Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախազգուշացում. Յայտարարութիւն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Խոր զարմանքով կը կարդանք համացանցի վրայ անփութօրէն տարածուող, դատական իշխանութեան անկախութեան առնչուող «Միացեալ» յայտարարութիւն մը, զոր, այլ անուններու կողքին, ապօրէն կերպով կը կրէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունը եւ զինանշանը։

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը վճռականապէս կը  հաստատէ, որ 98-ամեայ աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւանդապահ կառոյցը՝ Կեդրոնական Վարչութիւնը, շրջանակները եւ անդամութիւնը, բացարձակապէս, ՈՉ ՄԷԿ ԿԱՊ կամ առնչութիւն ունին նշեալ յայտարարութեան հետ կամ յայտարարութիւնը պատրաստողներուն հետ:

Այսօրուայ գործող իշխանութիւնը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ դատական համակարգի անկախացման ի խնդիր, ազատագրելով այն նախկին իշխանութեան կամակատարի դիրքէն, կախեալ եւ անվստահելի իրավիճակէն եւ հաստատելու համար արդար, արդիւնաւէտ, Նոր Հայաստանին համապատասխան դատական համակարգ:

Հետեւաբար, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը կտրականապէս կը հերքէ դատական իշխանութեան իրական անկախացման գործի շահարկման միտուած յայտարարութեան որեւէ մասնակցութիւն ու կը դատապարտէ ՌԱԿ-ի անունի եւ զինանշանի խարդախ օգտագործումը, եւ կոչ կ’ընէ Հայաստանի ներկայ վարչակազմին, անմիջապէս ուղղիչ ճշդումներ ձեռնարկել իրաւական եւ ոչ միայն, սանձելու համար նմանատիպ, Սփիւռք-Հայրենիք կապերը խաթարող անհիմն յայտարարութիւնները եւ վերահաս ձգտումները։

Սոյնով կ’ուզենք նշել, թէ յայտարարութեան տակ ստորագրած, ՌԱԿ-ի անունը, դրօշը եւ զինանշանը օգտագործող Յակոբ Աւետիքեանը եւ իրեն պատկանած կազմակերպութիւնը բացարձակապէս ոչ մէկ կապ ունի աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հետ: 

Աւետիքեանի գլխաւորած կազմակերպութիւնը օլիկարխիկ  համակարգի ուղղակի միջամտութեամբ ձեւաւորուած եւ աւանդական ՌԱԿ-ի պատմական վաւերականութեան դէմ ուղղուած քայլ է, որ վերջիններուս կողմէ սփիւռքի վրայ ազդեցութիւն ու հսկողութիւն բանեցնելու եւ իրենց ծրագիրները իրագործելու նպատակ կը հետապնդէ, որուն յստակ ապացոյցն է նաեւ խնդրոյ առարկայ յայտարարութեան տակ ՌԱԿ-ի անուան ապօրինի երեւումը:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, գլխաւորութեամբ Ատենապետ Ընկ. Մայք Խարապեանի, կը շարունակէ գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ինքնիշխանութեան զարգացման, ժողովրդավարութեան խորացման, Արցախի անկախութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնիլ երկրի նոր իշխանութիւններուն կողմէ օրինական պետութիւն կերտելու առաքելութեան։ 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ