Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- NEAL KATYAL, SAM KOPPELMAN

Երեւակայեցէք պահ մը, թէ մեր նախագահը, իբրեւ ընդհանուր հրամանատարը երկրին, փորձած է օտար երկրի մը ղեկավարը համոզել, որ հետաքննութիւն մը կատարէ իր հակառակորդին (Ճօ Պայտընի) մասին, որուն իբրեւ հետեւանք այս վերջինը զրկելու համար նախագահական թեկնածութենէ։

 

Այս նախաձեռնութեան պատճառով, Պրն. նախագահը պիտի ունենայ աւելի տկար մրցակից մը, յաղթական հանդիսանալու ակնկալութեամբ 2020-ի ընտրութեանց։ Այն ատեն, իր վերընտրութիւնը պիտի պարտի օտար երկրի մը։ Եւ, այդ երկրին ղեկավարները որքա՜ն ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր արտաքին քաղաքականութեան որոշումներուն վրայ։

 

Երեւակայեցէք, որքան դիւրութեամբ կարելի է շանթաժ ընել մեր երկրի առաջնորդին։ Երեւակայեցէք, ինչ պիտի ըլլայ մեր նախագահին յաջորդ քայլը, գիտակցելով որ կրնայ տապալել երկրին ժողովրդավարութիւնը առանց պատժուելու։

 

Նախագահ Թրամփի ճիգերը, մղելու Ուքրանիան միջամտելու ամերիկեան ժողովրդավարութեան ընթացքին, եթէ գաղտնի մնացած ըլլար մինչեւ 2020-ի ընտրութիւնները, եւ եթէ չբացայայտուէր լուրը բացայայտող «մատնիչի» մը (Whistle-blower) կողմէ, հիմնականօրէն (թերեւս անդարձ) պիտի կորսնցնէինք հաւատքը մեր հանրապետութեան օրինաւորութեան հանդէպ։

 

Այս պատճառով, այլընտրանքը չունինք, եթէ ոչ, ամբաստանելու եւ պաշտօնանկ ընելու Պրն. Թրամփը։ Որովհետեւ անիկա կ՚ուզէ ականահարել (undermine) մեր ժողովրդավարութիւնը, օժանդակելով իր վերընտրութեան հեռանկարին։ Որովհետեւ անիկա ջատագովօրէն յայտարարած էր, թէ դարձեալ նոյն ձեւով պիտի գործէ, տրուած ըլլալով որ իր պաշտօնին իրաւասութիւնները կ՚օգտագործէր իր անձնական շահերուն համար, փոխանակ՝ ժողովուրդին։ Ու նման նախագահի մը, որ իր շահերը գերադաս կը նկատէ իր ժողովուրդէն, մեր սահմանադրութեան մէջ ամբաստանութիւն (impeachment) նախատեսուած է անոր հեռացումին համար։

 

Մեր սահմանադրութեան Բ. յօդուածին Դ. պարբերութիւնը կ՚ուրուագծէ, թէ ինչ օրինազանցումներ (յանցանքներ) կը վճռեն նախագահ մը պաշտօնանկ ընելու համար.- «նախագահը… պէտք է պաշտօնէ հեռացուի, եթէ ամբաստանուի… դաւաճանութեամբ, կաշառակերութեամբ, կամ՝ մեծ ոճիրներով ու վատաբարոյութեամբ…»։


Ասկէ հարց կը ծագի. ի՞նչ բանը, ճշդօրէն, մեծ ոճիր է կամ վատաբարոյութիւն։

Պատասխանը ձեր ակնկալածը չէ։ Մեծ ոճիրները կամ վատաբարոյութիւնները անպայմանօրէն ոճրային օրինագիրքին կողմէ սահմանուած յանցանքները չեն։ Ո՛չ ալ բոլոր ոճիրները, որոնք ցուցակագրուած են օրինագիրքին մէջ, մեծ ոճիրներ կամ վատաբարոյութիւններ (misdemeanor) են։ Մեծ ոճիր նկատուած է կաշառակերութիւնը, որ նոյնիսկ յիշատակուած չէր սահմանադրութիւնը գրուած ատեն։

 

Մեր սահմանադրութեան հիմնադիրները, թէեւ երբեք ակնյայտօրէն չեն սահմանած այդ եզրը, համախոհութիւն մը (consensus) գոյացած է, թէ ինչը կը նկատուի բարձր ոճիր մը, կամ՝ վատաբարոյութիւն մը։ Նոյնինքն փոխնախագահ Մայք Փենսը, 2008-ին, երբ քոնկրէսի անդամ էր տակաւին, յայտնած է. «Վատ ոճիրները ու վատաբարոյութիւնները ճշդելու պարագային, հարց տալու ենք, թէ իբրեւ Մ. Նահանգներու նախագահ ծառայողը իր շահերը… առաջնահե՞րթ կը նկատէ հանրային ծառայութենէն»։


Պրն. Թրամփի վարմունքը, Ուքրանիոյ հարցով միայն, յանցաւոր է, նման վստահութեան երեք զեղծումներով։ Պրն. Թրամփին առաջին զեղծումը վստահութեան, հրաւիրել էր օտար ուժ մը միջամուխ ըլլալու մեր ժողովրդավարութեան։ Արդարեւ, Ճորճ Ուաշինկթըն իր հրաժեշտի ճառին մէջ ըսած էր. «Օտար ազդեցութիւնը ամէնէն վնասակար թշնամին է հանրապետական կառավարութեան»։ Մինչ Ճէյմս Մետիսըն առաջարկած է, որ ամբաստանումը (impeachment) մաս կազմէ Սահմանադրութեան, այն բացայայտ նպատակով, թէ որեւէ նախագահ «չդաւաճանէր իր վստահութեան նկատմամբ օտար ուժերու»։


Այնպէս որ, Թրամփ ոչ միայն յանցաւոր է ամբաստանութեամբ, իր ճիգերը Ուքրանիան քաջալերելու, որպէսզի Ճօ Պայտընը հետաքննութեան ենթարկուի, յանցանքի համազօր ամբաստանութիւն մըն է։ Երկրորդը, առաջարկած կաշառակերութիւնն է։ Այս վերջին պարագային, կը մնայ փաստել, որ Թրամփ, հեռաձայնային խօսակցութեան մը ատեն, խոստացած է տրամադրել «Ճեվըլին» հակահրասայլային հրթիռներ, իրեն կատարուելիք շնորհին փոխարէն, որպէսզի քննարկում կատարուի Ճօ Պայտընի մասին՝ 2016-ի ընտրութեանց ատեն։

 

Թրամփի վարչակարգին պաշտօնատարները վկայած են, որ Պրն. նախագահը 391 միլիոն տոլարի յատկացումը Ուքրանիոյ, ժամանակաւորապէս առկախած է, պայմանաւորելով Ճօ Պայտընի հանդէպ բացուելիք հետաքննութեամբ։ Ուքրանիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպան Կորտըն Սոնտրլենտ վկայած է, թէ վերոյիշեալ առկախումը պայմանաւորութիւն մըն էր, Պայտընի հանդէպ բացուելիք հետաքննութեամբ։

 

Երրորդը, արդարութեան խափանումն է, որ նոյնպէս ամբաստանութեան արժանի է, ինչպէս որ Ռիչըրտ Նիքսընի պարագային էր։ Այս վերջինը լուր չունէր Watergate-ի գողութենէն։ Անիկա ամբաստանուեցաւ ծածկելուն համար գողութիւնը։ Նոյնը կատարելու վրայ է Թրամփը. ասիկա մերժեց գործակցիլ ամբաստանութեան դատավարութեան հետ, եւ այլազաններու արգիլեց վկայութիւն կատարել, եւ անտեսեց դատակոչերը (subpoenas)։

 

Ամբաստանութեան վերոյիշեալ օրինազանցութիւնները կը յանգին միակ ճշմարտութեան մը. հարցուր թէ օտար երկիր մը ի՞նչ կրնայ ընել քեզի, քու սեփական երկրիդ, հայրենիքիդ համար։


Սակայն, Թրամփ կրկին ու կրկին անգամ ապացուցած է, թէ անիկա հետամուտ է խարդախելու ընտրութեան արդիւնքները ի նպաստ իրեն, նոյնիսկ օտար տէրութեան մը օգնութեամբ, ականահարելու համար մեր ժողովրդավարութիւնը։

 

Մինչ այդ, որեւէ հաւաստիք չկայ, որ ան ամբաստանուի (impeached)։ Թրամփ պիտի հեռացուի, ոչ թէ Սահամանդրութեան Բ. յօդուածի, չորրորդ ենթաբաժնի օրէնքով, այլ քոնկրէսականներու կողմէ, որոնք խիզախ են եւ թէ թերի կողմեր ունին, ինչպէս մեզմէ իւրաքաչիւրը։ Եւ ասոնք կարիքն ունին քուէարկողներու օժանդակութեան, որպէսզի արդար շարժին։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Թայմ» շաբաթաթերթ, 18 Նոյեմբեր 2019

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ