Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Մասնակցի՛նք Թելեթոն 2019-ին

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այսօր՝ Հինգշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2019-ին տեղի կ՚ունենայ ամենամեայ հեռուստամարաթոնը՝ Թելեթոնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, օժանդակելու Հայաստանի եւ Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կարիքներուն։ Այս տարի նիւթական մեր միջոցները պիտի ուղղուին խմելու մաքուր ջուրի եւ արեւային ուժի ուղղութեամբ։

 

«Ես իմ անուշ Հայաստանի» լոզունգին տակ ուշադրութեան կեդրոնն են Արցախը եւ Հայաստանի հիւսիսային երեք մարզերը՝ Լոռին, Տաւուշը եւ Շիրակը։

 

Արցախի եւ այս երեք մարզերուն բնակիչները հողին կապելու կարեւորագոյն հարցերէն երկուքը խմելու ջուրի մատակարարումն է՝ հասնելու բոլոր տուներէն ներս, ինչպէս նաեւ արեւային ուժէն առաւելագոյն չափով օգտուիլը՝ սահմանամերձ բոլոր գիւղերուն եւ աւաններուն մէջ։

 

«Ջուրի պակասին պատճառով, տակաւին լուրջ մարտահրաւէրներ կան Հայաստանի ու Արցախի սահմանամերձ համայնքներու զարգացման համար», կը գրէ «Հայաստան» հիմնադրամ ու կը շարունակէ. «Հիմնադրամը կը ծրագրէ մաքուր խմելիք ջուրի համակարգեր ստեղծել՝ օրական 24 ժամ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին ջուր հայթայթելու համար»։ Հիմնադրամը պիտի շարունակէ նաեւ ոռոգման ջուրի ցանցեր կառուցել՝ մեծապէս խթանելով երկրագործութեան զարգացումն ու նոր գործերու ստեղծումը։

 

Գալով արեւային ուժը ճշգրտօրէն օգտագործելու խնդիրին, «արեւային վահանակներ պիտի զետեղուին հանրային շէնքերու, դպրոցներու, հիւանդանոցներու, համայնքային կեդրոններու եւ մանկապարտէզներու վրայ։ Այս ծրագրին շնորհիւ, հեռաւոր ու սահմանամերձ համայնքներու մէջ հանրային հաստատութիւններու ելեկտրական ծախսերը մեծապէս պիտի նուազին, ու հետեւաբար նիւթական խնայողութիւնը պիտի ներդրուի համայնքներու պիւտճէներուն մէջ», կը փոխանցէ «Հայաստան» հիմնադրամը։

ՄԱՍՆԱԿՑԻ՛ՆՔ ՀԱՅՐԵՆԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒԻՆ։

ՆՈՐ ՕՐ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ