ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-
Ցաւով կ՚արձանագրենք այստեղ, թէ անցնող շաբթուան ընթացքին նամակներ եւ յօդուածներ ստացած ենք ՀԲԸՄ-ի Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարանին փակուելուն առիթով։ Յարգելով ազատ խօսքի կամարտայայտութիւնը, տեղ կու տանք Արժ. Դոկտ. Զաւէն Ա. Քհնյ. Արզումանեանի գրութեան, թէեւ ոչ միշտ համաձայն գտնուելով անոր հետ։ ՀԲԸՄ-ի աւելի քան հարիւրամեայ պատմութիւնը հպարտութեամբ կը լեցնէ մեր սիրտերն ու հոգիները, իսկ մեր սէրը առ այս կազմակերպութիւնը, նաեւ իրաւունքը կը վերապահէ մեզի կատարելու առողջ քննադատութիւններ։
ՆՈՐ ՕՐ
Փասատինայի ՀԲԸ Միութեան հազիւ տասնամեայ (13-ամեայ – Խմբ.) Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի փակման դժբախտ լուրը մամուլէն տեղեկացայ, ստանալէ ետք որոշ պատասխանատու անձերու ղրկած ելեկտրոն նամակները։ Կարդացի ՄԱՍԻՍի եւ ՆՈՐ ՕՐի գնահատելի եւ շատ ազնուական ու շինիչ անդրադարձներն ու հիասթափութիւնները, անշուշտ ուղղեալ ոչ թէ պատկառելի ու պանծալի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հասցէին, քաւ լիցի, որուն առջեւ ազգովին միշտ մնացեր ենք շնորհապարտ, այլ՝ ներկայ ժամանակներու վարչական կազմին ոչ-հայկական դիրքաւորման նկատմամբ։ Պատիւ զոյգ խմբագիրներուն իրենց զգոյշ եւ բարի, քաղաքավար եւ շինիչ թելադրութեանց համար։ Բողոքի առաջին տեսաերիզն ալ անցաւ աչքերուս առջեւէն մի քանի օրեր առաջ որպէս առաջին պոռթկումը վարժարանի աշակերտութեան, ուսուցիչներուն, եւ ծնողաց կողմէ՝ դպրոցի շրջափակին մէջ։
Եթէ մեր Մեծ Միութեան առաջին անունը «Հայկական» է, հաւատարիմ պէտք է մնալ անոր, որ արդէն իսկ որպէս Միութեան հիմնական որակումը վտանգուած է եւ կեղծ կ՚ահազանգէ, միւս երեք անունները ձգելով իրենց բախտին, սկսեալ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան տխրահռչակ փակումէն մինչեւ Թորոնթոյի ՀԲԸ Միութեան վարժարանին փակումն ու պատկառելի կեդրոնին ծախու դրուիլը։ Այս վերջինը փրկուեցաւ բարեբախտաբար շնորհիւ Թորոնթոյի հայ գաղութին եւ Քանատայի Թեմակալ Առաջնորդին ու Թեմական Խորհուրդին։ Ով գիտէ կարգը կ՚երեւի Մոնթրէալի Արմէն-Քեպէք հայ վարժարանին պիտի գայ։ Զի տեսցէ Տէր եւ ողորմեսցի։
Սրտցաւ ազգայիններ ու հայ մամուլը ընդհանրապէս տակաւին պիտի անդրադառնան այս վերջին անբաղձալի լուրին, պահանջելով այդ որոշման յետս կոչումը։ Մեզի կը մնայ խոնարհիլ «միւս հայ ազգային վարժարաններուն» առջեւ, որոնք եթէ յաւելում չեն արձանագրեր մեր դպրոցներու փակման դիմաց, գէթ կը ճգնին եղածը պահելու հաւատարմօրէն։ Դժուարութիւնները փոխանակ իսկական բարեգործութեամբ հարթելու Բարեգործականի Մեծ Միութեան կտակուած գումարներու չնչին տոկոսները օգտագործելով, նիւթականին կը տրուի բախտաւոր «օրհնութիւնը», եւ հայ մանուկներու կրթութեան կը մնայ անբախտ «օրհնութիւնը», այսինքն այդ նիւթականին «պակասը»։
Իբր սրտցաւ երէց հոգեւորական կը գրեմ այս տողերը յիշելով ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր մեծ բարերարը՝ Պօղոս Նուպար, եւ մեր օրերու աննման նախագահ Ալեք Մանուկեանը, որուն հետ ձմեռնային արձակուրդներուն յաճախ տեսակցելու առիթներ կ՚ունենայի իբր հիմնադիր հոգեւոր հովիւը Ֆլորիտայի նորակազմ Սուրբ Դաւիթ համայնքին։
Պրն. Մանուկեան իմ խնդրանքը երկու անգամ չլսեց, այլ մէկ անգամ, երբ կը տեսնէր թէ Ֆլորիտայի եկեղեցին եւ մշակութային շէնքը կառուցած էինք արդէն եւ աշխոյժ ընթացքի մէջ էր համայնքը։ Խնդրանքս կալուածի ետին առանձին դպրոցաշէնքի մը կառուցումը պիտի ըլլար մեր փոքրիկներուն համար։ «Կ՚օգնեմ» ըսաւ, ներկայ եղաւ դպրոցաշէնքին հիմնադրութեան, ու վեց ամիս ետք դպրոցաշէնքը կանգուն ընծայեցինք Ալեք եւ Մարի Մանուկեաններու անունին որպէս իրենց ամենավերջին բարերարութիւնը։ Իր փափաքն էր անձնապէս կատարել այդ բարեգործութիւնը առանց Միութեան անունին հետ կապելու զայն։ Ահա Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան իսկական նախագահը, որ աշխարհի չորս կողմ անձամբ այցելելով կերտեց ու շէնցուց հայկական դպրոցներ եւ երիտասարդական կեդրոններ։ Իրեն նմանը պիտի չտեսնենք։
Տասնամեակ մը առաջ կրօնագիտութիւն կ՚աւանդէի Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Յովսէփեան վարժարանէն ներս, ուր կը վարէի նաեւ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը չորս տարիներ։ Պատահեցաւ որ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի բացման տարին ներկայ ըլլայի հանդիսութեանց եւ անկէ տարի մը ետք, յատուկ հրաւէրով, բանախօսելու առիթը կ՚ունենայի աշակերտութեան, որոնցմէ շատեր իմ աշակերտներն էին որոնք երկրորդական բաժինը պիտի աւարտէին։ Առիթով մըն ալ շրջանաւարտից հանդիսութեան նախագահեցի փոխան Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ու իմ ձեռքով նախկին աշակերտներուս շրջանաւարտի վկայականները յանձնեցի։
Այս բոլորը կը յիշատակեմ ի պատիւ վարժարանին ու իր տասնամեայ վաստակին, չենք ուզեր մոռնալ կատարուած շնորհակալ գործը, ժխտականը դրականին վրայ չէ որ պիտի ազդէ, այլ ընդհակառակը, կատարուած գործը պիտի խթանէ ու քաջալերէ, փոխանակ լսելի դարձնելու վարժարանի մը փակման անհանդուրժելի լուրը։ Կրկին անգամ իմ մանկութենէս ի վեր խոնարհած մեծանուն ՀԲԸ Միութեան վաստակին առջեւ, այս անգամ արդէն տարեց հոգեւորական, հարց կու տամ մերօրեայ Բարեգործականի ղեկավարներուն ինչո՞ւ ընտրել դիւրին ճամբան։ Աւետարանի ճամբան դժուար ճամբան է զոր պէտք է ընտրենք, նուիրումի ճամբան։ Որպէս դարման հեռաւոր միւս դպրոցին միացումը կը ճշդուի, կարծելով ու հաւատացնելով որ հարիւրէն մէկը միայն թերեւս փրկուի եւ մնացեալները օտարութեան մատնուին։
Անպաշտօն ներկայ գրութիւնս չեմ համարձակիր յանուն Հայ Եկեղեցւոյ ուղղել համեստ հոգեւորականի հանգամանքովս։ Թող խօսին աւելի պատասխանատու անձինք եւ թող Տիրոջ ողորմութեամբ վերաքննուի առնուած որոշումը յանուն հայ դպրութեան։ Վերջապէս սփիւռքի ամենահոծ հայ համայնքը ճիշդ հոս է եւ ոչ այլուր։
ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ