ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երկուշաբթի, 22 Յուլիսի յետմիջօրէին, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը, բաղկացած ընկերներ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանէ, Արա Ահարոնեանէ, Գէորգ Հալէպլեանէ, Փանիկ Քէշիշեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան պատուոյ անդամ Յակոբ Նազարեանէ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ, ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսութեան մէջ, Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա։
Շուրջ մէկ ժամ տեւող հանդիպումին ընթացքին, գլխաւոր հիւպատոսը պաշտօնապէս շնորհաւորելէ ետք ՌԱԿ 28-րդ Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին ընտրուած ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւնը, կարեւորութեամբ անդրադարձաւ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի վերջերս Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափ կատարած այցելութիւններուն։
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գալուստը Միացեալ Նահանգներ եւ անոր անդրանիկ երկօրեայ այցելութիւնը Լոս Անճելըս, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին։ Այդ առիթով պիտի կազմուի համագաղութային յանձնախումբ մը, ծրագրելու եւ գործադրելու համար պատշաճ ընդունելութիւն ի պատիւ վարչապետին, նախընտրաբար՝ համաժողովրդային մասնակցութեամբ։
Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու գաղութս յուզող զանազան կազմակերպչական հարցերու եւ համասփիւռքեան կառոյցներու աշխատանքին։