ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.
270 էջերու մէջ ամփոփուած 4 ազգային-մշակութային բարձրագոյն մակարդակով նախաձեռնուած միջոցառումներու ներբողականներ են, որոնք կայացած են Պէյրութի, Երեւանի, Պոլսոյ եւ Կիպրոսի մէջ: Իսկ բոլոր ձեռնարկները պատրաստուած են Լիբանանի «Ծաղիկ» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի խմբագրապետ Յակոբ Տիւնեայեանի աշխատանքով, նաեւ ճանչցուած՝ Ասպետ Ռուբինեան անունով:
Միջոցառումները նուիրուած են բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակին, ինչպէս կը նշէ խորագիրը, հոգեշնչելու համար հայ բանաստեղծութեան «իշխան» Վահան Թէքէեանին կեանքն ու գործունէութիւնը:
Հայերէն լեզուի, խօսքի եւ գիրի զտարիւն եւ բարձրեալ հեղինակութիւն մը, ուր տեղ գտած են հայոց լեզուի եւ գրականութեան արուեստագէտներու հոյլի մը բանախօսութիւնները եւ սրտի խօսքերը:
Գիրքի յառաջաբանով Յակոբ Տիւնեայեան կը ներկայացնէ Վահան Թէքէեան բանաստեղծը, ազգային գործիչը, ուսուցիչն ու այն ՄԱՐԴԸ, որ տառապելով իր ազգի ցաւով, ցասումով արտայայտեց այն իր գիրով ու անխոնջ թափառումով երկրէ երկիր, «չմեռած տեսնելու համար թուրքին արդա՛ր պատուհասը»:
Գիրքին մեկենասն է Տիար Կարապետ Պապահէքեան:
Յիշատակութեան առաջին միջոցառումը տեղի ունեցած է Պէյրութի մէջ, 7 Ապրիլ 2018-ին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան համալիրին մէջ, օրուան գլխաւոր բանախօս ունենալով գրականագէտ, բանասէր եւ խմբագիր Դոկտ. Վաչէ Ղազարեան, որ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած էր յատուկ այդ առիթով։
Երկրորդ միջոցառումը տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ, 13 Հոկտեմբեր 2018-ին, գլխաւոր բանախօս ունենալով ՀՀ Մշակոյթի փոխնախարար Վահէ Բուդումեան: Երրորդ միջոցառումը կատարուած է Կիպրոսի մէջ 22 Դեկտեմբեր 2018-ին գլխաւոր բանախօս ունենալով Յակոբ Տիւնեայեան՝ ժամանելով Պէյրութէն: Իսկ չորորդ հանդիսութիւնը տեղի ունեցած է Պոլսոյ մէջ, «Մարմարա»ի խմբագիր Ռոպեր Հատտէճեանի բանախօսութեամբ:
Չորս ակնառու բանախօսներուն խօսքերը, առաւել Լոնտոնի Թէքէեան խնամակալ մարմնի քարտուղար Վարդան Ուզունեանի, գիրքի մեկենաս՝ Կարապետ Պապահէքեանի եւ բոլոր սրտի խօսքի տէրերուն ու միջոցառումներուն գեղարուեստական յայտագրին մասնակցող արուեստագէտները եւ հաղորդավարները ունին իրենց ուրոյն յատկութիւններն ու հմայքը արտայայտուելու համար «Բանաստեղծներու իշխան» Վահան Թէքէեանին թափառական թէ տառապեալ կեանքին, ազգային, մշակութային ու գրական վաստակին մասին:
Գիրքը կը ներկայացնէ այդ բոլորը իր գեղազարդ կազմով ու տպագրութեամբ:
Վահան Թէքէեանի ոգին հաստատօրէն, ամէնուրեք պիտի սաւառնէր այսօրուան առումով իր խօսքերու թեւերով՝ «Կրնա՞ն կուսակցութիւնները մաքրուիլ, զտուիլ եսասիրութենէ….»:
«Կը գանգատինք մեր անմիաբանութենէն, բայց ինչպէս ուրիշ ամէն տեղ՝ հոս ալ հետամուտ չենք իրականութեան թափանցելու, գիտնալու թէ ինչի՞ մէջ կը կայանայ այդ անմիաբանութիւնը»:
Աւելի քան 70 տարուան խօսքեր, որոնք տակաւին կը հնչեն թարմ, շատ թարմ:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ