Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հրապարակային քննարկում. ներկայ Հայաստանի իրավիճակը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային քննարկում, նիւթ ունենալով՝ «Ներկայ Հայաստանի յետ-թաւշեայ յեղափոխութեան արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ռազմաքաղաքական իրավիճակը»: Ազգային աւանդական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ՝ Փանոս Թիթիզեան (ՌԱԿ), Գրիգոր Խոտանեան (ՍԴՀԿ) եւ Ժան Գոսագեան (ՀՅԴ) նախ ներկայացուցին իրենց տեսակէտները, ապա, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան հմտօրէն վարեց հանդիպումը հարց-պատասխանի տարազին տակ: Ան նոյնպէս փոխանցեց իր մտորումները, կիսելով նաեւ դէպի Հայաստան եւ Արցախ կատարած իր վերջին այցելութիւններէն քաղած փորձը:

Յարգելի հիւրերը հպանցիկ ակնարկներով բաւարարուեցան, նկատի ունենալով, որ քննարկուող հարցերը շատ էին, իսկ ժամանակը՝ սահմանափակ:

Աւարտին, ներկաները համաձայն գտնուեցան, որ նման հանդիպումներ, տարբեր ձեւաչափերով եւ տարբեր սերունդներու միջեւ անհրաժեշտ են, միասնական ջանքերով լուծումներ առաջարկելու համահայկական տարողութիւն ունեցող հարցերու:

Ներկայ էին երեք կուսակցութիւններու ղեկավար ներկայացուցիչներ, ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոսի խորհրդական Էդգար Գրիգորեան եւ հարիւրեակ մը հայրենակիցներ: Հանդիպումը նախաձեռնութիւնն էր ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ ՆՈՐ ՕՐ-ի:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ