Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի տարօրինակութիւններէն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, ստորեւ նշուած երկու պատմութիւններն ալ՝ թէեւ տարբեր երկիրներէ եկած, առնչութիւն ունին օդանաւի հետ։ Խնդրեմ հետեւեցէք։

 

Օդանաւի տարօրինակ ճամբորդը…


Այս դէպքը պատահած է Ամերիկայի մէջ։ Ապրէա Հէնսլի կը ճամբորդէր Շիքակոյէն դէպի Նէպրասքա նահանգի Օմահա քաղաքը։ Մինչեւ հոս՝ տարօրինակ ոչ մէկ դէպք։ Սակայն եկուր տես որ տիկին Հէնսլիի հետ կը ճամբորդէր նաեւ իր ընկերակից փոքր հասակի ձի մը (miniature horse), Flirty (տեսնել նկարը) անունով։

 

Flirty` եօթը տարեկան ծառայողական ձի (service horse) մըն է, որ 2017-էն ի վեր կ՚ընկերակցի տիկին Հէնսլիի՝ զգուշացնելով անոր առողջապահական կարիքները եւ օժանդակելով անոր, երբ ան հարկադրուի քալել։ Անոնք կ՚երթային այցելելու տիկին Հէնսլիի մօրաքրոջ։

 

Հիմա ինծի համար հարցականը հետեւեալն է։ Մենք գիտենք թէ ծառայողական շուներ կան, որոնք կ՚օգնեն իրենց հոգածութեան յանձուած մարդկանց։ Անոնք դաստիարակուած են այդ պարտականութեան համար եւ պէտք է ըսել որ շատ լաւ գործ կը տեսնեն։

 

Ինչո՞ւ չօգտուիլ մարզուած շուներու ծառայութեէն եւ նախընտրել փոքր ձի մը՝ այդ նոյն պարտականութեան համար։ Միտքս կու գայ ամերիկեան ասացուածք մը որ կ՚ըսէ, “To each, his own”։

 

Իսկ ամենահետաքրքրական երեւոյթը հետեւեալն է։ Ի՞նչ պիտի ընէ այդ ձին՝ երբ իր միզելը գայ։ Մենք գիտենք որ շուները մարզուած կ՚ըլլան այդ ուղղութեամբ եւ կրնան ինքզինքնին զսպել ժամեր շարունակ։ Բայց ձիե՞րը, չեմ գիտեր…

 

Հոս պէտք է աւելցնեմ, որ տիկին Հէնսլի առանձին չէ որ ընտանի ձի մը ունի իրեն ընկերացող։ Արդարեւ, հեռատեսիլի նշանաւոր աստղերէն Քելի Գուագոն (The Big Bang Theory) ալ ունի ընտանի ձի մը, որուն համար ան կ՚ըսէ թէ իր «հոգեհատոր»ն (soul mate) է։    

 

Վարտալապօնպա…

Այս դէպքը պատահած է Բրիտանիոյ մէջ։ Գիտենք թէ Միացեալ Թագաւորութիւնը կը բաղկանայ չորս երկիրներէ՝ Անգլիա, Սկովտիա, Ուէյլս եւ Հիւսիսային Իռլանտա։

 

Ուրեմն, երգիչ մը՝ Ճէյմս Մըքէլվըր անունով, կը ճամբորդէր Լոնտոնէն Սկովտիոյ Կլասքօ քաղաքը։ Հետը առած պայուսակին համար “Easy Jet” ընկերութիւնը իրմէ պահանջած է 45 փաունտ։ Ճէյմս, որպէսզի չվճարէ պայուսակին գինը, մէջի բոլոր հագուստները վրան հագած է եւ պայուսակը մէկ կողմ նետած։

 

Իսկ ի՞նչ է վրան հագածը. վեց շապիկ, երեք ճինս տեսակի տաբատ, չորս մարզական հագուստ (jumpers), երկու վազքի տաբատ (jogging bottoms), եւ երկու բաճկոն… (կցուած նկարը կը բացատրէ ամէն ինչ)։

 

Հոս փակագիծ մը բանալով պէտք է բացատրեմ, թէ ինչո՞ւ այս յօդուածին վերնագիրը «Վարտալապօնպա» կոչեցի։ Յիշեցի «Վարտալապօնպա» կամ «Դդումի վաճառականը», որ մէկ արարնոց զաւեշտ մըն է եւ որուն հեղինակն է Անայիս Եալտըզճեանը։

 

Վերոյիշեալ զաւեշտին հերոսն է՝ ինչպէս կռահեցիք, դդումի վաճառական մը, որ գիւղէն Պոլիս կու գայ առեւտուր ընելու։ Ան երբ պանդոկ կ՚երթայ՝ կը սկսի հանուիլ եւ մեր դէպքին երգիչին նման ան հագած էր մի քանի տաբատ, շապիկ, բաճկոն եւ անշուշտ հաստ վերարկու մը…

 

Վերադառնալով մեր պատմութեան, մեր երգիչին մարմնի տաքութիւնը այնքան կը բարձրանայ, որ ան ուշակորոյս կ՚իյնայ։ Օդանաւի սպասարկուները զինք անմիջապէս կը փոխադրեն օդանաւի յետսամասը եւ կ՚օգնեն որ ան հանէ բոլոր «աւելորդ» հագուստները։ Այսպէսով՝ ան կը վերագտնէ իր առողջութիւնը։

 

Կրնա՞ք երեւակայել, թէ մարդիկ ի՜նչ խոտոր միջոցներու կը դիմեն՝ որպէսզի դրամ խնայեն։ Ըստ ինծի, այդ խնայողութիւնը պէտք չէ ըլլայ ի գին առողջութեան վատթարացման, չէ՞ք խորհիր…      

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ