Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Բժ. Վարդան Թաշճեանի նորատիպ հատորի ներկայացում

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 17 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահը ժամադրավայրն էր շուրջ 200 գրասէր հասարակութեան, վայելելու բժիշկ Վարդան Թաշճեանի ինքնակենսագրական եւ յուշագրական պատումներով հարուստ «Գաղթակայանէն բժշկութիւն» հատորին նուիրուած ցերեկոյթը։

Հանդիսավար, իրաւաբան Անժելա Բարսեղեան յայտագրին մասնակիցները կը հրաւիրէր համեմելով իր խօսքը մէջբերումներով։ Ընթերցուեցան Արեւմտեան թեմի Էջմիածնական եւ անթիլիասական թեմերու առաջնորդներուն շնորհաւորական գիրերը, խօսք առին յարգելի մտաւորականներ Սարգիս Մահսերեճեանն ու Յարութ Տէր Դաւիթեանը։ Հատորը ներկայացուց Հրաչ Սեփեթճեան։ Գեղարուեստական ընդմիջումներ՝ երգչուհի Ալին Առուստամեանի կողմէ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Վահան Բզնունիի եւ կիթարի վրայ՝ Արա Տապանճեանի։ Անոնք մեկնաբանեցին Վարդան Թաշճեանի բառերով եւ Արմէն Մանդակունեանի երաժշտութեամբ երկու գործ։ Թաշճեանի կողմէ գրուած եւ անգլերէնի թարգմանուած բանաստեղծական կտորով մը հանդէս եկաւ բժշկուհի Ծովինար Թեքելեան-Քէօշքէրեան։

Աւարտին, շնորհակալական հակիրճ խօսք արտասանեց հեղինակը՝ Բժիշկ Վարդան Թաշճեան, իսկ շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի։ Ապա, տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած գինեձօնի արարողութիւնը։

Տոքթ. Թաշճեանի կեանքը եղած է սփիւռքահայու իրական պատկերը, որ Լիբանանի Պուրճ Համուտի Սանճաք կոչուող թիթեղածածկ հիւղաւանէն հասած է բժիշկի պատուաւոր կոչումին եւ ամբողջ կեանք մը տուած իր ժամանակէն, կարողութիւններէն, օգտակար հանդիսանալու իր շրջանակին, իր ժողովուրդին եւ համայն մարդկութեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ