Վերջերս, ՆՈՐ ՕՐ-ի աշխատակից Սեւան Տէր Պետրոսեան զրուցեց Կլենտէյլի հանրային վարժարաններու խորհուրդի անդամ Նայիրի Նահապետեանի հետ, երեխաներու համար ներդրումային կրթական հաշիւ բանալու որոշումին գծով։ Ստորեւ, կը ներկայացնենք քաղուածքներ այդ զրոյցէն։
ՆՈՐ ՕՐ
Կեանքի մէջ կը հանդիպինք մարդոց, որոնք ոգեշնչման եւ զարգացման աղբիւր կը հանդիսանան։ Ուսուցիչներ, որոնք իրենց ուսանողներուն երեւակայութիւնները կ՚ընդլայնեն եւ կը մղեն որ ուսումէն ստացած գաղափարները առնելէ ետք, յիշողութեան անկիւնները թաղելու տեղ` զանոնք գործադրելու եւ իրականացնելու մասին մտածեն։
UCLA համալսարանէն ներս Փրոֆ. Տանքըն Լինսիի կատարած հետազօտութիւններուն նուիրուած «Երեխաներու բարօրութիւնը» գիրքը կը գրաւէ Նայիրի Նահապետեանի միտքն ու սիրտը։ Երեխաներուն բարեկեցութեան մասին որոնումները հնարաւորութիւն կու տան անոնց օգնելու եւ աւելի լաւ ապագայ ապահովելու Ամերիկայի երիտասարդ սերունդներուն համար։ Յատկապէս, Նայիրիին հետաքրքրած է «Երեխաներու ապագայի ապահովութեան հաշիւի» գաղափարը, որ կը նմանի աւելի չափահասներու ընկերային ապահովագրութեան ծրագիրներուն։ Այս գաղափարը տարիներու ընթացքին Նայիրին ընդգրկած է իր քաղաքականութեան եւ առաքելութեան մէջ, հասցուցած է Քալիֆորնիոյ նահանգի խորհրդարան եւ անոր պատասխանատու մարմիններուն։ Անտեսելով զանազան խոչընդոտներ եւ ձախողութիւններ, տարիներ պայքարած է նման քաղաքականութիւն մը վարելու՝ իր պաշտօնին միջոցաւ։
Տարիներու տքնաջան աշխատանքի շնորհիւ, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի եւ անոր աշխատակազմին օգնութեամբ, վերջապէս Քալիֆորնիոյ նահանգի խորհրդարանը ընդունեց որդեգրել «Երեխաներու ապագայ ապահովութեան հաշիւի» գաղափարի՝ Նայիրի Նահապետեանի առաջարկութիւնը: 2019-2020 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ, շնորհիւ 200,000 տոլար արժողութեամբ դրամաշնորհին՝ 50 տոլար գումարով խնայողութեան հաշիւներ պիտի բացուին Կլենտէյլի առաջին դասարանի աշակերտներուն անունով, համալսարանի եւ բարձրագոյն ուսման շրջանի ծախսերը հոգալու նպատակով։ Կլենտէյլի Կրթութեան Միացեալ խորհուրդը առաջինն է որ պիտի գործադրէ “Every Kid Counts” ծրագիրը։
Նայիրի Նահապետեան առաջին անգամ այս ծրագիրը ներկայացուցած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանին, ապա նահանգապետ Կէյւըն Նիւսըմըն, միացաւ իր աջակցութեամբ ուր պետական պիւտճէին մէջ 25,000,000 տոլար ապահովուեցաւ: Այդ գումարը պիտի ներդրուի ուսման եւ զարգացման խնայողութեան հաշիւներուն մէջ։ Հոկտեմբերի սկիզբը նահանգապետը ստորագրեց թիւ 114 օրէնքը։ Այժմ այս ծրագիրը հասանելի է Քալիֆորնիոյ մէջ 2020 թուականին ծնած իւրաքանչիւր բնակիչի։
Այս գաղափարին որպէս աջակից եւ խորհրդատու, Նայիրի Նահապետեանի կարեւորագոյն նպատակը եղած է իրականացնել այս շատ կարեւոր նախաձեռնութիւնը։ Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ մանկութեան վաղ զարգացումը, գիտական յառաջդիմութիւնը եւ բարձրագոյն կրթութեան նկատմամբ ունեցած ակնկալիքները ինքնաբերաբար կ՚աճին երեխաներուն միտքերուն կամ ենթագիտակցութեան մէջ խնայողական հաշիւներու միջոցաւ։ Այս օրէնքով, Քալիֆորնիան, երկրին ամենամեծ նահանգներէն մէկը, իրական պարտաւորութիւն յանձն առած կ՚ըլլայ իւրաքանչիւր նորածինի օգնելու նպատակով։ Երեխաներուն համար հաստատօրէն հաւասար հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծուին ապագային եւ իւրաքանչիւր աշակերտ պիտի չխուսափի դէպի ուսում քայլեր առնելէ եւ հետեւաբար երազները իրականացնելէ, այլ բնականօրէն ուսումը կարեւոր արժէք մը պիտի ըլլայ անոր համար։ Հասարակութեան համար մեծ յաղթանակ է այս։
Երեխաներուն համար այս ծրագիրը սկիզբ առած է Ուաշինկթընի համալսարանի ընկերային զարգացման կեդրոնի շահագրգիռ անդամներուն կողմէ՝ հետազօտութիւններու շնորհիւ։ Անշուշտ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի հովանաւորութեամբ, անոր աշխատակազմին ջանքերով եւ Նայիրի Նահապետեանի հետամուտ խորհուրդներով պիտի շարունակուի ծրագրին պահպանումը։ Անմիջական ուշադրութիւն պիտի դարձուի գումարները աւելցնելու, հաղորդակցութեան միջոցներ ստեղծելու եւ ծրագիրը յառաջ տանելու նպատակով։
Ան նոյնպէս բազմաթիւ աշխատանքներ տարած է Կլենտէյլի հանրային դպրոցներէն ներս հայերէն լեզուի դասաւանդումը իրականացնելու համար: Այժմ, ծրագիր մը ունի որուն միջոցաւ միջնակարգի դասարաններու մէջ Ընդհանուր ազգաց պատմութեան դասանիւթը հայերէն լեզուով դասաւանդել. այսպիսով, աշակերտին հայերէն լեզուի բառապաշարը կը հարստանայ եւ հայերէնով արտայայտուելու հմտութիւն կ՚ունենայ:
Շնորհակալութիւն Նայիրիին եւ բոլոր անոնց, որոնք նախաձեռնող ոգիով համայն գաղութը եւ երկիրը կ՚առաջնորդեն, որպէսզի կերտուի առողջ եւ յաջողակ ապագայ սերունդ, համայնք եւ երկիր։ Մեծ պատիւ է հայ համայնքին համար, որ ունինք ձեզի նման առաջնորդներ։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ