Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Յուշագրական. «ՄԻ ՐՈՊԷ», ԱՐՍԷՆ (ՍԱՅԵԱՆ) ՋԱՆ…

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.

 

1965-ին, յատկանշական տարի էր սփիւռքահայ ուսանողներուս համար, որոնք բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունուելու հայրենական բարձրագոյն-համալսարանական-կրթական կառոյցներ։

 

Անշուշտ, առ այդ, սփիւռքահայ ուսանողներ կը յաճախէին հայաստանեան համալսարաններ, սակայն, համեմատաբար, քիչ թիւով, մինչ՝ մեր ժամանակաշրջանին, այդ թիւը մեծ ոստում կրեց (օրինակ՝ միայն Լիբանանէն շուրջ 55 հոգի), իսկ յետագային, թեկնածուներուն քանակը շարունակուեցաւ աճ արձանագրել։

 

Մեր իջեւանած «տուն»ը՝ հանրակացարանը, Մաշտոցի անուան Մատենադարանի եւ Կինօ «Նայիրի»ի կիցն էր, որ կը նկատուէր քաղաքամայրի ամէնէն նշանաւոր վայրերէն մէկը։

 

Ուսանողներու մեծ մասը զիրար չէր ճանչնար, նոյնիսկ Լիբանանէն ժամանողները, բայց, հայրենական մթնոլորտը եւ բարձրագոյն ուսմանց տիրապետելու տենչը, բոլորը մէկացուցած ու նոյնացուցած էր, յետ շրջանաւարտութեան այդ ջերմ կապերը կանգուն պահելով։

 

Հանրակացարանի մեր սենեակի «դրացի»ներէն մէկուն բնակիչները մեզի համար հետաքրքրութիւն արթնցնող էին, որովհետեւ մեզմէ տարիքով մեծ էին եւ պատկառելի տպաւորութիւն կը ձգէին։

 

Շուտով իմացանք, որ անոնք կը կոչուէին ԲԻՒԶԱՆԴ ՄԻՆԱՍԵԱՆ (բանասիրականի ուսանող), իսկ միւսը՝ ԱՐՍԷՆ ՍԱՅԵԱՆ (երաժշտանոցի ուսանող), երկուքն ալ հալէպահայ (թէեւ Արսէնը հաստատուած ըլլալով Ամերիկա, անկէ փոխադրուած էր Հայաստան)։

 

Առաջին իսկ հանդիպումով ու ծանօթութեամբ, մենք՝ Յակոբ Աւետիքեան, Պարոյր Աղպաշեան, Բարսեղ Թիւթիւնճեան եւ, ապա, Երուանդ Մելքոնեան (որ յետագային Լիբանանի մէջ արտակարգ ու լիազօր դեսպան նշանակուեցաւ), արդէն դարձանք հարազատներ ու ծանօթներ, երէցի եւ կրտսերի, կրտսերի եւ երէցի մտերմութեամբ։

 

Արսէնը, իր վայելուչ հագուածքով, հաղորդական ժպիտով, հարթուած մազասանտրուածքով, սահուն հայախօսութեամբ, պատկերաւոր ոճով եւ յաճախ երգիծախառն արտայայտութիւններով, անմիջապէս գրաւեց մեզ, իսկ ինք՝ առանց այլայլումի միշտ մեր կողքին էր, երբեմն մեզ յորդորելով ու կորովելով մեր ինքնութեան մէջ մնալու միշտ հաստատուն ու հայրենիքին զօրակից։

 

Բոլորէս սիրուած Արսէնը,– իսկ մենք շա՜տ էինք,– եղաւ ինքնատիպ ներկայութիւն մը հանրակացարանային կեանքին մէջ, իր պերճախօսութեամբ, կատակախօսութեամբ ու զրուցավարութեամբ, յատկապէս երեկոյեան հանգիստի ժամերուն, երբ ամէն ոք իր «տան» մէջ էր։

 

Հանրակացարանը «կը բոցավառուէր» այն ժամանակ, երբ կը լսուէր Արսէնին հմայիչ ձայնը ու տպաւորիչ ներկայութիւնը, մանաւանդ երբ բարձր տրամադրութեան մէջ կ’ըլլար եւ իր սիրած բառապաշարով կը գոռար.

 

ԶԻՐԱՐ ՀԱՍԿՆԱՆՔ… ՄԻ ՐՈՊԷ… ԿԵՑՑԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ։

 

Ո՞վ չէր մասնակցեր «Արսէնեան խնճոյք»ին, որ այնքան բուխ ու վարակիչ էր, անկեղծ եւ անմիջական, մեզ ոգեւորելով ու խրախուսելով, իր հայրենական խօսքերով եւ երաժշտական գոյներով։

 

Գիտէր իր սահմանները եւ երեկոն աշխուժացնելու չափը, որմէ ետք կը քաշուէր իր սենեակը, մեզի թելադրելով մեր դասերուն փարիլ, խոստանալով վաղը կամ միւս օրը, դարձեալ հանդիպելու «մի րոպէ»ի համակեցութեամբ։

 

Արսէնը, բացառիկ լրջութեամբ ու բծախնդրութեամբ, երաժշտանոց յաճախող էր (հանրակացարանին մօտակայքը), իր սորվածն ու գիտելիքները կատարելագործելով իր «ներփակեալ պատ»երուն մէջ, ապա, յաճախելով տարաբնոյթ երաժշտական ելոյթներ,– հուսկ՝ հանրակացարային իր օճախին մէջ վայելելու իր ընկերական ու բարեկամական հանդիպումները։

 

Մենք՝ զինք ամէնէն աւելի մօտ գտնուողները, սիրողները, մտերիմները, «ՄԻ ՐՈՊԷ»ի կարգախօսով, կը քննարկէինք հայրենական ու սփիւռքեան բազմաթիւ հարցեր, այնքանով որքանով մեր «խելք»ը կը հասնէր, Արսէնին (նաեւ Բիւզանդին) խոհեմ ու հաւասարակշիռ թելադրութիւններով, հետեւելու մեր ուսումնառութեանց դասընթացքներուն, առանց երթալու անհարկի չափազանցութիւններու…։

 

Եւ այսպէս՝ համալսարանական-հանրակացարանային տարիները սահեցան եւ անցան, մինչեւ որ, օր մը, Արսէնը գնաց իր ճամբով՝ Ամերիկա, որմէ ետք ոչ մէկ լուր իրմէ, սակայն, միշտ մեր յիշողութեան մէջ էր ան, իր նկարագիրով, պերճախօսութեամբ, սրտամօտիկութեամբ ու խանդավառութեամբ մնալով մեր Արսէնը, իր «ՄԻ ՐՈՊԷ»ի զրնգուն կարգախօսով։

 

Ժամանակ մը ետք, իմացանք, որ Արսէնը, Ամերիկայի մէջ ստեղծած է «Քնար» երգչախումբը, որ շուտով դարձած էր երաժշտական-կատարողական հսկայ ուժ մը, իր շուրջ համախմբելով մեծ թիւով երաժշտական ուժեր (գործող եւ երգող), մեզի պատճառելով մեծ ուրախութիւն ու հպարտութիւն։

 

Աւելի ուշ, երբ իմացաւ, որ մենք ալ մեր հերթին, մեր մասնագիտութեան գծով, ազգային ծառայութեան մէջն ենք, իր անսահման գոհունակութիւնը յայտնած էր, մինչեւ որ, օր մը, 1970-ական թուականներուն սկիզբը, Արսէնը Պէյրութ ժամանեց եւ մենք՝ Օհան Պոտրումեան-Պարոյր Աղպաշեան զոյգերով, պատմական օր մը անցուցինք, վերյիշելով… ամբողջ կեանք մը հայրենական մեր առօրեայէն։

 

Այնուհետեւ, իմ «Զարթօնք»եան խմբագրութեանս շրջանին, գրեթէ մնայուն կապի մէջ էի Արսէնին հետ, որ միշտ թղթակցութիւններով ու գրութիւններով զիս տեղեակ կը պահէր իր երաժշտական արուեստի եռուն եւ արդիւնաշատ գործունէութիւններէն, որոնք պատիւ կը բերէին իրեն, իր երաժշտական շրջանակին ու հայ ժողովուրդին, որոնց լայնօրէն եւ ընդհուպ տեղ կու տայի։

 

Արսէնը, իր գեղատիպ ու հայադրոշմ ձեռագիրով, նաեւ՝ իր կառուցողական ու շինիչ խորհրդածութիւններով, իրեն յատուկ մօտեցումով ու ներկայացումով, իր ազգային-երաժշտական աշխարհը ստեղծեց, տարածեց ու հիմնաւորեց, փոխանցեց ու տպաւորեց, որովհետեւ, ան համոզուած էր, որ իր կոչումը ա՛յդ էր, իր առաքելութիւնը ա՛յդ էր, իր ամբողջականութիւնը ա՛յդ էր։

 

Ե՛ս՝ միշտ այրող կարօտով եւ անհամբեր սպասողականութեամբ, ոչ միայն կը հետեւէի սիրելի Արսէնին արձանագրած յաջողութիւններուն եւ վերընթաց իրագործումներուն, այլեւ՝ կ’ապրէի զանոնք, այն հեռանկարով ու վճռակամութեամբ, որ ան է ու կը մնայ հայ երաժշտութեան նորօրեայ ջահակիրներէն մէկը։

 

Եւ իրաւա՛մբ, Արսէնը հաստատեց եւ ապացուցեց, որ ինք մնաց իր երաժշտական ներաշխարհին լաւագոյն արտայայտիչներէն ու կիրարկողներէն մէկը, իր մասնագիտական եւ երաժշտական թռիչքներով եւ յղացքներով։

 

Հայրենի պատկան երաժշտական պատասխանատուներուն համար, ուր Արսէնը անցուցած էր իր երաժշտական մկրտութիւնը եւ արդարացուցած իր բազմաշնորհ կարողութիւնները, բաւարար երաշխիքներ էին, որ ան ներհուն արուեստագէտ մըն է ու կը մնայ երգարուեստի եւ երգաշխարհի պատմութեան մէջ, յիշարժան երաժշտագէտ-խմբավարի անուանիութեամբ։

 

***

Արսէն Սայեանի երգարուեստ-խմբավարին, եւ այդ մարզերէն ներս անոր արձանագրած նուաճումներուն, ունեցած դերակատարութիւններուն, բերած նպաստներուն մասին, մասնագէտներ պէտք է տան իրենց հեղինակաւոր վկայութիւնները, համապատասխան գնահատականներով, որովհետեւ՝ ան ամբողջովին արժանի էր անոնց։

 

Հալէպէն, Ամերիկայէն, Հայաստանէն մինչեւ այլ բեւեռներու վրայ «ճախրող» Արսէնը, ոչ միայն յաղթահարեց անցարգելները, այլեւ՝ դիմագրաւեց զանոնք, հասնելով իր արուեստի ճամբով, բարձրագոյն դիրքերու ու բարձունքներու։

 

Արսէնը, այս աշխարհէն միւս աշխարհը անցաւ, բայց, ինք եւ իր արուեստը չկորսուեցան, չմոռցուեցան, այլ մնացին մեր տեսադաշտին մէջ, Արսէնական ինքնութեամբ, զօրութեամբ ու հմայչութեամբ, ու մի՛շտ՝

«ՄԻ ՐՈՊԷ»ի հնչեղութեամբ։

 

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Պէյրութ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ