Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Տէր եւ Տիկ. Աւետիս եւ Արմիկ Մարգարեաններ կ՚արժանանան «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 21 Յուլիս 2019-ին, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ, Ընկ. Աւետիս Մարգարեան (Մակարեան) արժանացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետի սրբատառ կոնդակին եւ պարգեւատրուեցաւ Ներսէս Շնորհալիին անունը կրող շքանշանով, ներկայութեամբ մեծ թիւով բարեկամներու եւ հարազատներու։

Օրուան պատարագիչն էր թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Ս. խորանին կը սպասարկէին եկեղեցւոյ ժրաջան հովիւ՝ Տէր Սարգիս Ա. Քհնյ. Փեթոյեան եւ սարկաւագներու մեծաթիւ խումբ մը։

Սրբազան Հօր քարոզէն առաջ, եկեղեցւոյ բազմաձայն երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ բազմավաստակ արուեստագիտուհի Տիկ. Էլիզ Թաշճեանի եւ Տիկ. Սիւզի Մազմանեանի հոյակապ երգեցողութեամբ, երգեց «Ուրախ լեր, Սուրբ եկեղեցի» շարականը։

Առաջնորդի նախկին փոխանորդ՝ հոգեշնորհ Տէր Տաճատ Ծայրագոյն վարդապետ Եարտըմեանի ձեռամբ, սարկաւագներու խնկարկումով եւ ընկերակցութեամբ Մարգարեան ընտանիքի անդամներուն, Ս. խորան բերուեցաւ սրբատառ կոնդակը եւ շքանշանը։

Հայր Տաճատ ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին ուղարկած Ս. կոնդակը, որմէ ետք Առաջնորդ սրբազան հայրը Ընկ. Աւետիս Մարգարեանին լամբակը զարդարեց «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով, իսկ տիկնոջը՝ հայրապետական զարդանշանով։

Սրբազան հայրը ջերմ խօսքերով գնահատեց Աւետիս Մարգարեանի տարիներու ծառայութիւնները Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիին (մանաւանդ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ), ՀԲԸ Միութեան եւ գաղութային տարբեր կազմակերպութիւններու, քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք մաղթելով Մարգարեաններուն «առաւել եւս վայելելու համար Ձեր ներկայութիւնը եւ ծառայութիւնները մեր եկեղեցիէն ներս»։

***

Ապա, ներկաները անցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահ, ուր Մարգարեանները ընդունեցին շնորհաւորութիւնները՝ սիրոյ սեղաններու շուրջ։ Մեծարեալին բարեկամներէն՝ Լեւոն Քէշիշեանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ մօտ երկժամեայ յայտագիր մը։

Խօսք առին Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեան՝ որպէս Մարգարեան Աւետիսի մօտիկ բարեկամ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կողմէ Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, որ ընթերցեց ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան գիրը եւ արտայայտեց Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան անդամներուն շնորհաւորանքը մեր սիրելի ընկերոջ։ Ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸ Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետուհի, իրաւաբան Թալին Եագուպեան, ընթերցելով ՀԲԸ Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքը։ Իսկ ԹՄՄ-ի Ամերիկայի եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գէորգ Քէօշկէրեան կարդաց կեդրոնին եւ իր սրտի խօսքերը։ Նմանապէս, իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Հայաստանի Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս՝ Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան։

Բոլորն ալ մեծապէս գնահատեցին Աւետիս Մարգարեանի տարիներու կամաւոր ծառայութիւնները մեր գաղութէն ներս։ Որպէս աշխատասէր ու նուիրեալ անձնաւորութիւն մը, ան արժանացած է իր ծառայած միաւորներուն յարգանքին։

Մեներգով ելոյթ ունեցաւ Խաչիկ Նահապետեան, իսկ հանդիսութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ ջութակով երաժշտական պահեր պարգեւեց վարպետ ջութակահար Մերուժանը։

Ցուցադրուեցաւ մեծարեալին զաւակներուն կողմէ իրենց հօր մասին տեսաժապաւէն մը, որ արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին։՝

Վերջին խօսքը կը պատկանէր Աւետիս Մարգարեանին։ Ան շնորհակալական ջերմ խօսքեր ուղղեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսին եւ բոլոր բարեկամներուն՝ իրենց ներկայութեան եւ գնահատական ազնիւ խօսքերուն համար։

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Ընկ. Աւետիս Մարգարեանը այս բարձր գնահատանքին համար, մաղթելով որ Աստուած իրեն երկար եւ երջանիկ օրեր պարգեւէ եւ միշտ հպարտութեամբ իր կուրծքին վրայ կրէ այս օրհնաբեր շքանշանը։

 

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ