ներկայ էին ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը։

Փոխադարձ ծանօթացման եւ  աշխատանքներու վերահասու եղան Պրն. Դեսպանը եւ Շրջանայինի անդամները՝ դեսպանատան ապագայի ծրագիրներու ու յատկապէս Սեպտեմբեր 22-ին Հայաստանի վարչապետ՝ Տիար Նիկոլ Փաշինեանի ԱՄՆ այցելութեան ծրագրին մասին։

ՌԱԿ-ի մեր ընկերները գլխաւորութեամբ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր եւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանին հաւաստիացուցին Պարոն Դեսպանին, թէ ինչպէս միշտ, իր գոյութեան առաջին օրէն իսկ ՌԱԿ եղած է մեր հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին հետ եւ ոչ մէկ ճիգ խնայած է անոնց հետ համագործակցելու յօգուտ եւ ի փառս մեր ժողովուրդին։

Յարգելի դեսպանը ծանօթացաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան ափի աշխատանքներուն, հայ համայնքին կենսունակութեան եւ համահայկական բնոյթի ծրագիրներուն: Անոնք անդրադարձան «Հայաստան» հիմնադրամի, Հայ-ամերիկեան թանգարանի, ինչպէս նաեւ նոր Հայաստանի նոր խնդիրներուն եւ նուաճումներուն:

 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ