ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան
Մեր ճատրակորդուհիները Հար. Քալիֆորնիոյ ախոյեան, իսկ ֆութպոլի խումբը՝ անպարտելի ախոյեան
Եռուն է դպրոցական աշխարհը ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս։ Սովորական ուսումնական կեանքը կ՚ընթնանայ իր հունով, իսկ արտադասարանային եւ արտադպրոցական մշակութային, մարզական եւ այլազան ծրագիրներ մէկը միւս կը հրմշտկեն «պատերազմելով» դպրոցական օրացոյցին հետ։
Վերջերս, երեք մեծ յաջողութիւններ արձանագրուեցան, որոնք բարձրացուցին թէ՛ աշակերտներուն, թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ ալ վարժարանիս տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին «տիտանեան» ոգին։
Ա.- Աշակերտական մշակութային հիանալի յայտագիր
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 8-ի երեկոյեան, վարժարանիս «Աղաճանեան» սրահէն ներս շուրջ 300 ծնողներ եւ բարեկամներ ներկայ գտնուեցան հայ մշակութային երկու հսկաներու՝ Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-րդ տարեդարձներուն նուիրուած տօնական հանդէսին։ Միջնակարգ եւ բարձրագոյն դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին Կոմիտասի եւ Թումանեանի կեանքը լուսասահիկներու միջոցով, կատարեցին ընթերցումներ, հանդէս եկան թումանեանական քառեակներով, պարախումբի աղջիկները ներկայացուցին «Շուշիկի պարը» (պարուսոյց՝ Օրդ. Անայիս Աւանէսեան)։ Միջնակարգի երգչախումբը մեկնաբանեց «Հայաստան», «Երկինքն ամպել է», «Անձրեւ եկաւ», «Ամպի տակից» եւ «Համբարձում եայլա» խմբերգերը՝ մեր նոր ուսուցչուհիին՝ խմբավար Տիկ. Էլինա Աւանէսեանի ղեկավարութեամբ։
Գալով Նախակրթարանին, անվարան կարելի է ըսել, որ երկու ներկայացումներն ալ հիանալի էին։ Նախ, Նախակրթարանի երգչախումբը հանդէս եկաւ կոմիտասեան երգերու փունջով մը, գլխաւորութեամբ երաժշտութեան փորձաշատ ուսուցչուհի Օրդ. Արուս Անդրէասեանի։ Ապա, Օրդ. Զեփիւռ Տէմիրճեանի 4-րդ կարգի աշակերտները ներկայացուցին «Կոմիտաս» երգախառն թատերախաղը, մեծապէս տպաւորելով ներկաները։ Կոմիտաս վարդապետի պատանեկութեան եւ հասուն տարիքի երկու պատկերներով, փոքրիկ դերասանները մէկը միւսը գերազանցեցին բեմական ազատ արտայայտութիւններով։
Նոյնքան յաջող էր «Անխելք մարդը» հեքիաթը, որ Տիկ. Լիանա Յովհաննիսեանի 4-րդ կարգի աշակերտները մատուցեցին։ Այստեղ ալ, խօսքին ընկերացաւ պարային տեսարանը, յաւելեալ փայլք մը տալով աշակերտական խաղին։
Կեցցե՛ն աշակերտները, որոնք ինչպիսի՜ հնչեղութեամբ եւ հարազատօրէն խաղացին իրենց դերերը երկու բեմականացումներուն ընթացքին։ Շնորհակալութեան մեր խօսքը կ՚ուղղենք նաեւ հայերէնի զոյգ ուսուցչուհիներ՝ Օրդ. Տէմիրճեանին եւ Տիկ. Յովհաննիսեանին, հայերէնի նախակրթարանի ծրագիրը համակարգող Տիկ. Մարալ Ոսկեանին, երաժշտութեան ուսուցչուհի Օրդ. Արուս Անդրէասեանին, նախակրթարանի պարի դասարաններու պարուսոյց՝ Արա Մելքոնեանին, ինչպէս նաեւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի հայոց լեզուի բոլոր դասատուներուն անխտիր, որոնցմէ ամէն մէկը իր բաժինը ունեցաւ ընդհանուր յաջողութեան մէջ։
Բ. ՀԲԸՄ ՄՏՎ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ճատրակի ախոյեան
Ճատրակը (շախմատ) վերջին տարիներուն մեծ քայլերով կը յառաջդիմէ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Նախակրթարանէն ներս, շնորհիւ ճատրակի դասապահերուն եւ անոր ուսուցիչ-մարզիչ Պրն. Արթուր Աղաջանեանի ջանքերուն։ Վերջերս մեր փոքրիկ ճատրակորդուհիները նոր յաջողութեան հասան իրենց բաժանմունքին մէջ գրաւելով ամբողջ Հարաւային Քալիֆորնիոյ ախոյեանութիւնը Մանկապարտէզէն 3-րդ կարգերու եւ Մանկապարտէզէն 5-րդ կարգերու աղջիկներու մրցաշարքներուն, որոնք տեղի ունեցան Լոս Անճելըսի մէջ։
Յատկանշական է, որ մեր փոքրիկ ախոյեաններուն մրցանակները յանձնած է ԱՄՆ-ի եօթակի ախոյեան, ՖԻՏԷ-ի կրանտմասթըր Իրինա Քրուշ։
Գ. ՀԲԸՄ ՄՏՎ շահեցաւ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը՝ Flag Football League Champions
Մեր վարժարանի ամերիկեան ֆութպոլի խումբը վերջին տարիներուն միշտ բարելաւման մէջ գտնուելով, այս տարուան Flag Football League-ի ախոյեանութիւնը աւարտեցին առանց պարտութեան, տանելով 14 յաջորդական յաղթանակներ եւ նուաճելով պատուաւոր բաժակը։ Աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 31-ին, վարժարանի «Վիքթըրի փարք»-ի մարզադաշտին վրայ, որ նոյնպէս աւարտեցաւ ՀԲԸՄ ՄՏՎ-ի յաղթանակով։
Կը շնորհաւորենք մեր «Տիտանները» (Titans), մարզիչներ Ճէք Քէշիշեանն ու Սեւակ Գէորգեանը, ինչպէս նաեւ Մարզական բաժանմունքի պատասխանատու Սուրէն Արզումանեանը։
Նոյեմբեր 7-ին դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ բաժակի յանձման արարողութիւնը, ուր յուզիչ էր տեսնել 12-րդ աւարտական դասարանի մարզիկները, որոնք վերջին անգամ ըլլալով կը կրէին իրենց համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող մարզաշապիկները։
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ