Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան այցելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորընտիր Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան, Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2019-ին, այցելութիւն մը տուած է Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում ունեցած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ :

 Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ խորհրդակցելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան ու յատկապէս կուսակցութեան առնչուած հարցերուն մասին: 

Ընկ. Տոքթ. Տաքէսեան, յանուն Կեդրոնական Վարչութեան, Նորին Սրբութեան պարզեց կուսակցութեան վերջին ընդհանուր ժողովին առած որոշումները, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան յառաջիկայ աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնները:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ