Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌՈՒՏԻԻ ՎԱՐՁԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ. Որքան արժած է Թրամփի՝ Ռուտի Ճուլիանիի ցանկութիւնը մեծազօրութեան ու դրամի

VERA BERGENGRUEN, BRIAN BENNETT

Ամերիկայի ամէնէն համբաւաւոր քաղաքապետին գործավարութեան ընթացքին, վերջին հինգ շաբաթները ակներեւ հանգրուան մը կը կազմեն։ Անցեալ 19 Սեպտեմբերին, CNN-ի վրայ բարձրագոռ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ռ. Ճուլիանի ուրացաւ, բայց 30 երկվայրկեան ետք ընդունեց, որ ինք կեդրոնական դեր ունեցած է նախագահ Տ. Թրամփի ճիգերուն կապակցութեամբ, որպէսզի օտար երկիր մը հետազօտէ 2020-ի նախագահութեան ընտրական իր գլխաւոր մրցակիցին՝ Ճօ Պայտընի գործունէութիւնը (Ուքրանիոյ մէջ)։ Հինգ օրեր ետք, հեռատեսիլի վրայ, եթերային երկխօսութեան մը ընթացքին, պոռացած է. «Լռէ՛, բթամիտ մարդ», փորձելով ժխտել իրեն վերագրուած շինծու ամբաստանութիւնները։

Կարգ մը մարդիկ մտահոգ են։ Ճուլիանիի երկարամեայ գործակիցը՝ Պեռնարտ Քերիք, հարց կու տայ ինքն իրեն, թէ «արդեօք լա՞ւ է վիճակը»։ Ուալթըր Մէք, որ ութսունական թուականներուն Ճուլիանիի հետ որպէս դատախազներ կը գործէին, Մէնհեթընի մէջ կազմակերպուած ոճրագործութեան դէմ, հարց կու տայ թէ իր գործակիցը նոյնը մնացա՞ծ է։ Նախկին ոստիկանապետ Քերիք, որ հետագային երեք տարիով բանտարկուեցաւ, պետական տուրքի խարդախութեամբ եւ այլ յանցանքներու համար, ըսած է թէ ներկայիս Ճուլիանի թեկնածու չըլլալով օգնէ պաշտօնի համար, «ձայնաւոր դարձած է»։

Ճուլիանի ժամանակ մը ամէնէն հիանալի դէմքերէն մէկն էր երկրին մէջ։ Նիւ Եորքի արագախօս քաղաքապետը, առատ հոմանուհիներով, նորաձեւ հագուածքով «Ենքի» մարզադաշտին առաջնակարգ օթեակի յաճախորդն էր։ Անիկա օրէնքի ու կանոնի քաղաքապետն էր, որ մաքրագործեց Time Square-ը։ Անիկա հանրապետական մըն էր, որ կը հաւատար զէնքի հակակշիռին ու «կէյ»երու իրաւունքներուն։ Ճուլիանի պարզապէս կը մարմնաւորէր Նիւ Եորք քաղաքը։ 9-11 Սեպտեմբերի աղէտին, երբ բոլոր ամերիկացիները իրենք զիրենք նիւեորքցի նկատեցին, ամբողջ երկրին քաղաքացիները իր քուէատուն դարձան։

Վերջին շրջանին, սակայն, յայտնաբերուած է անոր կեանքին մութ կողմը, ձերբազատուած անցեալին որդեգրած նսեմ արժէքներէն։ Հիմա որ Ներկայացուցիչներու Տան կողմէ ամբաստանութեան (impeachment) յանցանքները կը բացայայտուին, բոլոր վկաները կը նկարագրեն Ճուլիանին իբրեւ գլխաւոր դերակատարը Թրամփի վերագրուած օրինազանցութիւններուն, որոնք կրնան յանգիլ պատմական հետեւանքներու։

Յառաջ տարուող հետաքննութիւնները ցոյց կու տան, թէ Թրամփի ի նպաստ Ճուլիանիի գործունէութիւնները, յատկապէս վերջին 18 ամիսներուն, բռնադատած են (violated) ամերիկեան հասարակական կեանքին ամէնէն անգիր օրէնքը. կրնաս հետամուտ ըլլալ դրամ շահելու, կամ՝ քաղաքական ազդեցութեան ետեւէ ըլլալ, սակայն, ոչ միաժամանակ երկուքին ետեւէն։

Կար ժամանակ երբ Ճուլիանի վճարովի ճառեր կու տար, նոյն ատեն գործելով իբրեւ խորհրդատու այլազան գործունէութիւններու։ Անոր յաճախորդներու շարքին էին Քաթարը, Pharma-ն, ինչպէս նաեւ օտար անձնաւորութիւններ։ 2008-ին, կարճ ժամանակ մը, նախագահական թեկնածու ներկայանալէ ետք, ձախողելով, վերադարձաւ դրամ շահելու գործին։ 2018-ին, անոր տարեկան եկամուտը կը բարձրանար 5-էն 10 միլիոն տոլարի միջեւ։

Վերջին 18 ամիսներուն, երբ Թրամփ վարձած է զինք իբրեւ իր անձնական փաստաբանը 2018-ի Ապրիլէն իվեր, Ճուլիանի կը գործէ իբրեւ տեսակ մը անպաշտօն քարտուղար, միաժամանակ պահելով իր անձնական խորհրդատուի գործը։ Երկրէն դուրս, անիկա գործնապէս նկատուած է Ամերիկայի իրական բանագնացը, միաժամանակ ստանալով շահաբեր վարձատրութիւններ օտար պաշտօնատարներէ եւ առեւտրականներէ։

Պրն. նախագահը Ճուլիանին լիազօրեց դահլիճի անդամի վարկով։ Մայիսին, երբ Ուժանիւթի քարտուղար Ռիք Փերի մղեց Թրամփը հանդիպում ունենալու Ուքրանիոյ նորընտիր նախագահին հետ, Թրամփ պատասխանեց որ «իրենք երկուքով,– Ճուլիանիին հետ,– այցելութիւն տան»։ Լրացուցիչ կերպով, Պաշտպանութեան նախկին նախարար Ճոն Պոլթընի խորհրդական մը, Քոնկրէսի ամբաստանութեան քննիչներուն հաղորդեց, թէ Ճուլիանին զուգահեռաբար կը վարէր արտաքին ա՛յլ քաղաքականութիւն մը։ Մինչ այդ, Թրամփի իբրեւ անձնական փաստաբանը, Ճուլիանի թեքնիք կերպով անկախ քաղաքացի մըն էր, ձերբազատ մնալով երկարամեայ բարոյական օրէնքներէ, որոնք կ՚արգիլէին պետական պաշտօնատարները, հասարակական ծառայութիւնը օգտագործելու անձնական շահերու համար։

Այս ձեւով, Ճուլիանիի տնտեսական գոյավիճակը նախանձելի էր։ Պետական քարտուղար Մ. Փոմփէոյի ամսաթոշակը անցեալ տարի 210,700 տոլար էր։ Համաձայն «Նիւ Եորք Թայմզ»ի, անցնող վերջին երկու տարիներուն Ճուլիանիի ամսական եկամուտը շուրջ 230,000 տոլար էր, ու կը վարէր շռայլ կեանք մը. ունէր 6 տուներ, անձնական ճէթերու օգտագործում, անդամակցութիւն 11 country club-ներու։

Ըստ Ճուլիանիի սխալ բան մը չկար, երբ Թրամփի ներկայացուցիչ ըլլալով հանդերձ, միաժամանակ խորհրդատուութիւն կատարէր օտար յաճախորդներու, անշուշտ «առանց իրար խառնելու իմ ունեցած վերոյիշեալ իրաւասութիւնները»։

Ճուլիանին քննադատողները ճիշդ այս պարագան է, որ կը մատնանշեն։ Թրամփի հետ մերձեցումը երբ օգտագործուեցաւ իր անձնական գործին համար, հարց տուին թէ որո՞ւ շահերուն համար կ՚աշխատէր, ի՞ր, Ամերիկայի՞, Թրամփի՞։ Ճուլիանիի աշխատանքներուն մեծամասնութիւնը քօղարկուած կը մնայ. քիչեր միայն գիտեն, թէ օտարին ո՞ր շահերը իրեն կ՚երթան, թէ որքա՞ն կը վճարեն, կամ փոխարէնը ի՞նչ կը ստանան։

Թրամփի վարչամեքենան տագնապալի դարձնող Ճուլիանիի սքանտալները, մեծ մասամբ, սկիզբը անտեսուած են։ Անիկա կրնար գոհունակօրէն շարունակել իր գործը, բացի՝ Ուքրանիոյ հարցէն։

Ապրիլին, Ռոպըրթ Մուլըրի հրապարակային հետաքննութիւնները, Ներկայացուցիչներու Տան մէջ, իրենց աւարտին կը մօտենան։ Մուլըրի դէմ Ճուլիանիի սուր պայքարը, զինք աւելի մօտեցուց նախագահ Թրամփին։ Ճուլիանի յայտնեց, թէ Ուքրանիոյ մէջ յայտնաբերած էր նոր գայթակղութիւն մը։ Արդարեւ, այս կապակցութեամբ յառաջ կը քշուէին դաւադրական շարք մը տեսութիւններ։ Ասոնցմէ մէկը կ՚առնչուէր Ճօ Պայտընի տղուն՝ Հանթըրի։ Արդարեւ, այս վերջինը ուժաբանական ընկերութեան մը փոխտնօրէն նշանակուած էր կաշառակերութեամբ, Ճօ Պայտընի փոխնախագահութեան շրջանին։ Այս նոր գայթակղութիւնը խորապէս պաշարեց Թրամփը, երբ անիկա կը պատրաստուէր վերընտրութեան համար։

Խնդիրը սակայն խանգարուեցաւ, երբ Ճուլիանի փորձեց ապացուցանել իր յայտնաբերած (??) դաւադրական վերոյիշեալ տեսութիւնը։ Արդարեւ, Օգոստոս 2018-ին, Ճուլիանի գործակցութիւն հաստատած էր սովետ նախկին երկու գաղթականներու հետ, որոնք ձերբակալուած էին, ապօրինի կերպով օտար դրամանիշ օգտագործած ըլլալու համար ամերիկեան ընտրական աշխատանքներու ընթացքին։ Անոնց պաշտպան փաստաբանը ընդդիմացած էր հայթայթելու փաստաթուղթեր, ամբաստանութեան հետաքննութեան մարմինին։ Եզրակացութիւն. ամբաստանեալները օգնած էին Ճուլիանիին, որ իր կարգին Թրամփի համար կ՚աշխատէր։

Ներկայիս, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի եւ «Ուոլ Սթրիթ Ժըրնըլ»ի, Մենհեթընի դատախազը քննարկելու վրայ է Ճուլիանիին գործառնութիւնները Ուքրանիոյ մէջ, ներառեալ իր հանդիպումները պետական պաշտօնատարներու հետ։

 

(Շար. 1)

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Time» շաբաթաթերթի 11 Նոյեմբեր 2019-ի թիւ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ