Չորեքշաբթի, Ապրիլ 17, 2024

Շաբաթաթերթ

Պրպենք Բողոքի ցոյց

Կիրակի, 3 Նոյեմբերին, Ս. Պատարագէն ետք, Պրպենքի Առաջնորդարանի կառատան մէջ բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած էր ՀԲԸՄ-ի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի դռները բաց պահելու պահանջով։ Ինչպէս ծանօթ է, պաշտօնական յայտարարութեամբ վերջերս ծանուցուեցաւ, թէ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ այս վարժարանը պիտի միաձուլուի Քանոկա Փարք քաղաքի (Լոս Անճելըս) քոյր վարժարանին՝ Մանուկեան-Տեմիրճեանին հետ։

Հայ համայնքը անակնկալ այս լուրը ընդունեց վրդովումով, որ ծանր կացութեան մատնած է Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի դպրոցին լայն շրջանակը։

Կիրակի օրուան բողոքի ցոյցը բնական պոռթկում մըն էր, ցաւ մը, որուն մասնակից նախկին թէ ներկայ ծնողներ, աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ընդհանրապէս ազգային վարժարանի մը փակումով մտահոգ հայորդիներ կը պահանջէին, որպէսզի պատասխանատու մարմիններ եւ անձնաւորութիւններ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց տուած որոշումը եւ բաց պահեն Փասատինայի շրջանի միակ հայկական երկրորդական վարժարանը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ