Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ԹՄՄ-ի 35-րդ համագումարը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

 

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի 35-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2019-ին, Պոսթոն քաղաքի մերձակայ՝ Ուոթըրթաունի ԹՄ Միութեան Պայքարի վերանորոգուած շէնքին մէջ։ Պատգամաւորներ եկած էին Մոնթրէալի, Տիթրոյթի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի եւ անշուշտ Պոսթոնի մասնաճիւղերէն։

 

Ուրբաթ գիշեր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն՝ կազմակերպուած տեղւոյն մասնաճիւղին կողմէ, որպէսզի պատգամաւորները առիթը ունենային իրար ծանօթանալու եւ հին յուշեր վերանորոգելու։

 

Շաբաթ առաւօտ՝ համագումարի նիստերը չսկսած, պատգամաւորները ուղղուեցան դէպի Ուոլթհէմի գերեզմանատունը, յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու հանգուցեալ Դոկտ. Նուպար Պէրպէրեանին։ Հոն՝ հանգուցեալի շիրիմին վրայ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հոգեպարար արարողութիւն, կատարողութեամբ արժանապատիւ Տէր Առաքել քահանայ Ալճալեանի։ Սա կարծես ուխտագնացութիւն մըն էր ԹՄ Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան հիմնադիր անդամի գերեզմանին։

 

Շաբաթ առաւօտեան նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ ի յարգանք մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած սիրելիներուն։ Անկէ ետք ընթացք առաւ ժողովը՝ պատգամաւորներու ստուգումով եւ ապա մէկ առ մէկ մասնաճիւղերը ներկայացուցին իրենց տարեկան նիւթա-բարոյական տեղեկագիրները։ Յայտարարուեցաւ որ Արեւմտեան Ափը պիտի ունենայ իր Գործադիր-տնօրէնը՝ յանձին Մայտա Քիւրէճեանի, որ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 2 Յունուար 2020-ին։

 

Ճաշի դադարէն ետք, ժողովը շարունակուեցաւ։ Ընտրուեցան Բանաձեւերու եւ Ընտրողական ցանկի յանձնախումբեր, որոնք մեկուսանալով՝ կատարեցին իրենց յանձնարարուած գործը եւ վերադառնալով, ներկայացուցին իրենց տեղեկագիրները։

 

Բանաձեւերու յանձնախումբը բարձր գնահատեց Կեդրոնական վարչութեան գործունէութիւնը՝ յատկապէս երկու նոր մասնաճիւղ (Մեծագոյն Լոս Անճելըս եւ Պոսթոն) հաստատելուն համար։ Ինչպէս նաեւ Մոնթրէալի մասնաճիւղին տարած շինարարական աշխատանքը, վերանորոգելով ԹՄ Միութեան Բերձորի (Արցախ) դպրոցին դասարանները։ Այս տարի, «Տիգրան Սիմսարեան Բաժակը» յանձնուեցաւ Տիթրոյթի մասնաճիւղին՝ որոնք առաջին անգամ ըլլալով կ՚արժանանային այդ պատիւին։

 

Իսկ Ընտրողական յանձնախումբի թելադրութեամբ, ԹՄ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ոչ-մնայուն անդամ վերընտրուեցան Պերճ Մանուկեանը՝ Մոնթրէալի մասնաճիւղէն եւ Գէորգ Քէօշկէրեանը՝ Փասատինա-Կլենտէյլի մասնաճիւղէն։ Ինչպէս նաեւ Քարլ Պարտագեանը՝ Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն։ Հոս պէտք է յիշել, որ Կեդրոնական վարչութիւնը ունի նաեւ տասը մնայուն անդամներ։

 

Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ համագումարի եզրափակիչ ճաշկերոյթը, կազմակերպութեամբ տեղւոյն վարչութեան։ Ճաշը օրհնեց հոգեշնորհ հայր Նորայր Վրդ. Գազազեանը։ Ան աշակերտած է Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանը եւ ապա գացած Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը։ Տիթրոյթի մասնաճիւղը վերանորոգուած կեդրոնին նուիրեց Վահան Թէքէեանի մեծադիր իւղանկարը, գործ՝ Ոիլիըմ Տէրեանի։

 

Ընթրիքի սպասարկութենէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր։ Արհեստավարժ ջութակահար մոնթրէալաբնակ Նունէ Մելիք գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց Կոմիտասի Ծիրանի Ծառն ու Քելէ, Ցոլերը։ Իսկ ներկաներու բուռն փափաքին վրայ, ան նաեւ նուագեց Վաղարշապատի պարը, հիացում պատճառելով բոլորին։

 

Դարձեալ Մոթրէալէն՝ Քլովի Պալեան (թոռը ՀԲԸ Միութեան վարժարանի երբեմնի տնօրէնուհի Վարդուհի Պալեանի) ապրումով երգեց «Ես լսեցի մի անոյշ ձայն» եւ Նաթ Քինկ Քոլի “Nature Boy” ժողովրդական սիրուած երգը։

 

Իսկ Պոսթոնի մասնաճիւղէն Սարգիս Գաւլաքեան արտասանեց իր յօրինած ստեղծագործութիւններէն «Երկիր Հայաստան» եւ «Հայրենիք»  բանաստեղծութիւնները։

 

Պոսթոնի մասնաճիւղը յատուկ գնահատագրերով պատուեց իր անդամներէն Յաբէթ Թորոսեանն ու ճարտարապետ Նորայր Խրլոբեանը։ Այսպէս, շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, աւարտեցան 35-րդ համագումարի գործունէութիւնները։      

 

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ