ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Կիրակի, 17 Նոյեմբերի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի «Վ. եւ Թ. Մանուկեան» կեդրոնի համանուն հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի երգչախումբին համերգը, որ զուգադիպեցաւ անոր առաջին տարեդարձին։
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետուհի՝ Տիկ. Թալին Եագուպեան, իսկ փակման շնորհակալական խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ վարչութեան ատենապետուհի՝ Տիկ. Կարինէ Սէօյլէմէզեան։
Խմբավարութեամբ մաէսթրա Գայիանէ Բաղտասարեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Շուշանա Յակոբեանի եւ նուագախումբի երաժիշտներուն, երգչախումբը աւելի քան մէկ ժամ շարունակ հոգեզմայլ ելոյթ մը ունեցաւ, մեծապէս բաւարարելով աւելի քան 600 ներկաները։
Կը շնորհաւորենք բոլորը՝ կազմակերպիչներ, երգչախումբի անդամներ, մենակատարներ, երաժիշտներ եւ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան ափի մեծ ընտանիքը, որուն մէկ օղակն է Լոս Անճելըսի երգչախումբը։
Այդ երեկոյ հնչեցին Կոմիտասի, Մ. Եկմալեանի, Ա. Տիգրանեանի, Կ. Օրբէլեանի, Ա. Բաբաջանեանի, Ռ. Ամիրխանեանի, Ա. Այվազեանի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ։