Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Արժանի նշում «Սաթամեան» (Արտաւազդ) թատերախումբի հիմնադրութեան 40-ամեակի

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ «Սաթամեան» թատերախումբի վարչութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լոս Անճելըսի (Քանոկա Փարք) Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Նազարեան» համալիրի մարզասրահը ժամադրավայրը դարձած էր աւելի քան 450 միութենականներու եւ թատերասէրներու, նշելու «Սաթամեան» (նախկին «Արտաւազդ») թատերախումբին հիմնադրութեան 40-րդ տարեդարձը։ Օրը՝ Շաբաթ, 9 Նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 7։30-էն մինչեւ ուշ գիշեր։ Ներկաները վայելեցին օրուան ընթրիքը, ապա՝ գեղարուեստական յայտագիրը, գնահատագիրերու պաշտօնական տուչութիւնը եւ անխուսափելին՝ դերասան-բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի զուարճախօսութիւնը։

Բարի գալստեան եւ բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան։ Ան կարեւորեց թատերախումբին դերը հայ մշակոյթի եւ մանաւանդ հայոց լեզուի պահպանման մէջ (Տոքթ. Սիմոնեանի շահեկան եւ օրուան պատշաճ խօսքը ամբողջութեամբ տեսնել կողքի սիւնակներուն մէջ)։

«Թելունց» երաժշտանոցի սաներու, արուեստագիտուհի Սալբի Մայիլեանի եւ նոյնինքն Ռուբէն Թելունցի կատարումներով, ներկաները վայելեցին «Ծովից-ծով Հայաստան» երգը (խօսք եւ երաժշտութիւն՝ Ռ. Թելունցի)։ Սալբի Մայիլեան հանդէս եկաւ նաեւ «Արաքս», Աղջկայ երգ կատարումով, իսկ Թելունցի տիրապետող ձայնն ու ներկայութիւնը գեղարուեստական ծրագիրը հասցուց գագաթնակէտին, երբ մեներգեց «Լէպլէպիճի Հօր-հօր աղա» օփերէթէն Հօր-հօր աղայի մէկ հատուածը։

Դերասանապետ եւ բազմավաստակ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան եւ վարչութեան  ատենապետ Տոքթ. Գ. Սիմոնեան գնահատագիրեր բաշխեցին 10 եւ աւելի տարիներ «Սաթամեան» թատերախումբին ծառայած կամաւոր ու նուիրեալ հինգ դերասանի (Արամ Մուրադեան, Նարինէ Աւագեան, Արփի Սամուէլեան, Արփի Պալապանեան եւ Արի Լիպարիտեան) եւ մէկ քուլիսային կամաւորի (Ռաֆֆի Գալէմքէրեան), իսկ յատուկ չորս գնահատագիրեր ալ «Երկարամեայ վաստակ ունեցող» անձերու, որոնք  «Սաթամեան» («Արտաւազդ») թատերախումբէն ներս իրենց մնայուն դրոշմը ունին (Գէորգ Քէօշկէրեան, Ռուբէն Հարմանտայեան, Ալեքս Խուրշիտեան եւ Մանուկ Սաթամեան)։

Օրուան միջոցառման հովանաւորներ՝ տիարք Վարդան Նազիրեան եւ Նազարէթ Գեւոնեան շնորհակալագիրեր ստացան ձեռամբ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչական ժողովի անդամներ տիարք Սինան Սինանեանի եւ Երուանդ Տեմիրճեանի։

Գրիգոր Սաթամեան նշեց անունները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան անցեալի անդամներուն, որոնք եղած են հիմնադիրները եւ ողնայարը թատերախումբին։

Պահը հասած էր մեծարելու Գրիգոր Սաթամեանը, որ քառասուն տարիներ շարունակ իր կեանքը, ժամանակը, աշխատանքը եւ վայելքը սեպեց այս թատերախումբը, որ խորացած ըլլալով երգիծական գործերու եւ կատակերգութեան ժանրին մէջ, հայախօսութեան մունետիկը ըլլալուն կողքին, երեւան հանեց ու տակաւին պիտի շարունակէ հանել մեր կեանքի թերութիւնները, ծաղրել զանոնք, որպէսզի չկրկնուին այդ նոյն մարդ արարած կոչուողներուս կողմէ։

Սաթամեանի Պէյրութի տարիներու դասընկեր, Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանէն այլ արուեստագէտի մը՝ Տիգրան Էքիզեանին տրուած էր պատիւը յիշատակի դիմակ-արձանով պատուել օրուան մեծարեալը։ Էքիզեան, իր կարգին, ջերմացուց մթնոլորտը, իսկ մինչ այդ, երկար տարիներու վարչական անդամ եւ դերասան Գէորգ Քէօշկէրեան ընթերցեց Գրիգոր Սաթամեանը արժեւորող գնահատական խօսք մը։

Գրիգոր Սաթամեան արուեստագէտը գիտէ շարժել ակնդիրին եւ ունկնդիրին բոլոր մկանները։ Ժպիտն ու ծիծաղը անպակաս էին անոնց քով, որոնք վայելեցին Սաթամեանի ընդհանրապէս երէց սերունդին յատուկ կատակաբանութիւնները՝ առնուած իրական կեանքէն, իր իսկ օրինակներով։ Ան անգամ մը եւս եկաւ ապացուցելու, որ տաղանդը տարիք չի ճանչնար։ Վարձքդ կատա՛ր սիրելի Գօգօ, Գրիգոր, «ամմօ», հայրիկ, կամ պարզապէս՝ պարոն Սաթամեան։

Շնորհակալութեան մեծ բաժին մը կ՚իյնայ նաեւ ՀԲԸՄ «Սաթամեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանին եւ անդամներուն՝ Անի Գազանճեանին, Պետիկ Գալինճեանին, Նազարէթ Մուխթարեանին, Գէորգ Քէօշկէրեանին, Սոֆիա Էքշեանին, Պերճ Տէր Սահակեանին, Ճօուի Մոմճեանին եւ Սեւան Տէր Պետրոսեանին, որոնց աշխատանքին պտուղն էր 450-է աւելի ներկայութիւնը արուեստասէր հասարակութեան։ Վերջապէս, «Նազարեան» մարզասրահը այդ երեկոյ կարմիր եւ կապոյտ ժապաւէններով զարդարուած էր, ցուցադրուած էին թատերախումբի 40 երկար տարիներու տարբեր ելոյթներու լուսանկարներ եւ բեմը «զգեստաւորուած էր» ըստ պատշաճի՝ բոլորն ալ արուեստագէտ Մանուկ Սաթամեանի տքնաջան աշխատանքին շնորհիւ։

Բարի տարեդարձ եւ նորանոր նուաճումներ մեր սիրելի թատերախումբին։

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Սաթամեան թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանի բացման խօսքը

 

Քառասուն տարի առաջ գաղութը վերելքի մէջ էր: Միջին Արեւելքի գաղթօճախներէն դէպի Լոս Անճելըս հոսքը նոր աւիւն եւ եռանդ կը բերէր: Մարդիկ լաւատես էին եւ հաւատք ունէին ապագայի նկատմամբ: Ակումբներ կը կառուցուէին, թերթեր կը հիմնուէին, դպրոցներ կը բացուէին:

Հիմա, պատկերը փոխուած է: Ամէն օր ականատես կ՚ըլլանք արեւմտահայութեան յարատեւօրէն արագացող կազմալուծումին: Արեւմտահայերէնը կը խամրի եւ կը նահանջէ ամենուրէք: Կազմակերպութիւններ կը կորսնցնեն իրենց հայկական դիմագիծը: Թերթեր կը դադրին: Դպրոցներ կը փակուին:

Կ՚ըսուի թէ մեր ուժերը պետք է ամբողջութեանբ ուղղենք Հայաստան: Սակայն սիրելիներ, մեր փոքր հայրենիքը՝ իր դժուար դիրքով եւ ծով կարիքներով, երկար ժամանակ պէտք պիտի ունենայ իր աշխարհասփիւռ զաւակներուն նիւթական, բարոյական եւ քաղաքական նեցուկին: Ուժեղ սփիւռքը անփոխարենելի է հզօր Հայաստանի մը համար:

Կ՚ըսուի նաեւ, թէ լեզուն կարեւոր չէ, կը բաւէ հայկական ինքնութիւն եւ մշակոյթ պահել: Սակայն սիրելիներ, լեզուն գրաւականն է մշակոյթի: Չկայ արեւմտահայ մշակոյթ առանց արեւմտահայերէնի:

Սաթամեան թատերախումբը հիմնուած է եւ կը ծառայէ հայապահպանումի համար: Մեր հիմնական խնդիրը լեզուի՝ արեւմտահայերէնի հարցն է: Ազգի մը ինքնագիտակցութեան եւ մշակոյթի ամէնէն կենսական ազդակը լեզուն է անկասկած: Հետեւաբար, հայապահպանում՝ ամէն բանէ առաջ լեզուի պահպանում է: Իսկ լեզուները կ՚ապրին գործածուելով: Արեւմտահայերէնը բեմ հանելով եւ բեմի վրայ պահելով է որ մենք կը նպաստենք հայապահպանման:

Երբ խումբ մը նուիրեալներ, առաջնորդութեամբ Հայկ Մսըրլեանի, Գրիգոր Սաթամեանի եւ Բարսեղ Գարթալեանի,  ՀԲԸՄ-ի «Արտաւազդ» թատերախումբը կը հիմնէին 40 տարիներ առաջ, դժուար էր պատկերացնել այն մեծ դերը որ այս միաւորը պիտի խաղար մեր մշակութային կեանքին մէջ:

Անցեալ չորս տասնամեակներուն, մեր՝ նախ «Արտաւազդ» եւ ապա «Սաթամեան» թատերախումբը, աւելի քան 55 տարբեր ներկայացումներով, իր ամուր տեղը ապահովեց սփիւռքահայ թատրոնի պատմութեան մէջ:

40 տարուայ անշեղ ճանապարհ մը սփիւռքեան պայմաններու մէջ, սխրագործութիւն մըն է ինքնին: Թէ այս թատերախումբը 40 տարի ինչպէ՜ս տոկաց, ուռճացաւ եւ տակաւին կը դիմանայ, մինչ սաստիկ քամին իր շուրջ կը տապալէ ամէն բան…  երեք հիմնական պատճառներ կան.

– Առաջին պատճառը այդ յաջողութեան՝ դո՛ւք էք սիրելիներ: Մեր բարերարները, բարեկամները եւ թատերասէր հայորդիներդ:

– Երկրորդ պատճառը մեր յաջողութեան՝ մեր սրբազան խենդերն են, որոնք տուն- տեղ, գործ եւ ընտանիք ձգած, երկար ամիսներ կ՚աշխատին ներկայացում մը բեմ հանելու համար. մեր դերասանները, քուլիսին ետեւ աշխատող անձնակազմը, Բարեգործականի պաշտօնէութիւնը եւ մեր վարչական անդամները:

– Եւ վերջապէս, երրորդ պատճառը այս յաղթական երթին՝ այն անձն է, որուն տաղանդը, նուիրումը եւ տեսլականը հիմնաքարերն են մեր թատերախումբին՝ մեր բեմադրիչը՝ Գրիգոր Սաթամեանը:

Մենք բոլորս իրաւունք ունինք հպարտանալու մեր թատերախումբով եւ անոր իրագործումներով:  Սակայն մեր գործը աւարտած չէ: Ձեռք-ձեռքի տուած, տակաւին նորանոր ներկայացումներ բեմ պիտի հանենք, եւ երկար տարիներ վառ պիտի պահենք արեւմտահայ  թատրոնը:

Շնորհակալութիւն:

 

 

 

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ

 

Սիրելի Գրիգոր,

Ծառայութեան պատնէշին վրայ, կեանքդ եղաւ զոհաբերող մարտիկ մը, տարիներով՝ սիրով ու տենդով, հեզասահ ընթացքով, ծառայեցիր ու գեղազարդեցիր ՀԲԸՄ-ի միջոցաւ հայապահպանումի առաքելութեան՝ գեղատեսիլ ու հայաբոյր Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Եւրոպայի ու հետագային Հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ Քանատայի, Հարաւային Ամերիկայի տարածքին եւ այլուր։

ՀԲԸՄ-ի Սաթամեան թատերախումբի 40-ամեայ տարեդարձի տօնակատարութեան առիթով, կը փափաքիմ փոխանցել սրտագին շնորհաւորութիւններս մեր սիրելի ու տիտղոսաւոր շքանշանակիր՝ համբաւաւոր դերասանապետ ու տաղանդաւոր բեմադրիչ եւ դաստիարակ ուսուցիչ Գրիգոր Սաթամեանին, որուն հանրային ճանաչումի հռչակը՝ աշխարհացրիւ է՝ ի սփիւռս ու ի Հայաստան աշխարհի։

Սիրելի Գրիգոր, տարիներու ընթացքին դուն դարձար արուեստ փայլատակող աստղը՝ հայութեան երկնակամարին եւ պիտի մնաս ապառաժեայ խարիսխը սփիւռքահայ թատրոնին ու մշակոյթի պատմութեան։

Պատիւն արժանաւորաց,

Ջերմ զգացումներով,

ԹԱՏԵՐԱՍԷՐ ՄԸ

9 Նոյեմբեր 2019


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ