Շաբաթ, 26 Հոկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ներկայութեամբ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Հովուապետ՝ Վեր. Պերճ Ճամպազեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Դեսպան Արմէն Բայբուրդեանի, Հոգեւոր Հովիւներու եւ գործիչներու, Փասատինայի Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներու, Ճօ Պաղտատլեանի (որ իր թեկնածութիւնը դրած է Փասատինայի Քաղաքապետական խորհուրդի 4-րդ ընտրատարածքի 2020-ի ընտրութիւններուն) եւ hոծ բազմութեան մը՝ համախմբուած Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի «Հենրի եւ Անայիս Տէրեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ նուիրուած Եկեղեցիի 97-րդ տարեդարձին։
Ճաշկերոյթը սկսաւ Կիլիկիա եկեղեցիի վարչութեան ատենապետ՝ Արա Ասիլեանի բարի գալուստի խօսքով։ Ապա, Արա Գուրուեան կատարեց ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներու երգեցողութիւնը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Եսթեր Ասիլեանի։
Օրուան հանդիսավարն էր՝ Եկեղեցւոյ վարչութեան անդամ Օրդ. Հելէն Հէյկ, որ ձեռնհասօրէն վարեց օրուան յայտագիրը։ Բացման աղօթքը կատարեց Վեր. Պերճ Ճամպազեան։
Գեղարուեստական յայտագրին ջութակի վրայ յատուկ նուագներով բաժին բերաւ՝ Օրդ. Մարի Հէյկ, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ Տիկ. Ալիս Տէր Գէորգեանի։
Ապա, Պրն. Արա Ասիլեան ուրախութեամբ յայտարարեց, Կիլիկիա եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամ եւ Եկեղեցւոյ երգչախումբի 46 երկար տարիներու վաստակաշատ խմբավար Արմէն Արոյեանի յիսուն հազար տոլարի իշխանական նուիրատուութիւնը Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցիի Երիտասարդաց կեդրոնին։
Օրուան բանախօսն էր՝ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Դեսպան Արմէն Բայբուրդեան։ Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ հայ ազգի իւրայատկութիւններուն, արժէքներուն, պապերու հաւատքին, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վիճակին, վարչապետ Փաշինեանի ԱՄՆ այցելութեան, հայրենադարձութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան մասին։
Որմէ ետք հրաւիրուեցաւ Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը, որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութեամբ անդրադարձաւ Ճաշկերոյթի ընթացքին բաժին բերողներուն, ներկաներուն եւ յատկապէս Արմէն Արոյեանին, իր իշխանական նուիրատուութեան համար։
Ապա Վեր. Մկրտիչեան, մասնաւորապէս անդրադարձաւ Դեսպան Բայբուրդեանի նուիրական եւ անշահախնդիր ծառայութիւններուն՝ թէ՛ Սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ ու ներկաներու ծափահարութիւններով բեմ հրաւիրեց եւ Եկեղեցիի անունով պարգեւատրեց զայն Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցիի «Խաչքար» գնահատանքով։
Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ ներկաներու Փառաբանութեան երգի երգեցողութեամբ եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի Առաքելական Օրհնութեան աղօթքով։
Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցի- Փասատինա